Zahrat
Կաղանդի ծառ մը
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երկու բան պէտք է
Նախ ծառ մը յետոյ զարդեր ծառին վրայ
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երեք բան պէտք է
Ծառէն զարդէն զատ
Հաւատքը գալիք աղուոր օրերու
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Մէկ բան կը բաւէ ոչ ծառ ոչ ալ զարդ
Ատիկա խիճերն ադամանդ կարծող
Միամիտ հոգւոյս բարի խաբկանքն է
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Արդէն պատրանքը լրիւ կը բաւէ
Բարի տարի ձեզ եւ բարի պատրանք
Like
Save
Want to read
Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Avet Terteryan
Symphony N3
Dark green painting
Play Online