Zahrat

Սերենատի պէս

Բարի սիրուհիի մը նման
մառախուղը թեւերուն մէջ է առեր Կիկոն

Երբ ամենուրեք խոնաւ է գիշերանց
խոնաւ կայմերը կամ Կիկոյի յիշատակները
պէտք է բոլոր լամբարները մտերմաբար բարեւել
պէտք է փայփայել Կամուրջին բազրիքները
յետոյ կծկուիլ մառախուղին ծոցին

Մառախուղը բարի մառախուղը որ թեւերուն մէջն է առեր ամէն ինչ
ամէն ինչ կայմերը Կղզիները կամ Կիկոն
բարի սիրուհիի մը նման կʼըսէ
Ի՞նչ բան կայ աւելի հաւատարիմ
քան մեծ վիշտ մը առանձնութեան մէջ

Կիկօ կʼերազէ
Բարի սիրուհիի մը նման
մառախուղը թեւերուն մէջ է առեր Կիկոն

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Recalling
David Balasanyan

Recalling

Poppy Flowers
Poppy Flowers
Play Online