Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Հակոբ Պարոնյան

Ազգային ջոջեր

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Որչափ ալ բժիշկները վկայած ըլլան, թէ ծիծաղն շատ օգտակար է մար­սողութեան, Լիկուրգոս ծաղու աստուածներու արձաններ դնել տուած ըլլայ սե­ղանատուններու մէջ եւ վերջապէս Պղուտարքոս կերակուրներու առաջին հա­մեմն կոչած ըլլայ զայն, մենք, այս հրատարակութիւնն ընելով, երբեք նպա­տակ ունեցած չենք ո՛չ փափուկ ստամոքսի տէր ընթերցողներուն մարսողու­թեանը ծառայել եւ ո՛չ ալ քիչ կերակուր ուտողներուն ախորժակը բանալ, եթէ երբեք գործս պիտի յաջողի քանի մը ժպիտ քաղել իւր ընթերցողներէն:

Մենք այս հրատարակութեամբ աշխատած ենք մեր ազգին մէջ գտնուած երեւելի անձերուն կենսագրութիւններն ընելով՝ անոնց թերութիւններն ցոյց տալ այն անաչառութեամբ, որ կենսագրէ մը կը պահանջուի՝ առանց սակայն դուրս ելնելու հեգնաբանութեան սահմանէն:

Կը համարձակինք ըսելու, որ ոչ զոք վիրաւորել ուզած ենք եւ ներկայա­ցուցած ենք անձերն այնպէս, ինչպէս որ են եւ ոչ թէ ինչպէս որ կ՚ուզեն իրենք եւ եթէ ընթերցողն տեղ տեղ ծանր կէտերու հանդիպի` անոնց պատասխանա­տուն մենք չենք. ո՞ր հայելին գաճաճն Աքիլլէս կ՚անդրադարձնէ, ո՞ր լեռն սուրբը սատանայ կը կրկնէ:

Կը խոստովանինք, որ ծննդեան թուականներուն մասին պէտք եղած ճշտութիւնը չկրցինք պահել, վասն զի օրինաւոր տոմարներու պակասութեան պատճառաւ քառասուն տարիքն անցած մարդ չգտանք եւ ստիպուեցանք անոնց իւրաքանչիւրին տալ այն տարիքն, զոր ունենալ կը թուին:

Յուսալով, որ ընթերցողն ներողամիտ ոգով պիտի նայի գործոյս թերու­թիւններուն՝ մենք ինքզինքնիս վարձատրուած պիտի համարինք, երբ տես­նենք, որ մեր աշխատութիւնն իւր նպատակին հասած է:

Յ. Յ. Պ.