Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Զահրատ

Գագիկ ՃԺԲ․

Պաշտօնական ու տօնական
Ցնցոտիներով զգեստաւորեալ
Գագիկ ՃԺԲ․
Բարեխնամ Արքայն
Հայոց Աշխարհի
Իր հաւատարիմ
Շանը հետ
Շան զʼԷլիզէէն կʼանցնի
Թէպէտ լուռ է Գագիկ Արքայից Արքան
Կը տանի անձայն
Ծանր լուծը կեանքին
Շունը սակայն
Որ քանի օր է անօթի է այնքան
Կը կաղկանձէ
Տրտմաձայն
Եւ ախորժակով անսահման
Կը լափէ շուքը Գագիկ ՃԺԲ․
Բազումողորմ
Որ կորուսած առ յաւէտ
Շուքն իր տօնական
Ու պաշտօնական
Գլուխը վեր բռնած
Շան զʼԷլիզէէն
Կʼանցնի հպարտօրէն
Անծանօթ
Անշուք