Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Կոմիտաս

Աստուած Իմ

Սիրոյ սերմը զատեցիր,
Հըրոյ ջերմը պատեցիր․
Հողին շունչըդ փըչելով՝
Հոգի կեանքդ կաթեցիր։

Եւ Արեւդ լուսին մարմնէս մաղեցաւ,
Եւ իմ հոգին Հոգուդ ցօղով շաղեցաւ,
Իմ սըրտիկի սէրն ու բոցը, սիրոյ խոցը՝
Ամպերի մէջ, որպէս կայծակ սահեցաւ