Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Միսաք Մեծարենց

Վայրկեան

Թոյլ շրշիւն մը, յետոյ բոյր մը մշկենի։
եւ յամրագին գիրքը ձեռքէս կ'իյնայ վար.
երազներու պերճուհին է որ կ'անցնի,
ու կը փոթի ծովակն հոգւոյս մեղմավար։

Ու կը փոթի ծովակն հոգւոյս մեղմավար։
եւ ալիք մը թեւը բացած կը վազէ
գրկել ափունքն իղձիս ոսկի աւազէ։

Ո՜վ քաղցրութիւնը նայուածքին իր ծաղիկ.
ո՜վ պերճութիւնը գընացքին իր հպարտ.
ճամբուն վըրայ՝ իր քայլերուն հետքը վարդ՝
ուր հեշտօրէն կը յածի դեռ իմ մենիկ

սիրտըս՝ բո՜ց մը՝ մըթնշաղին մէջ անհետ...։