Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Զահրատ

Պատմութեան դաս մը

Զահրատ Ա․ իշխան մեծազօր
Արքայ հիմնադիր զահրատեան տոհմին
Որ սուրով թուրով գահը բարձրացաւ
Չնայած որբին այրիին լացին
Ու Զահրատ Բ․ յաջորդն արժանի
Իր հօր անոր պէս քաջ արիւնարբու
Տարածեց անունն իր վեհ Նշանին
Երկիրներ անգին գերեց անթիւ ազգ

Գունդ գունդ կոյս աղջիկ բերաւ իրեն հետ
Մէկ մէկ անոնց հետ պառկեցաւ որդին
Զահրատ Գ․ Մեծ կոչուած իրաւամբ
Մեծ որովհետեւ երկու տարուան մէջ
Բովանդակ երկիրն էգերուն բաշխեց
Այնպէս որ զերդ գահ Զահրատ Գ֊ին
Ոզորէ շիուած աթոռ մը մնաց
Չեմ գիտեր քանի Զահրատ այն օրէն
Այդ գահին վրայ նստան ու գացին
Իսկ ես այդ տոհմէն Զահրատը վերջին
Ոչ թագը տեսած ոչ գահն իմ պապին
Եկեր եմ կʼերթամ այսպէս որու ինչ