Սիրոյ շողքերը
Երգը յուշքին
Սըրտիս խորէն
Կուլայ ուժգին
Վհատօրէն։
Ու տրտմագին
Սէրըս նո՜րէն
Կը ծնի ցաւին
Խարոյկներէն։
Ու կուզեմ լա՜լ
Մոխիրներուն
Վրայ Սիրոյս,
Որպէսզի ա՜լ
Շողքերն հետին
Չկայծկըլտին…
Երգը յուշքին
Սըրտիս խորէն
Կուլայ ուժգին
Վհատօրէն։
Ու տրտմագին
Սէրըս նո՜րէն
Կը ծնի ցաւին
Խարոյկներէն։
Ու կուզեմ լա՜լ
Մոխիրներուն
Վրայ Սիրոյս,
Որպէսզի ա՜լ
Շողքերն հետին
Չկայծկըլտին…