Այսօր, նորէն, դէմքիդ վերայ գիշեր է կաթել,Շանթ ու կայծակ ճայթելէն.Սըրտիդ խորէն արիւն կ’եռայ՝ ամպեր են պատել,Հուր ու փայլակ սայթելէն։
Սըրտով բարի,Հոգիդ արի՛Որ քու նաւըՉը շըւարի՛:
Կեանքի կըռիւ՝ ճիշտ դատելով՝Կանաչ, խըռիւ միշտ զատելով։
Դէպի առա՛ջ.Հեռի հառաչ։