Siamanto

Նաւասարդեան աղօթք առ Դիցուհին Ահանհիտ

Ո՜վ Դիցուհի, ես մեղկութեան կրօններէն ահա իմ խիղճս լուացի
Ու պերճօրէն դեպի զՔեզ կը քալեմ։ Հողաթափներս դեռ սուրբ են։
Բա՛ց մարմար դուռը մեհեանիդ, անոր դիմաց ես ճակատդ թող արիւնեմ…
Բա՛ց բագինըդ եւ տո՛ւր ինծի շէկ զօրութիւնը Արտաշիսեան նախնիքներուս…։
Լսէ՛ ինծի, Ոսկեղէն մա՛յր, քո՛յր արգաւանդ, քո՛յր բարութեան,
Առատութեանց պարգեւիչ եւ Տիրուհիդ հին հայոց,
Նաւասարդի առաւօտով Քու նախկին ցեղդ ահաւասիկ կը ցնծա՜յ…
Թոյլ տուր որ ես, ծնրադիր՝ ձեւիդ առջեւ աղօթեմ…։

Լսէ՛ ինծի, Հրաշքի՛ Վարդ, ոսկի ոտքով աստուածուհի,
Գիշերային սպիտակ Հարս եւ Տարփուհիդ Արեգական
Եւ լուսամարմին մերկութիւն Արամազդեան Առագաստի,
Արեւն իր մէկ ճառագայթով թո՛ղ քու բագինդ դարձեալ վառէ…։
Կը հաւատամ ես ի Քեզ։ Բագրեւանդեան բլուրներուն վրայ կանգուն,
Ես՝ բազմադարեան դիցապաշտ եւ նիզակազէն քու որդիդ,
Իբր առաքեալ եւ խնդրարկու Քեզի կու գամ վեհօրէն,
Լսէ՛ ինծի, Հայկեան բամբիռս Գողթան հողէն է ծներ…

Ուխտի կու գամ։ Քղամիդ մը հասակէս վար եւ բարսամունքի դալար ոստեր ի ձեռիս,
Ահաւասիկ արծաթ ցնցուղ մը վարդահիւթով՝ ստինքներդ օծելու…
Ահաւասիկ խնկաման մը սափորաձեւ, ուր կործանումդ իմ արցունքո՜վս ես լացի…
Եւ ստուերիս հետեւող եղնիկներով նուիրական՝ Քեզ կը քալեմ…։
Բագրեւանդեան բլուրներէն հեթանոս կեանքը հոսի,
Արեւորդիք գեղահասակ, բեհեզներով պարեգօտուած,
Աղեղներու, նիզակներու եւ նետերու վարժէն յետոյ, զոհարանիդ սեմին վրայ
Յաղթ ցուլերու պարանոցին իրենց սուրերը թո՛ղ սեւեռեն…

Թո՛ղ պտղաւորեալ հայ հարսներուն ուսերէն յստակ տարմը տատրակներուն
Դէպի անդրիդ թռիչ առնեն։ Վարդավառի ջրախաղերը թող բացուի՜ն…
Եւ վեշտասնամեայ աղջիկներ բագինիդ շուրջ պարի ելած,
Իրենց մարմինը մոգական, ո՜վ զգաստութեանց Տիրամայր, թող քե՛զ բաշխեն…
Քսան դարու Քու վրէժդ թո՛ղ որ այսօր ես լուծեմ,
Ո՜վ աստուածուհիդ Անահիտ։ Ահաւասիկ քու բագինիդ կրակներուն մէջ նետեցի
Իմ խորտակուած խաչափայտիս երկու թեւերը թունաւոր,
Եւ ցնծա՛ դուն, ո՛վ Ոսկեմայր, Լուսաւորչի կողերէն, ժանտ ոսկոր մը քեզ կը ծխեմ…։
Կը պաղատիմ ես Քեզի, ո՜վ զօրութեանց Դուն աներկրորդ Գեղեցկութիւն…
Դուն Քու մարմինդ արեգակին ընծայելով՝ բեղմնաւորուէ անոր Տարրէն
Եւ անյաղթելի ահեղ Աստուած մը պարգեւէ դուն Հայութեան…
Քու ադամանդեայ արգանդէդ, ո՛վ Դիցուհի, ահեղ Աստուած մը ծնանէ՛ մեզ…։

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
You are Chinar
Komitas

You are Chinar