Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Հակոբ Պարոնյան

Խիկար

ԵՐԿՈՒ ՏՈՂ

Առաջին անգամն չէ, որ պատիւ կ'ունենամ երեւալու ասպարէզին վրայ որուն քառասուն անգամ ողջոյն եւ նոյնքան հրաժեշտ տուած եմ , ուստի աւելորդ կը համարիմ վերստին յայտնել աստ այն ուղղութիւնն եւ ընթացքն, որուն հետեւած եմ ցարդ եւ զօր լքանելու զօրաւոր պատճառ մը չունիմ, որովհետեւ ողջմտութիւնն, անկեղծութիւնն եւ անաչառ դատաստանն տակաւին չեմ գտներ ես այնքան զզուելի եւ այնքան գարշելի, որքան կը կարծուի խմբագրաց եւ գրագիտաց ոմանց։

Բնական է, որ այս ընթացքն հաճոյ չթուի անոնց, որ սորված են շաբաթը մի անգամ մինչեւ ամպերը բարձրանալ մարդահաճութեան փուքով, անոնց, որ միտք չունին եւ կը փափաքին, որ հանճար կարծուին, անոնց, որ ամէն խնդրոց մէջ անձնական շահու առաջնորդութեամբ կը մտնեն եւ կը պնդեն, որ անշահասէր կոչուին, անոնց որ փոքր են եւ մեծ կը զգան իրենք զիրենք, եւ վերջապէս ամէն անոնց, որ կը զայրանան, երբ իրենց որեւէ մի գործն իւր իրական արժէքով գնահատուի։ Այս ամէնն քաջ գիտեմք, բայց չեմք կարող հինգ դահեկանի գնել ոչ ալ վաճառել այն գործն, որուն արժէքն է մէկ դահեկան։ Հրապարակախօս մը պարտաւոր է, ըստ մեզ, իւր կարծեացը հետ այնպէս վարուիլ, ինչպէս իւր դրամին հետ, այսինքն տնտեսագիտական սկզբանց համաձայն, որպէսզի չսնանկանայ բարոյապէս։

Ապաքէն Խիկար նուազ ընթերցողներ պիտի ունենայ, ըստ որում սակաւք զերծ են այն թերութիւններէ, զոր յիշեցինք վերը, եւ մենք պիտի ստիպուինք մեր սակաւաթիւ ընթերցողաց հետ խօսելու բարոյական, գրական զեղծմանց եւ երբեմն ալ գիտական խնդրոց վրայ։

Այս հաշուով կը կարօտիմք ուրեմն ողջմտութեան եւ անկեղծութեան կուսակից ազգայնոց քաջալերութեան, որով միայն պիտի կարողանամք շարունակել հանդիսիս հրատարակութիւնն. եւ անշուշտ կը ներուի մեզ կարծել, թէ երգիծական ամսեայ հանդէս մը պահելու չափ ողջամիտ եւ անկեղծ ազգայինք կը գտնուին դեռ ազգիս մէջ։

Ա
ՊՃՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Առ տիկին Ք……

Անցեալ գիշեր կանանց պճնասիրութեան մասին իմ ըրած ինչ֊ինչ անմեղ եւ անկեղծ դիտողութեանց ձեր կողմէն, մանաւանդ իմ մեկնելէս յետոյ, չար դիտում վերագրուիլն չափազանց վշտացուց զիս, տիկին։ Բնաւ չէի յուսար, տիկին, ձեր անձին վրայ գտնել թարգման մ՚որ այնքան սխալ մեկնէ սրտիս զգացումները։ Սովորութեանս համաձայն թէեւ պարտաւոր էի անպատասխանի թողուլ ձեր խօսքերն, որ կարեվէր խոցեցին սիրտս, բայց որովհետեւ խնդիրն լոկ անձնական չէ, պատշաճ դատեցի երկու տող պատասխան մը գրել ձեզ, վստահ լինելով, թէ բոլորովին ապարդիւն չմնար այն եւ թէ կրնաք դուք եւ ուրիշ կիներ եւ աղջիկներ օգտուիլ անկէ։

Տիկին, ըստ ձեզ, ես պարզամոլ եմ եղեր, գեղեցկին վրայ բնաւ գաղափար չունիմ եղեր, կը փափաքիմ եղեր, որ կանայք Նոյ նահապետին ժամանակին զգեստներն հագնին. կանանց անհաշտ թշնամին եմ եղեր եւ չեմ ուզեր եղեր, որ անոնք գեղեցկութեամբ էրիկ մարդոց ուշադրութիւնն գրաւեն, չեմ սիրեր եղեր կիներն. կիներն ալ զիս չեն սիրեր եղեր. այն գիշեր կիներէն եւ աղջիկներէն եւ ոչ մին իմ քովս չնստելուն պատճառաւ է եղեր, որ կանանց հագուստներն խածներ եմ եղեր, բարձր ընկերութեանց մէջ մտնելու արժանի չեմ եղեր, գիւղ մը քաշուելու եւ գեղջկական կեանք վարելու համար ծնած եմ եղեր, կանանց հետ վարուելու օրինաց դէմ ըմբոստ եմ եղեր, կ'ուզեմ եղեր, որ բոլոր կանայք իրենց գլուխն ի վայր ալիւրի պարկ մ՚անցուցնեն իբրեւ շրջազգեստ, երբեմն երբեմն կիներն խածնելէ հաճոյք կը զգամ եղեր, յանուն բարոյախօսութեան կանանց դէմ անիրաւ յարձակումներ կ'ընեմ եղեր, բարոյախօս լինելէ շատ հեռու եմ եղեր, կիներուն գործոց խառնուելու իրաւունք չունիմ եղեր… ո՞ր մէկն յիշեմ… կիներէն երես չգտնելուս համար անոնց ետեւէն ընկեր եմ եղեր եւ այլն եւ այլն եւ այլն, եւ այս բոլոր անվայել խօսքերն արտասանած էք ի ներկայութեան երեսուն կանանց եւ ի բացակայութեան այս նամակն գրողին։

Կիները չե՜մ սիրե՜ր եղե՜ր… այսպիսի անլուր հայհոյութիւն մ՚առաջին անգամ է, որ կը լսեմ աշխարհիս վրայ։ Եթէ ներողամիտ չլինէի, տիկին, դատ կը բանայի ձեզի դէմ եւ անհերքելի եւ հզօր փաստերով ապացուցանելէն յետոյ, թէ կը սիրեմ կիները, քանի մ՚ոսկւոյ տուգանաց դատապարտել կու տայի զձեզ։ Բայց առանց կրօնաւոր լինելու, ներողամիտ գոլով կը հրաժարիմ այդպիսի խեղճ միջոցներու դիմելէ, մանաւանդ ի վնաս կնոջ մ՚որ քիչ մը խենթ է եւ բարկութեան միջոցին հաճեր է նախատել զիս։ Աղօթք ըրէք դարձեալ, տիկին, որ աշխարհականի մը հետ է ձեր գործն, եթէ իմ տեղս կուսակրօն մը լինէր, ձուն կը բերէր ձեր գլխուն այդ մէկ զրպարտութեանդ համար։

Բայց ինչո՞ւ չսիրեմ կիներն, ինչո՞ւ կիներն չսիրեն զիս, միթէ անոնց աղէկութեանը համար չէ՞, որ սիրտ, միտք եւ հոգի կը մաշեցնեմ այսքան տարիներէ ի վեր, միթէ անոնց բռնած ընթացքին վրայ խորհելուս համար չէ՞, որ շատ գիշերներ կը տքնիմ։ Աւա՜ղ, այսքան աշխատութեանցս եւ խնամոցս ի վարձատրութիւն թշնամանք պիտի ընդունիմ եղեր…

Տիկին, ներեցէք ինձ ըսել, թէ դուք իմ միտքս չէք հասկցեր, ուստի թոյլ տուէք, որ հասկցնեմ։

Շինծու գեղեցկութենէ զզուիլն գեղեցիկն սիրել ու պաշտել է։ Ես մահու չափ թշնամի եմ կեղծ գեղեցկութեան, որով փայլիլ կ'ուզէ ձեր Ազնւութիւնը։ Անշուշտ տարբեր եղանակաւ պիտի վարուէիք հետս, եթէ նոյն գիշեր ձեր քովն նստէի եւ պաշտէի զձեզ ըսելով. «Ո՞րքան գեղեցիկ էք, տիկին… ի՜նչ սեւ մազեր, մարգրիտի պէս ակռաներ եւ վարդագեղ դէմք ունիք»։ Կ՚ընդունիմ, թէ այս խօսքերն չըսի ձեզ, բայց դուք ալ ընդունեցէք, թէ ներկուած են ձեր մազերը, շինծու են ձեր ակռաներն, եւ որդան ծիրանիով ծեփուած է ձեր դէմքը։ Դուք, տիկին պարտաւոր էք, ձեր ճերմակ մազերով, թափուած ակռաներով եւ թոռմած երեսներով ներկայանալ ընկերութեանց, եթէ կ'ուզէք կոկիկ, գեղեցիկ եւ սիրուն երեւալ։ Բնական տգեղութիւնն արուեստակեալ գեղեցկութիւնէ աւելի, շատ աւելի գեղեցիկ է։ Տգեղութիւն մը ծածկուելով չանհետիր, ընդհակառակն` անոր, որ ներկերու ներքեւ ծածկել կը ջանայ իւր դէմքին ինչ ինչ թերութիւններն, տգեղութիւնն աւելի զգալի կերպով դուրս կու տայ։ Մոռցայ ըսելու, թէ նոյն գիշերը ձեռներուդ տգեղութիւնն ծածկելու համար բնաւ չհանեցիր ձեռնոցներդ, եւ կարծեցիր թերեւս, թէ ոչ ոք նշմարեց այդ կարծեցեալ ճարպկութիւնդ։ Ամէնքն խնդացին քու վրայ, ես միայն ցաւեցայ տեսնելով, թէ ծաղու նշաւակ կ'ըլլայ վաթսուն տարեկան կին մ՚որ պատկառանք ազդելու դիւրութիւններ ունի։ Այս տողերն կարդացած ատենդ պիտի սրդողիս, գիտեմ, եւ պիտի ըսէ. «Ինչո՞ւ վրաս պիտի խնդան, ի՞նչ ունէի ծիծաղ շարժելու, միթէ քիչ մը աւելի գեղեցիկ ըլլալու փափաքն յանցա՞նք է կնոջ մը»։ Գեղեցիկ ըլլալու ջանքով տգեղնալն յանցանք է, տիկին, եւ դուք տգեղցեր էիք նոյն գիշերն։ Ծեր կամ տգեղ կնոջ մը չափազանց զարդն, կ՚ըսէ օրիորդ տը Սոմերի, կ՚իմացնէ, թէ այդ կինն թէ տգեղութեան զրկանաց եւ թէ ծերութեան աւերանաց վերայ կը բարդէ նաեւ խենթութեան այլանդակութիւններն։ Օր. տը Սոմերին եւ դուք էք խենթ, պիտի պոռաս, սակայն, եթէ պաղ արեամբ խորհիս, պիտի տեսնես, որ խենթը դուն ես։ Ինչո՞ւ չպիտի զարդարուիմ եղեր, միթէ երեսուն եւ ինն տարեկան ըլլալով աշխարհիս զուարճութիւններէն եւ վայելքներէն ձե՞ռք քաշելու պարտաւոր եմ. ինչո՞ւ ինձի յարմար ամուսին մը գտնելու չաշխատիմ, երեսունն անցած կիներուն ոտքը քար մը կապելով ծո՞վ նետելու է զանոնք։ Ներէ, որ խնդամ այս հարցումներուդ վրայ, տիկին։ Են կիներ, կ՚ըսէ Րոշպրիւն, որոց անհրաժեշտ է զարդն. անոնք այն միսերու պէս են, որ շատկեկ համեմուելու կարօտ են ախորժակ բանալու համար։ Սակայն դուք ախորժակ գոցելու չափ համեմուած էիք։ Լռէ՛, անպիտան, պապանձէ՛, անառակ, կը վայլէ՞ բարոյախօսի մը կնկան մը հետ այսպէս վարուիլ… ախորժակ կը գոցեմ եղեր… կնկան մը ըսուելու խօ՞սք է ասիկա։ Մի՛ սրդողիր, կ'աղաչեմ, խնդիրն անձնականի տեսութեամբ մի՛ դիտեր, ազգային տեսակէտով քննէ՛, եւ պիտի համոզուիս, թէ որքան իրաւունք ունիմ այսպէս խօսելու։ Դուն, տիկին, այդ անվայել վարմունքովդ չար օրինակ կու տաս նորատի աղջկանց եւ կանանց, դու եւ քեզի նման տիկիններն են, որ պիտի առաջնորդեն նոր սերունդին պարզասիրութեան մէջ, եւ եթէ դուն եւ քեզի նման տիկիններն այսպէս խենթութեամբ վարուին, նորատիներն շղթայով կապել հարկ կ'ըլլայ։ Ա՛հ, տիկին, եթէ պճնասիրութեան վնասներն միմիայն այլոց ծիծաղն շարժելու մէջ կայանային, ձանձրութիւն չէի առնէ այս նամակն քեզի գրելու, բայց պճնասիրութեան գործած վնասներն, նախճիրներն այնքան դժնդակ եւ այնքան շատ են, որ ինձի պէս մարդ մը կամ ուրիշներու պէս մարդ մը չկրնար զանոնք ի լուր աշխարհի չհրատարակել եւ անոնց դարմանն չխորհիլ։

Դուն ես միայն այս վնասներն ու նախճիրներն տեսնող, քեզմէ ուրիշ մարդ չտեսներ զանոնք. եւ ի՞նչ վնասներ կրնայ պատճառել պճնասիրութիւնն, որ բոլոր քաղաքակիրթ ազգերէ ընդունուած է։ Ի՞նչ ըրած ունի պճնասիրութիւնն, առաջնո՞րդ փոխած է, Կեդրոնական վարժարանի բացման դէմ արգելքնե՞ր յարուցած է, կրօնաւորի մօրուքէ՞ն քաշեր է, յանուն անձնանուիրութեան աղքատին ստակն կոկո՞րդն անցուցած է… Մի՛ յուզուիր, տիկին, համառօտիւ պիտի պատմեմ քեզ այս ախտին վնասներն եւ դուն ալ պիտի համոզուիս ինձ, եւ իմ վրայ ունեցած սխալ կարծիքդ պիտի ուղղես։

Ամէնէն սիրելի բարեկամներէս մին, որոյ հետ երկու տարին հազիւ մի անգամ կը տեսնուիմ որովհետեւ կը վախնամ, որ յաճախ տեսակցութիւնն մեր սէրն կը պաղեցնէ օր մը տունը հրաւիրեց թանգարանն ցոյց տալու համար։ Ընդունեցի հրաւէրն եւ գնացի զինքն տեսնելու, որ սենեակի մը մէջ առանձնացած Սողոմոն իմաստունը կը կարդար։ Զիս տեսնելուն պէս ոտք ելաւ եւ բազմոցին անկիւնն հրամցուց զիս։ Շնորհակալութեամբ նստեցայ ինձ ցոյց տրուած տեղն։ Բարեկամս Սողոմոն իմաստունին կենաց վրայ քանի մը վայրկեան խօսելէն ետքը ըսաւ. «Խահուէդ խմէ, եւ յետոյ երթանք գրատունս տեսնելու»։ Շատ աղէկ, պատասխանեցի։ Փլորա՛, Փլորա՛, կանչեց։ Ի՞նչ կ'ուզես հայր, հարցուց աղջիկն վերէն։ Խահուէ մը բեր։ Սպասէ՛ քիչ մը, հագուիմ կոր։ Բարեկամիս երեսին գոյնը շրջեցաւ, բայց համբերող մարդ լինելով ծածկել ուզեց իւր այլայլութիւնն եւ «աղջիկս դեռ չէ հագուեր» ըսելով` սկսաւ կինը կանչել. Ռոզա՛, Ռոզա՛։ Ինչո՞ւ կը պոռաս, մարդ, թող չես տար, որ շապիկ մը փոխեմ, պատասխանեց Ռոզան, որ աղջկան պէս չէր գիտեր, թէ հիւր մը կը գտնուէր վարը։ Բարեկամս այս երկրորդ պատասխանին վրայ քիչ մ՚աւելի կարմրեցաւ։ Իւր կարմրութիւնն բարեխառնելու համար փութացի յայտնել, թէ յանցանքն իմս էր, թէ շատ կանուխ եկած էի (կէս օրէն մէկ ժամ ետքը)։ Բարեկամս դուրս ելնել ուզեց, կամ իւր կնոջն ու աղջկանն իմացնելու համար, թէ վարը հիւր կար, եւ կամ խահուէին առաքումը փութացնելու համար։ Խելացի ըլլալով` անմիջապէս կռահեցի զայս եւ թոյլ չտուի, որ դուրս ելնէ. Խահուէի սիրահարներէն չեմ, ըսի, կ'աղաչեմ, որ աշխատութիւն չառնէք դուրս ելնելու։ Նստեցաւ։ Քանի մը վայրկենէն ետք նորէն պոռաց. Փլորա՛, տակաւին չհագուեցա՞ր։ Մազերս կը սանտրեմ կոր։ Ռոզա, չպատրաստուեցա՛ր դեռ։ Խօսք մը փախցնել պիտի տայիր բերնէս, որ… Տէր ողորմեա. աս ի՛նչ տեսակ մարդ է, թող չտար, որ հագուիմ։ Տիկիններն եւ օրիորդներն քիչ մը ծանր կը զգեստաւորուին, կը խնդրեմ, որ չնեղանաք, ես օտար չեմ գրեթէ ես ալ ձեր եղբայրն եմ, ըսի։ Շնորհակալ եմ, պատասխանեց բարեկամս։ Այլ եւ այլ նիւթերու վրայ խօսք եղաւ, կէս ժամ անցաւ եւ բարեկամս սկսաւ դարձեալ կանչել (Ռոզան եւ Փլորան։ Ռոզա, խահուէն ո՞ւր է։ Գուլպաներս կը հագնիմ կոր, հիմա կու գամ։ Փլորա, ո՞ւր ես։ Ֆորքեդաներս կը դնեմ կոր։ Կանանց վրայ խօսք բացուեց եւ մէկ ժամ տեւեց։ Բարեկամս, որ սոյն խօսակցութեան միջոցին քանի մ՚անգամներ նորէն պոռացած էր, որ խահուէ բերեն, աւելի բարձր ձայնով աղաղակեց. Փլորա, ինչո՞ւ չես բերեր խահուէն։ Լաւանտա կը քսուիմ կոր։ Վրայէն մէկուկէս ժամ ալ անցաւ եւ այս միջոցին առնուած պատասխաններն հետեւեալներն էին. Մազերս կը ժողվեմ կոր, հիմա կու գամ, կօշիկներս կը հագնիմ կոր, լմնցաւ, քորսէս կը սեղմեմ կոր, օղերս կը դնեմ կոր, պիտի գամ, շրջազգեստս կը շտկեմ կոր եւ ասոնց նման հազարաւոր պատասխաններ։ Վերջապէս երեք ժամէն յետոյ բարեհաճեցան վար իջնալ, եւ օրիորդն ներումն խնդրելէն ետքը, թէ քանի մը վայրկեան ուշացուցեր են խահուէս բերելու, դուրս ելաւ ինձ խահուէ եփելու համար։ Տիկինն վեր ելաւ նորէն, կարծեմ շտկելու համար ճակտին վրայ ցցուած քանի մը թել մազերն, ուր կը տանէր միշտ իւր ձեռքը մեր քովը գտնուած միջոցին։ Օրիորդն, որ խահուէն պատրաստելու խոստմամբ ելած էր սենեակէն, դարձեալ իւր հայելւոյն առջին է, որովհետեւ երբ բարեկամս կանչեց զինքն, պատասխան տուաւ, թէ քորսէին կապը բրդած է եւ զայն վերակարելու զբաղուած է։ Հուսկ ուրեմն, եւ հակառակ թախանձանացս, բարեկամս գնաց խահուէ եփելու։ Սենեակէն դուրս ելաւ եւ քանի մը վայրկենէ մտնելով` ակամայ ծիծաղով մը ըսաւ. Ոչ խահուէ ունինք եւ ոչ շաքար, մոռցած են ինձ ըսել, որ գնէի։ Արդէն սովորութիւն չունիմ, ըսի, խահուէ խմելու, հանգիստ եղէք. երթանք գրադարանն աչքէ անցունելու։

Մեր գտնուած սենեակէն մեկնեցանք դէպի գրադարանն, որ հինգերորդ դստիկոնին վրայ մեծ սենեակի մը մէջ կը գտնուէր։ Որքան նոր բաներ տեսայ այս ճամբորդութեան մէջ… ասդին կը տեսնես գուլպայ մը ձգուած, անդին երկու շապիկ, քիչ մ՚անդին վարտիքներ, քանի մը քայլ ասդին կաթսայ մը դրուած լուացուելու համար, հոս գլխարկ մը, հոն կօշիկներ, ասդին հովանոց մը, անդին լաւանտայի պարապ շիշեր, քիչ մը հեռու հացի փշրանքներ, սանդուխին աստիճաններուն վրայ հում ոսկորներ, որոնց միսն կատուներն կերած են, ասդին մուկ մը սատկած, անոր քով բուտրայի տուփ մը ձգուած։ Եւ ահա այս բաները տեսնելով հասանք գրատունն, ուր մէկ ժամու չափ մնալէն ետքը ինքզինքս դուրս նետեցի այս տունէն, ուր մազ մնաց պիտի ճաթէի։

Դուն, տիկին, պիտի ըսես հիմա, թէ կը չափազանցեմ իրերն, բայց սպասէ վախճանին, որ համոզուիս։

Այս ճամբորդութենէ գրեթէ երկու շաբաթ վերջն այս աղջիկն նշանուեցաւ եւ երկու ամսէն ետքը կարգուեցաւ։ Կար եւ կարողութիւն մաղթեցի այս կնոջ առն եւ մտադիր եղայ իրաց, տեսնելու համար, թէ խեղճ էրիկն ինչպէս պիտի տանի այս բեռն։ Հարսնիքէն երեք շաբաթ յետոյ լսեցի, թէ այրն ճամբեր է կնիկն, որ իւր մօրը քով կը գտնուի այժմ։ Հայրն կու լայ, կ'ողբայ, կը կոծի եւ ամօթէն չկրնար տունէն դուրս ելնել։ Իւր աղջիկն ամէնուն բերանն է, կանայք` որոնց օրակարգն է այս խնդիրն, իրենց ուզածին պէս կը մեկնեն այս բաժանումն. ինչպէս կ'ըսեն, մէկը վար կը քաշէ, միւսը վեր, մէկն ասդին, միւսն անդին։ Մայրն հայելիէն աւելցած ժամերն կը զոհէ թաղը պտտելու եւ թաղեցիներն համոզելու, թէ փեսան դրամօժիտ ուզեր է եւ չտրուելուն համար վռնտեր է կինն, թէ փեսան գէշ մարդ է եղեր, կոպիտ է եղեր, աւանակ է եղեր, անանկ թերութիւններ ունի եղեր, որք չեն զրուցուիր եղեր եւ այլն եւ այլն։ Իսկ աղջիկն այժմ ոչ թէ միայն չզարդարուիր, այլ հազիւ թէ կը հագուի. գիշերազգեստովն կը նստի մինչեւ իրիկուն, սենեակի մը մէջ առանձնացած, չկրնար աչքերն վեր վերցնել, ամօթէն չուզեր եւ ոչ մէկուն երեսը նայիլ, ականջներն կը խփէ, զի մի իւր վրայօք խօսք մը լսէ։ Կը հասկնայ, աւաղ, դառն փորձէ մը յետոյ, թէ ինքզինքն գեղեցկացնելու համար միայն ժրաջան աղջիկներն ամէնէն աւելի ծոյլերն են. կը զգայ, թէ այրերն իրենց կնիկէն միայն զարդարանք եւ գեղեցկութիւն չեն պահանջեր, կը համոզուի վերջապէս, թէ արուեստակեալ գեղեցկութիւնը որքան զզուելի կ՚ընէ կինն։

Պատասխան տուր ինձ այժմ, տիկին, ինչ բանի ծառայեց այս աղջկան այսքան զարդարանքն, եթէ ոչ իւր դժբախտութեան` որ պիտի շարունակուի իւր կենաց մինչեւ վերջին օրերը, դառն ցաւ պատճառելով նաեւ իր հօրն, որ դեռ երէկ մեծ յոյսեր ունէր իւր դստեր վրայ։ Քու պատասխանդ գիտեմ, տիկին, աղախինիդ պիտի հրամայես, որ այս նամակն պատռէ, նետէ, ու հայելիդ ու լաւանտադ բերէ քեզի։ Բայց մի՛ աճապարեր, խօսքս չլմնցուցի տակաւին։ Եթէ ասոնք միայն ըլլային պճնասիրութեան վնասներն` բերանս անգամ չէի բանար, ուրիշ հարուածներ ալ ունի ան, եւ անոնց վրայ ալ պիտի խօսիմ։

Լալու տրամադրութիւն չունենալով հանդերձ, չեմ կրնար արտասուքս զսպել այն ողբալի տեսարանին առջեւ, ուր պճնասիրութեան զոհուեցան ընտանեաց հայր մը, զոր ի մօտոյ ճանչնալու պատիւն ունիմ, եւ մայր մ՚որուն անունն միայն լսած եմ։ Այս մարդը բարի էր չեմ կարծեր, որ բարի ըլլայ այսօր, ըստ որում կորուսած է իւր բոլոր ինչքն, որ մեծ բան մը չէր եւ կը ջանար գոհացնել իւր կնոջ, զոր չափազանց կը սիրէր, ամէն պահանջումներն, որքան ալ անհեթեթ եւ այլանդակ ըլլային անոնք։

Այս կինն շատ կը սիրէր եւ կը սիրէ դեռ զարդարանց մէջ լողալ։ Նորաձեւութեան լրագիր մը Լոնդրայէն կ'ընդունէր, երկու հատ Բարիզէն բերել կու տար, հատ մ՚Իտալիայէն, օրինակ մը Գերմանիայէն, երկու թերթ Աւստրիայէն։ Ամէն շաբաթ թարգմանել կու տար այս պատկերազարդ թերթերն եւ անոնց մէջ տեսնուած նոր ձեւերու համեմատ հագուստ շինել կու տար։ Իւր բոլոր ժամերն կը վատնէր անձին չափն տալու դերձակուհեաց. իւր բոլոր խօսակցութիւնն լաթային էր, հագուստներու մէջ սահմանափակուած էր։

Երբ եկեղեցի երթար` Աստուծոյ արքայութիւնն չէր խնդրեր, այլ նորաձեւ շրջազգեստ կը խնդրէր. հագուստի համար մոմ կը վառէր, աղօթագրքին մէջ ալ հագուստի համար աղօթք մ՚աւելցուցած էր գրաբար լեզուով եւ միշտ զայն կը կրկնէր։ Իւր տանն դռներն կը բացուէին եւ կը գոցուէին միայն դերձակուհեաց համար, որք օրը հազար անգամ կու գային չափ եւ փորձ առնելու։ Ամէնէն հարուստ դրամատէրներու եւ վաճառականներու տիկիններուն հետ կը մրցէր, անոնց հետ համազարդ ըլլալ կ'ուզէր։ Խեղճ էրիկն ամէն շաբաթ ոսկիներ կը համրէր դերձակներուն։ Եթէ երբեմն պզտիկ դիտողութիւն մ՚ընէր` կինն կը սկսէր լալ եւ կը ստիպէր էրիկն` ետ առնել իւր դիտողութիւնն։ Եթէ արցունքն չբաւէր` կինն պարզապէս կը խոստովանէր, թէ հին լաթերով պտտելու վարժուած չէր եւ թէ անկարելի էր հագնիլ երկու օրուան հինցած լաթեր. նորաձեւութեան սիրահարներու համար ամէնէն հաստ կտաւով եւ խնամով կարուած հագուստ մ՚օր մը միայն կը դիմանայ, հետեւեալ օրն կը հիննայ, կը պատռի, այնպէս որ այդ հագուստով անհնար է ընկերութեան մէջ մտնել առանց պատշաճից օրինաց դէմ մեղանչելու։ Էրիկն, կամ տան պատիւն պահպանելու նպատակաւ, կամ իւր անճարակութեան պատճառաւ` կնկան հետ համաձայնելու միջոցներ կ'որոնէր եւ գտնելու կը ստիպուէր։ Հասաւ վե՛րջապէս ժամն ուր միջոցներն սպառեցան։ Ընտանեկան գժտութիւնն անոնց դուռն զարկաւ, կամ դուռն բանալու է, կամ այս վնասակար հիւրն վռնտելու է, որովհետեւ դրան առջեւ սպասել տալն շատ վտանգաւոր է։ Խեղճ էրիկն արիւն քրտինք կը թափէ համոզելու համար կինն, թէ լաթերով կործանած է զինքն եւ թէ ժամանակ չունի այլեւս դիմագրաւել լաթերուն… Քանի՜ ահարկու եւ սարսափելի է կանանց լաթեղէն ճակատամարտն… Կինն կը սաստէ էրկանն, ըսելով, թէ կարգուելու չէր, եթէ կարողութիւն չունէր կնկան շրջազգեստ մը շինելու. կ'աղաչեմ, ուշադրութիւն ըրէք այս մը ին, տեսած ունի՞ք ձեր կեանքին մէջ ասանկ մը մը, տարօրինակ չէ՞ քիչ մը, կնկան մը մ՚է։ Այրն ապագային մէջ իւր առեւտրական գործոց բարւոքումն երեւակայելու կը հարկադրուի եւ կը սկսի փոխառութեան։ Տարի մ՚ալ փոխառութեամբ կը զարդարէ կինն։ Յաջորդ տարին գժտութիւնն նորէն ափ կ՚առնէ՛ իրենց դուռն։ Այո անգամ կը բացուի դուռն եւ հիւրն պատուով կ'ընդունուի։ Կինն իւր հագուստներու սնտուկներով չգիտեմ ո՞ւր կ'երթայ բնակելու եւ ինչ ընելու. էրիկն օրէ օր կը թշուառանայ, պարտատէրերուն պատասխան պատրաստելու համար կ'աշխատի գիշեր ցերեկ. բարեկամներն չեն ուզեր ճանաչել զայն։ Ամէնուն կ՚աղաչէ, որ փոքրիկ ամսականաւ գործ մը գտնեն իրեն, չյաջողիր։ Որոշում կու տայ լուբիայ եփել եւ կաթսայ ի գլուխ շուկայի մէջ ծախել, ձեռքէն չգար։ Օրական հացն ճարելու համար մուրացկանութեան կը ձեռնարկէ արդարեւ մեծ ձեռնարկութիւն մուրալու արհեստն ու գիտութիւնը չգիտէր։ Վերջապէս քանի մը տարիներ առաջ փողոցի մը մէջ կաթուածահար կ'իյնայ կը մնայ։

Միւս կողմէն կինն անառակութեան մէջ լողալէն ետքը որովհետեւ պճնասէր կինն մերկ կը պտտի, եթէ ուզածին պէս չկարենայ հագուիլ կը խղդուի օր մը։ Տարի մ՚առաջ տաժանելի ցաւերով կը մեռնի ան ալ եւ կը զարդարուի պատանքով, միշտ ամէնէն վերջին եւ ամէնէն նոր ձեւ ունեցող շրջազգեստով…

Այս խօսքերն իմ ականջս չեն մտներ, կ'ըսես դուն, այդ պատմածներդ սուտ են եւ միայն քու երեւակայութեանդ մէջ գոյութիւն ունին։ Կինն հարկաւ պիտի հագուի ալ, պիտի շքուի ալ, պիտի զարդարուի ալ, պիտի պարէ ալ, պիտի երգէ ալ, պիտի ցատկէ ալ, պիտի խմէ ալ. մեղա՜յ, ինչո՞ւ համար աշխարհք եկեր ենք, պիտի զուարճանանք ալ, պիտի զբօսնունք ալ… չէ՞ որ պիտի մեռնինք օր մը։

Միեւնոյն առարկութիւններն կ'ընեն ընդհանրապէս ամէն կանայք, երբ պարզասիրութեան հրաւիրուին։ Կանայք կը կարծեն, թէ միմիայն զարդարուելու համար ստեղծուած են, մինչդեռ, ըստ Սուրբ Գրոց, մարդու ընկեր, օգնական եւ աջակից լինելու համար ելած են Ադամայ կողէն։ Եւ արդարեւ ինչ որ մարդ է, չկրնար առանց կնկան ապրիլ. ի բաց առեալ կուսակրօններն բայց ամէն մարդ կրնայ ապրիլ առանց շրջազգեստի, կօշիկի, գլխարկի, ձեռնոցի, գուլպայի եւ այլն ծախուց աջակցութեան։ Եւ ո՞վ կը համարձակի հաւատալ, որ Աստուած Ադամայ կողէն պճնասիրութիւն քաշած ըլլայ։ Այլ սակայն կանայք իրենց զարդասիրութեամբն կարծեն զմեզ հաւատալու թէ Ադամայ կողին բացուելովն սոսկալի ծախոց դուռ մը բացուեցաւ էրիկ մարդոց առջեւ, դուռ մ՚որուն փակումը բազում ժամանակի կարօտ կը թուի։ Ա՛հ, տիկին, եթէ գրաբար Աստուածաշունչս քովս ունենայի, Սողոմոն Իմաստունէն քանի մը հատուածներ մէջ կը բերէի, հասկցնելու համար քեզ, թէ ինչ է կնոջ պաշտօնն եւ ինչպէս պէտք է լինել կին մը։ Չեմ ուզեր շատախօսութիւն ընել եւ կը դառնամ պզտիկ դէպք մ՚ալ պատմելով, կնքել նամակս, որ քիչ մ՚երկար եղաւ։

Տասնեւութն տարեկան աղջիկ մը մոլութիւն ունէր բնաւ չմսելու եւ իւր մէջքն շատ բարակ ցոյց տալու, այնպէս որ ձմռան ամէնէն ցուրտ օրերն առանց թիկնոցի կը պտտէր։ Այս աղջիկն գիշեր մը պարահանդէս կ'երթայ, կը պարէ, կը քրտնի եւ տուն կը դառնայ դողալով։ Հետեւեալ օրն անկողինէն չելներ. բժիշկը կու գայ եւ ծնողացը կ՚իմացնէ, թէ հիւանդը դարմանի կարօտ է։ Հիւանդն անկողնոյ մէջ իսկ կը մերժէ կռնակն բուրդէ թիկնոց մ՚առնել։ Հիւանդութիւնն օրըստօրէ կը յառաջանայ, հազ, թուք, գլխու ցաւ, կռնակի ցաւ, կուրծքի ցաւ, ջերմութիւն, փոխ առ փոխ կը զբաղեցնեն զինքն, որ չուզեր քորսէն հանել նոյնիսկ մահուան անկողնոյն մէջ։ Բժիշկը խստիւ կը պատուիրէ ծնողացն, որ հիւանդն տաք պահեն, զգուշացնեն ցուրտէն եւ շնչառութիւն արգիլող զարդերէն պահպանեն։ Հիւանդն մեծ դժուարութեամբ կը հաւանի քորսէն հանել եւ ան ալ սա պայմանաւ, որ թաւշեայ լայն շրջազգեստ մը կարուի եւ սամոյրէ մուշտակ մը շինուի իրեն համար։ Հայրը չմերժեր աղջկան խնդիրքը եւ գաղտնի հանգանակութիւն մ՚ընելով կը յաջողի կատարել աղջկան կամքն։

Ախտն, որ յամառ է, կը շարունակէ իւր ճամբան, ցաւերն երթալով կ՚աճին եւ կը սաստկանան։ Հիւանդն կը պնդէ, թէ քորսէն հանելէն եւ մուշտակ հագնելէն ի վեր հիւանդութիւնն սաստկացած է եւ կ՚ըսէ, թէ բռնի պիտի մեռցնեն զինքն, եթէ թոյլ չտրուի իրեն դարձեալ քորսէ դնել եւ մուշտակ չհագնիլ։ Վերջապէս այս խեղճ աղջիկն ցաւերու տակ երկար օրեր տանջուելէն եւ չարչարուելէն ետքը կը վախճանի։ Մեռնելէն չորս օր առաջ կը պատուիրէ ծնողացն, որ քորսէով թաղեն զինքն, որ չմոռնան գունաւոր գուլպաներն հագցնել ոտքերուն, որ մազերն հիւսելով գլխուն վրայ ամփոփեն, որ երեսներուն վրայ քիչ մը բուտրա ցանեն, որ դագաղն չգոցեն յուղարկաւորութեան ժամանակ, որ լաւանտա քսեն դագաղին չորս կողմը, որ դագաղակիրներուն մէկն հովանոց մը բռնէ գլխուն վերեւը, որ շրթանցը վրայ քիչ մը կարմիր քսեն, որ թաղին մեծ փողոցներուն մէջ պտտցնեն դագաղն, որ ծաղկանց փունջեր նետուին պատուհաններէն դագաղին վրայ, որ գեղեցիկ տապանաքար մը դրուի գերեզմանին վրայ, որ վարդի տունկեր տնկուին գերեզմանին շուրջն, որ… բայց ո՞ր մէկն ըսեմ, տիկին, եթէ հանգուցելոյն մէն մի պատուէրն արձանագրել ուզեմ` նամակս տարուան մը մէջ չեմ կրնար աւարտել։

Ահա, տիկին, այս ցաւալի դէպքերուն ազդեցութեան ներքեւ խօսեցայ նոյն գիշերն պճնասիրութեան դէմ, կարծելով, թէ կը յաջողիմ, պարզասիրութիւն քարոզելով, ազատել կործանումէն շատ մ՚ընտանիքներ եւ մահուան ճիրաններէն բազում աղջիկներ եւ կիներ։

Պճնասիրութիւնն ընկերութիւններ կազմելով չբարձուիր, որովհետեւ ընկերութիւններ կազմելով հաստատուած չէ։ Մէկ կողմէն պճնասիրութեան բազմադիմի վնասներն աղջկանց միտքն մտցնելու է վարժարանաց մէջ, եւ միւս կողմէն քեզի պէս հարուստ տիկիններ եւ կուսակրօնք ոմանք պարզասիրութեան օրինակ հանդիսանալու են, որպէսզի կարենանք փրկել մեր ազգն այս սարսափելի եւ համաճարակ ախտէն։

Կը յուսամ, թէ կարդալով սոյն գրութիւնս կը բարեհաճիք ինչ֊ինչ փոփոխութիւններ ընել ձեր դէմքին վրայ, կարեւոր բարենորոգումներ ներմուծել ձեր բերանն. իրաւունք տալ իմ արդար դիտողութեանցս, եւ ընդունիլ իմ խորին յարգանացս հաւաստիքն, որով կը մնան ընդհանրապէս ամէն նամակագիրք։

Բ
ՊԶՏԻԿ ՔԻԹ ԵՒ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒ

Համեստափայլ տիկին Ե…

Կ. Պոլիս

Գեղեցիկ, խելացի եւ հարուստ երիտասարդ մը փափակ յայտներ է ձեզ ձեր աղջկանը նշանուելու։ Ըստ տիրող սովորութեան քանի մ՚անգամներ իւր ներկայութեամբ պատուեր է ձեր տունն։ Օրիորդին հասակին բարձրութեանն ու լայնութեանը հաւներ է. նորա ձեւերէն, կայնուածքէն ու շարժուածքէն յափշտակուեր է, մանաւանդ քթին պզտիկութեանը վրայ ապշեր, հիացեր մնացեր է։ Սակայն քանի մ՚օր առաջ, ցաւօք սրտի յայտներ է ձեզ նամակով մը, թէ կարելի չպիտի լինի իրեն ձեր աղջկան խօսք տալ, առարկելով, թէ օրիորդը ֆրանսերէն չգիտէր։

Այս յայտնութեան վրայ աղաղակ մը բրցուցեր էք, լացեր ողբացեր էք, ամբողջ գիշերներ տքներ էք, եւ վերջապէս որոշեր էք ֆրանսերէնի դասատու մը բերել ձեր աղջկան` որուն քիթէն կախեալ կը կարծէիք իւր ապագան, քիթ մ՚որ ձեր գերդաստանին փառքն ու պարծանքն է։

Այս է կարծեմ, տիկին, հաւատարիմ ամփոփումն ձեր առ իս ուղղած նամակին՝ որով այս մասին ինձմէ խորհուրդ հարցնելու խոնարհամտութիւնն եւս ունեցած էիք։

Կը ցաւիմ, տիկին, թէ ձեր վերջնական որոշումն տալէն ետքը իմ կարծիքս իմանալ ուզեր էք, այսուամենայնիւ կը փութամ անարժանաբար հաղորդել ձեզ իմ թուիքս։

Նշանուելիք երիտասարդաց պահանջումներն մեծ, բազմադիմի եւ տարօրինակ են։ Չեմ մեղադրեր երիտասարդներն. քաւ լիցի, անոնք անմեղ են, սէրն է մեղաւորը. սէրն` որ երբեմն պզտիկ քիթ կ'ուզէ եւ շատ անգամ ալ կ'ուզէ որ բնաւ քիթ չունենանք. սէրն է կ'ըսեմ, որ մերթ կապուտակ աչերէն կ'ախորժի, մերթ սեւորակներէն. սէրն, որ առաւօտուն սպիտակ գոյնն կը սիրէ, միջօրէին թուխը կ'ուզէ եւ երեկոյին կարմիրն կը փնտռէ, այո, միշտ այն սէրն է, որ այսօր գէր կ'ուզէ, վաղը նիհար. նա է, որ երէկ յունարէնն նախամեծար կը համարէր, եւ այսօր ֆրանսերէնն կը նախապատուէ։ Խեղճ երիտասարդներն սիրոյ կամակատար եւ հլու գործիքներն են, որով չեն գիտեր զոր ինչ կ'ուզեն։ Ուստի վշտանալու չէ, եթէ ձեր ապառնի փեսան պզտիկ քիթով ֆրանսերէն կ'ուզէ։ Պզտիկ քիթ ունիք արդէն. փառք Աստուծոյ. ուրեմն կը մնայ ձեզ մէկ կողմէն ֆրանսերէն սորվեցնել ձեր աղջկան եւ միւս կողմէն հսկել, որ օրիորդին քիթը չմեծնայ։ Միայն թէ խօսկապի պայմանագիր մը կնքել հարկ է ձեր փեսացուին հետ. զի օր մ՚ալ չելնէ եւ քիչ մը գերմաներէնով կտոր մ՚անգղիերէն եւ քիթ մ՚ալ աւելի ուզէ, որովհետեւ ինչպէս ըսինք, սէրն որոշ եւ հաստատ սկզբունք չունի։ Իսկ եթէ փեսացուն դժկամակի կնքել այսպիսի պայմանագիր մը, դադրեցուր ուսումն ֆրանսերէնի, զոր գուցէ չուզեր ուրիշ երիտասարդ մը. եւ ազատ ձգէ քիթն ալ, որուն պզտիկը թերեւս հաճոյ չթուի երրորդի մը։ Չմոռնամ յիշեցնելու նաեւ, թէ Բերա քանի մը քարուկիր տուներ կառուցանելու ջանայ եւ աղջկանդ համար տասն հազար ոսկւոյ գումար մը պատրաստելու հետամուտ եղիր, որովհետեւ սէրն շատ անգամ տուն, խանութ կը փնտռէ եւ աղջիկն տեսնելու չերթար բնաւ. աղջիկ տեսի տեղ` տուն տեսի, խանութ տեսի կը պտտի. տուներն եւ խանութներն են, որ շատ անգամ կը պսակուին եւ կը կարգուին… երիտասարդ մը կը ճանչնամ, որու մայրն տիկին քարուկիր գինետուն մ՚է։

Այս տողերէն կը հետեւի ուրեմն, թէ սիրոյ օրակարգին մէջ անցած աղջիկն օժտուած լինելու է այն ամէն հանգամանքներով, որք կրնան գոհացնել սիրոյ ամէն պահանջումները։ Մտքէ հանելու չէ նաեւ, թէ արդի սէրն աղջիկներէն կը պահանջէ ընդհանրապէս ինչ որ չունին ասոնք։ Փորձը տեսաք նոյնիսկ ձեր աղջկան վրայ` որմէ ֆրանսերէն կ'ուզուի. եթէ ֆրանսերէն գիտնար` «Որքան աղէկ պիտի ըլլար, եթէ քիչ մը անգլիերէն խօսէր» պիտի առարկէր սէրը. եթէ անգլիերէն խօսէր` «Լեզուագիտութիւնն ինչ ընեմ, պիտի դիտողութիւն ընէր սէրն, լաւագոյն էր քիչ մը դաշնակահարութիւն գիտնար». եթէ դաշնակ զարնել գիտնար` «Հասակը եթէ քիչ մ՚ալ բարձր ըլլար, պիտի ըսէր սէրն, ինձի համար դաշնակէն նախապատիւ էր». եթէ հասակն բարձր ըլլար` «Մահմուտ փաշայի կողմերը սանկ փոքրիկ խանո՞ւթ մ՚ալ չունի, պիտի հարցնէր սէրն»։ Կը տեսնէք, տիկին, թէ այս բոլոր հարցմանց համապատասխանող վիճակի մէջ աղջիկ մ՚ունենալն գրեթէ անհնար է։ Իմ խոնարհ կարծեացս համեմատ, աղջիկ մ՚ունենալու է ոչ թէ խենթ ու շահաւէտ սէրէ մը պահանջելի տարօրինակ պայմաններն, այլ իւր էութիւնն պաշտպանելու, իւր պատիւն պահպանելու համար օգտակար եղած բաներն։ Նախ ուսանելու է իւր մայրենի լեզուն եւ իւր ազգային պատմութիւնն, յետոյ քիչ մը թուագիտութիւն եւ աշխարհագրութիւն, ապա բարոյագիտութիւն, ձեռագործ եւ առտնին տնտեսութիւն։ Ասոնք ձեռք բերելէն ետքը կրնայ եւ ազատ է մշակել, ինչ որ իւր կոչման եւ ճաշակին համաձայն կը գտնէ։ Սակայն ցաւալի է, թէ ամէն մայր այսպէս չխորհիր, եւ այսպէս չխորհելուն համար կը պատժուի։ Ֆրանսերէն, դաշնակ եւ պարն մե՛ր աղջկանց ուսմանց ծրագիրն ու վկայականն կը կազմեն այսօր։ Մայրերն կը կարծեն, թէ աղջիկ մը սիրուելու համար ֆրանսերէն, դաշնակ եւ պար գիտնալ հարկաւոր է. հայերէն լեզուով սիրուելու եղանակն անցած է, ըստ նոցա կարծեաց. ձեռագործով ամուսին գտնելն անհնար է, եւ առտնին տնտեսութիւնն տանջանք, դժոխք է աղջկանց համար, որ իրենց ծաղիկ հասակին մէջ զուարճանալու եւ պարելու են եղեր։

Ես այս կարծիքէն չեմ, տիկին, սակայն չեմ ալ պնդեր, որ աղջիկդ ֆրանսերէն չսորվի. մանաւանդ կը փափաքիմ, որ դուն ալ սորվիս ֆրանսերէն, որովհետեւ քու քիթդ ալ պզտիկ է եւ էրիկ մ՚ալ դուն գտնես։ Բայց դուք ալ հաւատացէք, թէ խոհեմ եւ պատուաւոր երիտասարդ մը շատ չսիրեր այն աղջիկներն, որոնց հանճարն անոնց կամ ձեռաց մէջն է կամ ոտից վրայ. եւ ես պիտի սոսկայի իմ զաւկիս անանկ ընկեր մ՚առնելէ։

Կը կնքեմ նամակս, ազնիւ տիկին, որովհետեւ թղթատարն մեկնելու վրայ է։ Սակայն կը խոստանամ այս նիւթին վրայ երկար նամակ մը գրել ձեզ, եթէ անձնական զբաղումներս ներեն։

ՀԱՆՈՒԻՆՔ, ՀԱՆՈՒԻՆՔ

Հնչեց վերջապէս հանուելու ժամն, որուն անհամբեր կը սպասէին բազում ցաւագարներ, ախտաժէտներ, անդամալոյծներ, վատուժներ, այսահարներ, արք եւ կանայք, ծերք եւ տղայք։

Բայց մի՛, Տեարք իմ եւ Տիկնայք, պճնասիրութեան կատարը բարձրանալէ յետոյ մէկէն ի մէկ մերկանանք եւ նետուինք Պոսիդոնի գիրկը։

Պոսիդոն վստահելի աստուած մը չէ, աստուածներուն ամէնէն փոփոխամիտն է։

Պոսիդոն աստուածներուն ամէնէն խայտառակն է։

Կանխահոգ զգուշութիւններ ձեռք առնելու է մտնալէն առաջ ծոցն այս աստուածին, որ չկարծէք թէ միայն ճշմարտութիւնը մերկ տեսնելով կը շատանայ. այս աստուածն սոսկալի հակակրութիւն ունի հագուստ վաճառողներու դէմ։

Ես ալ կը փափաքիմ Թեդիսի անկողինը մտնել ահիւ եւ երկիւղիւ, զովանալ, դողալ, հիանալ, սքանչանալ եւ բնութեան ամէնէն գեղեցիկ հրաշակերտը վայելել, մէկ խօսքով` ես ալ կը սիրեմ ծովը։

Մանաւանդ կ'ուզեմ դիտել ծովն, բայց ոչ ծովեզերեայ անտառի մը կանաչագեղ ծառոց հովանոյն տակ ու ծաղկաւէտ մարգագետնի վրայ ընկողմանեալ, այլ կ'ուզեմ ծովեզերքը բարձրանալ լոռուտ ապառաժներու կոյտի մը ստուերին ներքեւ խիճերու վրայ պառկած եւ ժայռի մը վրայ գլուխս հանգչեցուցած։ Չեմ սիրեր ծովուն դաշտացումն, ոչ ալ կ՚ախորժիմ անոր հեղուկ եւ հեղեղուկ լեռներէն։ Հաճելի է ինձ երբ հեզասիւք զեփիւռն մեղմիկ փչելով այլակներէ փոքրիկ ակօսներ կը գործէ, որք, դանդաղ ի գիլ առ իս կու գան եւ խիճերու մէջ մտնելով կը դդչան եւ ոտքերս կը խտղտեն։

Բանաստեղծներն իրաւունք չունին, կարծեմ, բողոքել ինձի դէմ։

Իսկ երբ ծով մտնել ուզեմ` առանձին կը մտնեմ, ոչ ոք կ'ուզեմ հետս, ոչ իսկ արեւն, որու հետ քանի մ՚անգամ կռիւ ըրած եմ` իզմէ առաջ մտած ըլլալուն համար։ Մոլութիւն մ՚ունիմ, որ է. կ'ուզեմ, որ իմ ելնելու պահուս մտնէ արեւն, կամ իմ մտնելու ժամանակս ելնէ։ Քանի մ՚անգամ միայն լուսնի եւ աստղերու հետ լուացուած եմ։ Ասոնց ալ ընկերութենէն բան մը հասկցած չեմ։ Արեգական եւ երկրի աղջկան հետ կը սիրեմ ես լողանալ. երբեմն ալ Արուսեակի հետ կը մտնեմ ծով եւ ուրախ եմ, թէ ճաշակս լիովին կը համաձայնի Ասկղեպիոսի աշակերտաց կարծեացը։

Այո՛, շատ կը սիրեմ ծովն եւ եթէ հնար ըլլար ծովու մէջ ապրիլ` բնաւ չպիտի ելնէի ցամաք։

Բայց հերիք մեր անձին վրայ խօսեցանք։ Հանուեցէ՛ք, Տեարք իմ եւ Տիկնայք, քիչ մ՚ալ ձեր վրայ խօսինք։

Լողացէ՛ք, տեսնեմ։

Լաւ է լողալ ծովի մէջ, քան պարտքի մէջ։

Բայց զգուշացէք խղդուելու թէ միոյն եւ թէ միւսին մէջ։

Միջին դարու մարդիկ կամայ ակամայ լողալ կը սորվին, հարուստներն են, որ կամ հարուստ կարծուածներն են, որ իրենց տունը պանէո կ՚ընեն… պարտքի մէջ, վախնալով որ չխղդուին։

Մազ մնաց, որ պիտի մոռնայի ըսել, թէ արարողութիւններ կան կատարուելիք ծով մտնալէն առաջ։ Չշփոթենք արանց արարողութիւններն կանանց արարողութեանց հետ։

Եւսեբիոս աղան առաջին անգամ ըլլալով ծով պիտի մտնէ այս տարի։ Իւր այս խորհուրդը կնկան կը յայտնէ։

Կնիկը խրատ կու տայ էրկանն, որ նախ եւ առաջ բժշկի հաւանութիւնն առնէ, զի մի գուցէ յետինն չար քան զառաջինն ըլլայ։ Եւսեբիոս աղան կը հնազանդի։ Հետեւեալ օրը կը ներկայանայ բժշկին, որ կը հարցնէ.

Ի՞նչ ունիք, Եւսեբիոս աղայ։

Ոչինչ, ծով մտնել կ'ուզեմ։

Ինչո՞ւ։

Տկարութիւն ունիմ քիչ մը, ախորժակ չունիմ ուտելու։

Շատ աղէկ կ'ըլլայ, դեղ մ՚ալ տամ քեզի։

Տուէ՛ք։

Քանի մ՚օր յետոյ Եւսեբիոս աղան ղենջակը թեւին տակ կը մտնէ ծովու բաղնիքին դռնէն։

Հրամմեցէ՛ք, Եւսեբիոս աղայ, հրամմեցէ՛ք, Եւսեբիոս աղային օթեակ մը, լայն օթեակ մը։

Եւսեբիոս աղան կը մտնէ օթեակը։

Եւսեբիոս աղային վարտիք մը տուէք, լայն վարտիք մը։

Ես ղենջակ ունիմ։

Ղենջակը պարապ բան է, վարտիք հագէ՛ք, որ հանգիստ ըլլաք։

Ամօթ չէ՞, իմ տարիքիս…

Ամօթն ի՞նչ ըսել է, աս ալ նոր կը լսենք կոր։

Եւսեբիոս աղան կարճ վարտիքով կը ներկայանայ հանդիսականաց։

Օթեակէն կ՚ելնէ չելնէր, դիտողութիւնները կը սկսին.

Աս ի՞նչ կսկլոր մարդ է։

Գոմէշ կը նմանի։

Սըւոր թեւերը նայէ՛։

Հապա ծոծրակը, մեր թաւլինի չափ կայ։

Եւսեբիոս աղան` որ կը լսէ, բայց չլսելու կը զարնէ այս դիտողութիւնները` կամաց կամաց կը մօտենայ լոգարանի սանդուխին, մէկ, երկու, երեք աստիճան կ'իջնայ, չորրորդ աստիճանին կանգ կ՚առնէ։

Քաջալերական խօսքեր կը սկսին ուղղուիլ իրեն.

Եւսեբիոս աղայ, մի՛ վախնար, մտի՛ր։

Եւսեբիոս աղայ, նախ գլուխդ խոթէ, վերջը ոտքերդ։

Գլուխով ի՞նչպէս քալէ մարդը…

Մէկէն ի մէկ նետուէ՛։

Վերէն վար ցատկէ՛։

Վարէն վեր ցատկէ՛։

Քովընտի նետուէ՛։

Դուն ինձի մտիկ ըրէ՛, Եւսեբիոս աղայ, կռնակիդ վրայ նետուէ՛։

Ատոնք պարապ խօսքեր են, Եւսեբիոս աղայ, գլուխդ թրջէ՛ ու կամաց կամաց մտի՛ր։

Եւսեբիոս աղայ բնաւ չպատասխաներ այս ուղերձներուն, մերթ ընդ մերթ մէկ ոտքովը ջուրը քիչ մը կը քերէ եւ նորէն ետ կը քաշէ։

Մտի՛ր, Եւսեբիոս աղայ, եթէ պիտի մտնես, հիւանդ պիտի ըլլաս։

Ինչո՞ւ կը վախնաս կոր, մա՛րդ, չե՞ս խպնիր, տղա՞յ ես…

Ինչո՞ւ կայներ ես հոն իշու պէս, կը պոռայ անդիէն չափահաս մարդ մ՚որ խօսքը չխնայեր բնաւ։

Եւսեբիոս աղան կը ցնցուի։

Ի՞նչ իրաւունք ունիս, կ՚ըսէ, անվայել խօսք ընելու։

Լռէ՛, իշու կտոր, շատ մի՛ խօսիր, կը կրկնէ ուրիշ մը։

Աս ի՞նչ ըսել է, մենք հոս լուացուելու եկա՞նք թէ…

Բաղնիքի մէջ ասանկ խօսքեր ներելի են, Եւսեբիոս աղայ, կատակ կ'ընեն կոր։

Ասանկ կատակ չեմ ուզեր ես։

Երկար ըրիր ա՛, կ՚ըսէ չորեքտասնամեայ չարաճճի մը եւ կից մը տալով Եւսեբիոս աղային մէջքին` ջուրի մէջ կ՚ընկղմէ Եւսեբիոս աղան։ Քանի մ՚անգամ Եւսեբիոս աղան ոտները ու վարտիքը ցոյց տալէն ետքը դժուար կը յաջողի կանգնել ջրոյ մէջ եւ լոգարանի մէջտեղը կայնելով կը սկսի պոռալ.

Աս ի՞նչ խայտառակութիւն է, ի՞նչ լրբութիւն է աս… ոստիկան չկա՞յ մի հոս…

Հանդիսականք կը խնդան։

Ինչո՞ւ կը խնդաք կոր, ի՞նչ կայ խնդալու, ես ձեր խաղալի՞քն եմ, չէ՞ք ամչնար, չէ՞ք խպնիր դուք։

Քահ, քահ, քահ, քահ…

Ինչո՞ւ կը խնդաք կոր…

Քահ, քահ, քահ, քահ…

Տէր Աստուած, Տէր մեղայ…

Քահ, քահ, քահ…

Փորձանքի պիտի հանդիպինք…

Քահ, քահ, քահ։

Ինձի ալ ըսէք, ես ալ խնդամ։

Քահ, քահ, քահ։

Եւսեբիոս աղան կը դողայ, ակռաներու կրճտումն կը սկսի։ Վերոյիշեալ չարաճճին ջուրին տակը սուզուելով` կամացուկ մը կը մօտենայ Եւսեբիոս աղային, անոր ոտքը վեր կը վերցնէ եւ գլխիվայր կը դարձնէ Եւսեբիոս աղան, որ իւր բոլոր ճիգը կը սպառէ գլուխն ի լոյս ընծայելու համար։

Աւազանի մէջ գտնուողներն կը սկսին իրենց ափով ջուր սրսկել Եւսեբիոս աղային երեսը։ Կը դողայ Եւսեբիոս աղան։

Չէ… չէ… չէք… ա… մչ… մչ… նա… նա… նա… նար…

Աս ի՞նչ թոաֆ մարդ է եղեր…

Վայ աւանակ, վայ, կը դողայ կոր տէ, դուրս չելլար կոր…

Ես թո թո թո…

Հա, հա, հա, հա…

Թո թո թո հաֆ դուք էք…

Պաշտօնական քահ քահ մը կը թնդացնէ բաղնիքը։

Եւսեբիոս աղան դողալով դողդողալով կ՚ելնէ աւազանէն եւ կ'ապաւինի իւր օթեակը։

Բաղնեպանը կը կանչէ.

Ի՞նչ խայտառակութիւն է աս։

Ի՞նչ եղաւ, բա՞ն մը եղաւ, ըսէ՛, ոտքդ պագնեմ։

Հոս չէի՞ր դուն։

Հոս էի… արժանապատւութեա՞նդ դպան, ըսէ՛, որ վրէժդ լուծեմ… ես չեմ ուզեր, որ բաղնիքիս մէջ անկարգութիւն ըլլայ, շահուս կը դպչի։

Չիմացա՞ր եղածները։

Իմացայ, բայց վիրաւորուելու բան մը չտեսայ։

Ետեւէս հրեցին ջուրի մէջ։

Կատակ է անիկա, իրարու կ'ընեն անանկ բաներ։

Աւանակ ըսին։

Աւանակները ջուրէն կը վախնան տէ` ատոր համար, ասոր մէջ բարկանալու բան չկայ։

Երեսս ջուր նետեցին։

Աւազանի մէջ կ'ըլլայ ատանկ բաներ. նայէ, հիմա կ'ընե՞ն կոր։

Այնչափ խնդացին վրաս։

Վազ անցիր, Աստուածդ սիրես, սիրտդ դող հանեցիր, ես ալ կարծեցի դպչելիք խօսք մը ըրեր են քեզի։

Ըսել է որ ասոնք դպչելիք բաներ չեն։

Ամենեւին, ատանկ բան մը մտքէդ անգամ մի՛ անցուներ. հեմ ուրիշին ալ մի՛ ըսեր, վրադ կը խնդան։

Շնորհակալ եմ տուած բացատրութիւններէդ. բայց աւելի աղէկ չըլլա՞ր, եթէ հոս մարդ չգտնուած ժամանակը գամ ու լուացուիմ։

Մինակ չես ձանձրանար նէ` եկուր։

Եւսեբիոս աղան կը հագուի եւ կը մեկնի։ Այնուհետեւ կը սկսի ամէն առաւօտ կանուխ լուացուիլ։

Անցնինք այժմ կանանց կողմը։

Ծովն կանանց համար զբօսանք մ՚է։

Ծովն կանանց գեղեցկութեանց ցուցահանդէսն է։ Հոն կանայք իրարու ցոյց կու տան իրենց գեղեցկութիւնը։

Տգեղ կանայք ծով չեն մտներ բնաւ, կամ եթէ երբեք մտնեն` իրենց հագուստն չեն հաներ։

Ամէն պարագայի մէջ ծովն, որ գեղեցիկ է, գեղեցիկներու համար սահմանուած է. ես ալ չպիտի ներէի բնաւ, որ տգեղ կին մը տգեղցնէ ծովը։ Ի՞նչ մեղքս պահեմ։

Գեղեցիկ կանայք ծով կը մտնեն ոչ թէ դարմանելու համար իրենց տկարութիւնն, այլ հիւանդանալու համար. հերիք է որ ըսուի.

Ի՜նչ մարմին ունի։

Ծովը կը շողոքորթէ կիները, կ՚աւելցնէ անոնց գեղեցկութեան փայլն, հարիւրապատիկ գեղեցիկ կը ներկայէ զանոնք. եւ կնկան մը համար ասկից աւելի ի՞նչ հաճոյք կրնայ ըլլալ։

Շատ մը մայրեր ծովու մէջ հաւներ են աղջկան մը, իրենց հարս առած են եւ զղջացած են յետոյ։

Շատ կանայք իրենց մարմինը ծովու մէջ դիտելէն ետքը, տուն դարձած են եւ փշրած են հայելիները։

Այսպէս է ծովն, ոչ թէ միայն գեղեցիկ է, այլ կը գեղեցկացնէ նաեւ զայն, որ իրեն ծոցը կը մտնէ։

Կանայք միշտ կը խորհին, թէ կարելիութիւն չկա՞յ արդեօք ծովու մէջ պարահանդէս ընել։

Բայց թողունք այս խորհրդածութիւններն եւ մտնենք կանանց բաղնիքը։

Սա դիմացի կենճ ը որո՞ւն աղջիկն է։

Տէր ողորմեա, մայրի՛կ, չճանչցա՞ր, մեր դրացիին աղջիկը չէ՞։

Ի՞նչ կ՚ըսես… որքան փոխուեր է, ձիւնի պէս ճերմակ կենճ մ՚էր, սեւցեր է։ Աստիի կողմն կայնողն ո՞վ է։

Մայրի՛կ, դուն խենթեցեր ես այսօր, *** աղայի կինը չէ՞։

Վայ մեղքիս… եթէ չըսէիր, չպիտի ճանչնայի, գիրուկ բան մ՚էր անիկայ, չեօբ դարձեր է նէ… սխալ ես, աղջիկս, սխալ ես։

Քիչ մ՚անդին.

Շապիկդ ալ մի՛ հաներ, աղջիկս, շապիկովդ մտիր, կը մսիս. ջուրը պաղ է։

Մայրիկ շապիկով կը մտցուի՞։

Ես ինչ կ'ըսեմ նէ` ան ըրէ՛, դուն նշանուած չես տակաւին։

Քիչ մը հեռուն.

Գուլպաներդ մի՛ հաներ, աղջիկս։

Գուլպաներով կը մտցուի՞։

Պոթիններդ ալ հագի՛ր, եաւրուս։

Ի՞նչ կ'ըսեն։

Չիւիի վրայ կը կոխես, աղջիկս։

Պիտի հանեմ։

Հանէ՛, ու երկար մատներդ ցցուր. վախ որ ասանկ բաներ չիյտես։

Երկու մեթրոյ ասդին։

Սանկ նետուէ նայիմ. առիւծի պէս… ապրիս, աղջիկս, ապրիս, աղջիկս, համարձակ եղի՛ր… սանկ կռնակի վրայ լողա՛ նայիմ, մազերդ սիրեմ… պոյդ, պոսդ սիրեմ, աղջիկս… մաշալլահ…

Բայց կիները զիրար չեն քաշեր, խծբծանքը կը սկսի։

Ի՞նչ մեղքս պահեմ, կ՚ըսէ մազերը թափուած տիկին մը, այսչափ երկար մազերէն չեմ ախորժիր, խազըխի պէս մազեր…

Պարէ աղուորս ըլլայ… միսէն ուրիշ բան չունի։

Հապա տուտախները… բաչայ տուտախ…

Հապա աչքերը… հիչ աղուոր չեն։

Կենճ է տէ` ատոր համար աղուոր կ՚ըսուի։

Կե՞նճ մի, յիսուն տարու կայ անիկա։

Հապա ակռաները…

Հապա թեւերուն հաստութիւնը, համալի թեւ կը նմանի։

Չորս կանգուն անդին.

Չմտնա՞ս, աղջիկս։

Պիտի մտնամ։

Մտի՛ր, նազիկ աղջիկս։

Խծբծանքը կը սկսի.

Աս ալ հիչ միս չունի։

Ասոր ալ մազերը երկար են։ Փատի պէս մազեր։

Աչքերն ալ որչափ սեւ են… քեօմիրճիի խանութէն ելած է կարծես։

Ակռաներն շատ սպիտակ են… հիմա մախպուլ չեն ճերմակ ակռաները։

Դիմացի կողմը.

Քա վախս ի՜նչ էր… աս նետուողը ո՞վ է։

*** աղային կինն է։

Այդ կտրիճին կինն է։

Այո՛։

Քա ասոր ինչի՞ն հաւնեցաւ տէ առաւ։

Հինգ հազար ոսկի թրախոմայ տուաւ աղջիկը։

Վահ, վահ, վահ… սատանայ կը նմանի նէ։

Մէյ մ՚ալ էրկանը հարցուր։

Սա թրախոմայով կին առնողներն իրաւ որ խենթ են… քա այս ոսկորը կը կրծուի՞։

Հագուեցէ՛ք, տիկիններ, եւ դուրս ելէ՛ք։ Դուրսը կը սպասեմ ձեզի։

Տիկիններն կը սկսին հագուիլ եւ մէկիկ֊մէկիկ դուրս ելնել։

Մտիկ ընենք այժմ ասոնց խօսակցութիւնը ճամբան։

Ուսկի՞ց կու գաք, տիկին։

Բաղնիքէն։

Չտեսայ ձեզի հոն։

Դուք հո՞ն էիք որ։

Հոն էի, հապա։

Ես ալ ձեզի չտեսայ։

Զարմանալի բան։

Իրաւ զարմանալի։

Ուրիշ երկու տիկիններ.

Հոս պիտի տեսնուինք եղեր։

Խըսմեթը ասանկ է եղեր, բաղնիքին մէջ պելքի ձեզի կը տեսնամ, ըսի ամա, չտեսայ։

Դուք բաղնի՞ք էիք։

Այո՛։

Ես ալ բաղնիք էի։

Ինտո՞ր կ'ըլլայ, որ զիրար չտեսանք։

Դուք քանի՞ թիւ օթեակն էիք։

8 թիւ։

Քովի սենեակն ալ ես էի։

Դուք էի՞ք։

Չհագուած խօսեցանք նէ` իրարու հետ։

Խօսեցանք եա։

Ոտքդ պագնեմ, աս ի՞նտոր կ'ըլլայ քի…

Աս խնդալու բան է…

Խիկա՛ր, չիմանաս։

Խիկար գիտէ արդէն, թէ կանայք ոմանք ո՛րքան փոփոխութիւն կը կրեն երբ փողոց ելնեն։

Տակաւին շատ բաներ կան գրուելիք արանց եւ կանանց բաղնիքներու վրայ։ Թերեւս յաջորդ թերթին մէջ եւս քիչ մը խօսինք այս մասին։ Այսօր կը վերջացնենք մեր սոյն յօդուածն, յանձնարարելով մեր ընթերցողաց եւ ընթերցող դուխտեաց կամ ընթերցողանուշեաց, որ ծովու մէջ խելօք նստին, զիրար չբամբասեն, զիրար չծաղրեն, լողալ չգիտցողներուն վրայ չխնդան, որովհետեւ Պոսիդոն չհանդուրժեր, որ իւր իշխանութեանը մէջ այսպիսի զեղմուծներ ի գործ դրուին։

Ծովն շատ վեր է ձեր երեւակայած կապոյտ դաշտէն, գեղեցիկ է նա, շնորհալի է, փափուկ է, վսեմ է, մերկացէ՛ք ամենայն ինչ, երբ ծովու հետ գործ ունիք։ Անկեղծութեամբ մտէ՛ք հո՛ն, օրօրուեցէ՛ք անոր փափուկ կուրծքին վրայ։ Իսկ երբ բարկանայ` կրակ կը կտրի ջուրը կարծեմ կրակ չկտրիր, բայց վնաս չունի հոս եւ իւր լեռնանման կոհակներովն կը պատժէ զձեզ։ Զգոյշ կացէ՛ք։

Հանուինք ուրեմն, եւ վայելենք ծովուն բարիքները, երբ հանդարտ է նա, երբ յստակ է, պայծառ է, ջինջ է, մաքուր է։

Գոնէ սիրտերու կարօտը ծովէն առնենք… շատուց է, որ մաքուր սիրտ տեսած չունիմ։

Երթամ ուրեմն հանգչիլ իմ ապառաժիս վրայ եւ աղաչել Պոսիդոնին, որ թոյլ տայ իւր հեզասահ ալեաց գալ առ իս, որոնց մէն մի դդչիւնն՝ որ Զեփիւռի շունչն է` յոյս կու տայ մահկանացուաց, եւ որոյ մէն մի հրաժեշտը կը տանի ցաւ մը։ Եւ դուն քանի մ՚օրէն պատրաստուէ՛ դիմաւորելու զիս, օ՛ տիկին Պոսիդոնի, պատիւ պիտի ունենամ մօտ օրէն այցելել ձեզի կամ օրիորդ Արշալոյսին հետ կամ օրիորդ Արուսեակին հետ։

Իսկ եթէ անձնական գործերս չթոյլատրեն զիս ծով մտնելու` այն ատեն պիտի ստիպուիմ այցետոմսս խոթել ծովը…

Ես եւ այցետոմսս մէկ ենք։

ԱՊՐԻԼ ՄԷԿ

Նախնիք Ապրիլին առաջին օրը զիրար խաբելու սովորութիւնն ունէին որովհետեւ ամէն օր զիրար խաբելու սկզբունքն ընդունուած չէր այն ատեն ուստի նոյն օրն միայն զիրար խաբելու կը զոհէին։ Նախնեաց այս սովորութիւնն ունինք նաեւ մենք թէպէտեւ անոնց բարի սովորութիւններն մէկդի թողած ենք ուստի Ապրիլին առաջին օրն մենք ալ զիրար խաբելու կ՚աշխատինք։

Գաբրիէլ աղան միտքը դրած էր այս տարի խաբել իւր սափրիչին։

Ապրիլին առաջին օրն կը ներկայանայ անոր.

Բարեւ, Մարգար աղայ։

Աստծու բարին, Գաբրիէլ աղայ։

Ձեռքդ գործ ունի՞ս։

Չունիմ, ի՞նչ կայ։

Տիմոթէոս աղային տզրուկ փակցունելու պիտի երթաս։

Շատ աղէկ։

Հիմա գնա՛, կ'ուզես նէ, որովհետեւ կը սպասէ կոր։

Հիմա կ'երթամ։

Հարուստ մարդ է, նայէ որ քանի մը ղրուշ աւելի փրցունես։

Շնորհակալ եմ։

Ուրիշ սափրիչ մը պիտի ղրկէի, վերջը ըսի ինքնիրենս, որ թո՛ղ մեր Մարգար աղան վաստկի։

Մեծապէս շնորհակալ եմ, շաբաթ մը կայ, որ մարդ ածիլած չունիմ։ Բարասըզութենէ ամէն մարդ մուրուք թող կու տայ կոր։

Մնաք բարով։

Մարգար աղան իւր դիւցազն տզրուկներէն քսան հատ կ՚ընտրէ, սրուակի մը մէջ կը դնէ զանոնք, կը հագուի եւ Տիմոթէոս աղային տունը կ'երթայ։

Տիմոթէոս աղան արիւնոտ եւ գիրուկ մարդ մ՚է վաթսուն տարու։ Իւր եկամուտներովը կ'ապրի։ Գիշերներն ուշ կը պառկի, առաւօտներն ուշ կ'արթննայ։ Քաղաքական եւ ազգային գործոց մէջ չմտն է ր բնաւ։ Անհոգ մարդ մ՚է։ Առաւօտները քանի մը թուղթ սաղմոս կը կարդայ, յետոյ նարկիլէն կը խմէ եւ յետոյ ճաշ կ՚ընէ ու տնէն դուրս կ'ելլայ տամա խաղալու համար իրեն հասակակից մէկու մը հետ, զոր կը բարկացնէ խաղի մէջ, զուարճանալու համար։

Տիմոթէոս աղան անկողինէն նոր ելած, գիշերուան զգեստով պատուհանին առջեւ նստած իւր սաղմոսը կը կարդար, երբ Մարգար աղան` տզրուկի դիւցազնաց բանակն ծոցը ներս մտաւ սենեակէն։

Բարեւ, Տիմոթէոս աղայ։

Աստծու բարին, Մարգար աղայ։

Ի՞նչպէս էք, աղէ՞կ էք։

Սանկ, նանկ։

Բազմոցի վրա՞յ նստելու սովորութիւն ունիք, չէ նէ աթոռի վրայ։

Բազմոցի վրայ հանգիստ կ'ընեմ ես։

Ինձի համար միեւնոյն բանն է, հա բազմոցի վրայ նստեր էք, հա՛ աթոռի վրայ, միայն թէ աթոռի վրայ աւելի հանգիստ կ'ընէք, աֆ կ'ընէք ամա ըսածիս, դուք ձեր քեյֆը նայեցէ՛ք, կամքը ձերն է։

Մարգար աղան Տիմոթէոս աղային կը մօտենայ, անոր գիշերազգեստն ու շապիկը վեր առնելու։

Ի՞նչ կ'ընէ՛ք, Մարգար աղայ։

Մեր պարտքն է։

Թո՛ղ տուր շապիկս։

Կ'աղաչեմ, թո՛ղ տուէք, ի՞նչ վնաս ունի, գործս ի՞նչ է։ Տէր ողորմեա։

Ինչո՞ւ վեր կ'առնես շապիկս։

Ճանըմ, շապիկի վրայէն կ'ըլլա՞յ։

Թո՛ղ տուր, աղբար։

Խպնելու բան չկայ ասոր մէջ, Տիմոթէոս աղայ, ամէն մարդու գլխէն անցած է, մարդս իւր առողջութեանը համար չնչին բաներու կարեւորութիւն տալու չէ։ Եթէ կ'ուզես անդիի սենեակը երթանք։

Սա սենեակն ի՞նչ ունի։

Ինչպէս կ'ուզէք նէ։ Պառկեցէք ուրեմն սանկ քովընտի, ձա՞խ թէ աջ թեւիդ վրայ պիտի պառկիս։

Ինչո՞ւ պառկիմ, աղբա՛ր։

Շատ լաւ, անանկ է նէ` աթոռս բերեմ։

Միտքդ ի՞նչ է, աղբար։

Միտքս չիյտե՞ս կոր, տզրուկ պիտի փակցնեմ։

Ի՞նչ իրաւամբ։

Իրաւունքի բան չկայ, դուն խաբար ղրկեր էիր։

Ամենեւին։

Գաբրիէլ աղան սուտ չպիտի խօսի եա։

Ո՞ր Գաբրիէլ աղան։

Մեր Գաբրիէլ աղան իշտէ։

Բանդ գնա, աղբար, առտուանցով. քեզի խաբեր են ալոլ, այսօր Ապրիլին մէկն է։

Մարգար աղան կաս֊կարմիր կը կտրի, հազար ներողութիւն կը խնդրէ Տիմոթէոս աղայէն եւ կը դառնայ խանութն, ուր կը գտնէ Գաբրիէլ աղան, որ խնդալէն կը ճաթէր։

Սանկ կատակ կ'ըլլա՞յ մի եա, կը հարցնէ Մարգար աղան, սրուակ մը տզրուկ ի ձեռին, եւ կը ղրկէ աշակերտն պատի օրացոյց մը գնելու։

ՀԱՐՍԱՆԵԱՑ ՏԽՈՒՐ ՀԱՆԴԷՍ

Ամուսնութեանց թիւն կը նուազի օր քան զօր։

Ամուրիներն զաշխարհ ճաշակելու տրամադիր չեն երեւիր, եւ կը համոզեն զիրար, որ ամուսնութեան խօսքն անգամ չառնեն իրենց բերանը։

Ամուսնութիւնն, կ'ըսեն անոնք, մարդուս ազատութիւնը եւ անկախութիւնը կը բռնաբարէ։

Եւ ամուրիութիւնն ամուսնութենէ լաւագոյն կը դատեն։

Կը խղճան անոնք ամուսնացելոց վրայ. եւ երբ մէկն նշանուի` այն տպաւորութիւնն կ՚ընէ անոնց վրայ, ինչ ազդեցութիւն որ կ՚ընէ եթէ մէկն չուանով ինքզինքն կախէ։

Եթէ ասոնց կարեւորութիւն տալ հարկ լինի` պէտք է այսուհետեւ հետեւեալ օրինակի համաձայն խմբագրել հարսանեաց հրաւիրագիրները։

«Մեծ. Ա… Բ… եան, Գ… Դ… եան Տիկին Է… Զ… եան եւ Է… Ը… եան, Օրիորդ Թ… Ժ… եան եւ Հ… Լ… եան կը ծանուցանեն ձեզ այն կորուստն, զոր ըրին յանձին Խ… Ծ… եանի։

Իրենց տղան, իրենց եղբօր որդին, իրենց եղբայրն, որ յետ կարճատեւ հիւանդութեան նշանուեցաւ, ի հասակի երեսուն ամաց, եւ որուն հարսանեաց յուղարկաւորութեան տխուր հանդէսն պիտի կատարուի յառաջիկայ կիւրակէ, ժամը 4֊ին, այսինչ գիւղը եւ մարմինը պիտի փոխադրուի…»։

Տարակոյս չկայ թէ ամուրիութիւնն չպիտի յաղթանակէ ամուսնութեան, այսուամենայնիւ հարկ է ազդու միջոցներ ձեռք առնել իսպառ ջնջելու համար ամուրիութիւնն, որ ազգին կը վնասէ ուղղակի։

Ազդու միջոցներէն ազդուագոյնն կը թուի մեզ հետեւեալն, որ կը բաղկանայ քանի մը յօդուածներէ։

Ա. Ամուրիներն կը զրկուին ընտրող եւ ընտրելի ըլլալու իրաւունքէ։

Բ. Կարող ամուրիներն պարտաւոր են կամ ամուսնանալ եւ կամ ամուսնական տուրք մը վճարել ամէն տարի։

Գ. Այս տուրքէն գոյացած գումարն աղքատ ամուրիներու ամուսնութեան կը յատկացուի։

Դ. Ամուրիներու հետ խօսիլն խստիւ արգելուած է աղջիկներու։

Ե. Դ. յօդուածին չհամակերպող աղջիկն կը զրկուի ամուսնութեան իրաւունքէն։

Զ. Ամուրիներն չեն կրնար բնաւ պարի մասնակցիլ։

Է. Ամէն ամուսնացեալ ազատ է իւր ուզած աղջկան կամ կնկան հետ պարել, երգել, ցատկել եւ խմել։

Ը. Ամուրիներուն անուններն լրագրաց միջոցով հրատարակել ամէն տարի։

Մեզ այնպէս կը թուի, թէ վեցերորդ յօդուածին տրամադրութիւնն միայն տարին հազար ամուրիներ ամուսնութեան կը հարկադրէ, եւ եթէ անաչառութեամբ ի գործ դրուին վերոգրեալ յօդուածներն՝ լիայոյս ենք, որ կարճ միջոցի մէջ ամուրիութիւնն մեծ հարուած կ'ընդունի ի պատիւ եւ ի փառս ամուսնութեան, որու վրայ այնքան գեղեցիկ ոտանաւորներ գրուած են։