Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Կոմիտաս

Գարուն

Հալուն-հալուն,
Սարին, ձորին խօսելէն,
Երես-երես,
Քարէն, հողէն հոսելէն՝
Գարուն իջաւ մըխալով,
Առուն շիջաւ ծըխալով։

Բաղիկ տեսայ՝
Լուսին-ցօղին՝
Լողիկ-լողիկ արբելէն՝
Կանաչ տափերուն։

Առուն փեսայ՝
Հողի գոգին՝
Դողիկ-դողիկ տարփելէն՝
Ծաղիկն ափերուն։

Հալուն-հալուն,
Ծառի, ծաղկի հոտերով,
Երեր-երեր,
Ծովի ցամքի մօտերով՝
Առուն ուռաւ՝ վերացաւ,
Բուր ու առ գարուն հեռացաւ։