Zahrat

Անպտուղ սալորենին

Սալորենին որ գարնան պտուղ չտուաւ
Ամչցաւ
Տխուր նայեցաւ իր տերեւներուն
Իր լերկ ճիւղերուն
Ու լացաւ

Եւ լաճերը թաղին պտուղի գող
Ոչ մէկ քար նետեցին
Արհամարհանքով ծառին նայեցան
Ու գացին

Այդպէս լքուած ու այդպէս առանձին
Սալորենին
Անոնց ետեւէն նայեցաւ կարօտով
Ու լացաւ

Եւ Պարոնները Տիկինները թաղին
Չնշմարեցին
Հէք սալորենին
Որ այդպէս անպէտ այդպէս յանցաւոր
Լացաւ

Միայն կատու մը սեւ շուքի բարեկամ
Արեւի նման դեղին աչքերով

Երկար նայեցաւ սալորենիին
Ու տուն տեղ եղաւ
Չորս հատ ձագ բերաւ ծառին ստուերին

Հիմա սալորենին
Խանդով կʼերկարէ իր զով հովանին
Որ ձագուկներն ամրան կիզիչ արեւէն
Չըլլայ թէ այրին

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Yerevan etudes
Alexander Spendiaryan

Yerevan etudes

Autumn landscape
Autumn landscape
Play Online