Բարի երկինք
Այդպէս կʼուզես քանի որ ըսաւ այդպէս թող ըլլայ
Ըսի կեցուածք չունի՞ս դուն
Զարմացաւ Կեցուածքն ի՞նչ է
Ես պառկուածք ունիմ լոկ
Պուտ մը երկինք որ գտնեմ
Տակը կʼանցնիմ կը պառկիմ
Կʼերազեմ երկինքիս չափ
Ի՞նչ ըսէի ես իրեն
Բարի երկինք մաղթեցի