Zahrat

Տարեդարձ

Այսօր դիպուածաւ
Երբ փողոցը կամ հանրակառքին մէջ
Կամ երկինքին վրայ երկինքէն անդին
Երեսունըհինգ մոմ տեսնէք վառուած
Զահրատը յիշեցէք

Ձեր բանը գործը ձգեցէք մէկ դի
Պահ մը ձեր վիշտերն ու քէնը մոռցէք
Դիտեցէք մոմերու պուրակն այդ բռնկած
Ու մտածեցէք

Թէ օր մʼալ հով մը պիտի փչէ խօլ
Այս բոլոր մոմերը պիտի մարին
Ու պիտի ցրուին անջրպետին մէջ
Ուր ոչ մոմ կʼապրի ոչ դուք ոչ Զահրատ

Պահ մը խորհեցէք
Ու յետոյ դարձեալ
Դուք ձեր հոգերուն
Ես իմ մոմերուս

19 Մայիս 1959

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Noctrune
Edward Baghdasaryan

Noctrune