Zahrat

Հերոսամարտ

Մենք ալ մեր
Պատերազմները ունեցանք մեր անցեալին մէջ մենք ալ
Օրերուն դէմ
Որոնք անցան առանց կնոջ առանց ընկեր բարեկամի
Առանձին
Մենք անզէն
Անթնդանօթ
Պատերազմներ ունեցանք մենք լռելեայն
Եւ անոնց
Պայթիւններէն անշշուկ
Կրակներէն որոնք երբեք չայրեցան
Արիւններէն որոնք երբեք չթափեցան հողն ի վար
Մեր ռազմաշունչ չիշատակները բերինք

Մենք ալ մեր
Հերոսամարտը մղեցինք մեր անցեալին մէջ մենք ալ
Վերապրեցանք վիրաւոր

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Vagharshapat
Komitas

Vagharshapat

Battle of Avarair, 1948
Battle of Avarair, 1948
Play Online