Siamanto

Արիւն

Տժգունօրէն յոյսին բոլոր շուշանները թափեցան,
Օրերուն անգթութեանը մարմարներէն ի վար,
ՄահագուԺօրէն եւ անդադար.
Եւ արբշիռ եւ ուխտուած հոգիները այլեւս հանեցին,
Իրենց յաղթանակի եւ երազի վերարկուն երկար,
Գերեզմանուող իրիկուններուն հետ,
Եւ աւերումի համայնապատկերին դիմաց.
Գարուններուն խենթեցնող գեղեցկութեանը տեղ,
Տրտմութեան երկաթէ ձիւն մըն է որ կը հոսի,
Մեր բոլորին անմխիթար որբութեանը վրայ
Եւ կարծեմ արհաւրալից ու քինայոյզ ջուլհակներ,
Հեռաւոր ու մթին արուարձանի մը մէջ այսօր,
Աճապարանքով, բոլորը մէկէն,
Մեր սեւ օրերուն խոնաւ պատանքը կը հիւսեն...
Մինչդեռ անագորոյն եւ անարեւ հոկտեմբերներ,
Սառած լուսնկային հետ մինակ,
Տարիներէ ի վեր, ամէ՜ն գիշեր, ամէ՜ն գիշեր,
Կեանքին յուսահատութիւնը կ'անձրեւեն մեր վրայ։
Աւա՜ղ, առաջ արշալոյս մը կար որ քաղցրութեամբ կը
ծագէր,
Եւ իմ յաւիտենական երազս երջանկօրէն
Անկէց ինծի՝ մտածումիս համար ծաղկադաշտեր կը
յօրինէր՝
Եւ պսակներ իմ բաց ճակտիս եւ քնարիս մանկական,
Աւա՜ղ, առաջ արշալոյս մը կար որ բուրաստանի մը
նման կը ծաղկէր,
Երբ անմեղութեան աւազանը հայելին էր իմ հոգիիս,
Երբ լիճերուն եղէգները իմ շունչիս մէջէն
խաղաղութիւնը կ'երգէին...
Երբ մայրական Յոյսին ստինքները յափրացումն էին
շրթունքներուս,
Երբ ադամանդէ լուսնական առաքեալս էր եւ մտածումս
ահագին։
Եւ կապոյտ խորութիւնը անրջային ջուրերուն
Աստուածային ապարանքն էր իմ դողդոջուն եւ պատանի
ստուերիս...
Բայց այսօ՜ր, բայց այսօ՜ր, ես այս ամէնուն առջեւէն,
Սարսափահար եւ աչուըներս փակած կը փախչիմ...
Վասնզի գիտեմ որ բոլոր արշալոյսները Նուիրական
հողին.
Տարիներէ՜ ի վեր, մեր արիւնէն են կարմիր...

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Sobre Dance
Aram Khachatryan

Sobre Dance

A woman with a mirror
A woman with a mirror
Play Online