Misak Metsarents

Քոյր, մօտեցիր կըրակին

Քո՛յր, մօտեցի՛ր կըրակին,
ծըխէ տերեւն այս բուրեա՛ն,
զի ամէն բան ինձ կրկին
կը դարձընէ հոտն արեան։

Քո՛յր, մօտեցի՛ր դարակին
ու բեր հեղուկն հընձանեան,
զի ամէն բան ինձ կրկին
կը դարձընէ համն արեան։

Քո՛յր, մօտեցի՛ր ճըրագին,
մարէ՛ զայն, թող լուսինկան,
զի ամէն բան ինձ կրկին
կը դարձընէ գոյնն արեան։

Քո՛յր, մօտեցի՛ր նըւագին,
երգէ՛ դաշտերն ու ցորեան,
զի ամէն բան ինձ կրկին
կը դարձընէ ձայնն արեան։

Քո՛յր, մօտեցո՛ւր իմ ձեռքին
աստուածաբոցն հըրացան,
զի ամէ՜ն բան ինձ կրկին
կը յիշեցնէ վրէ՛ժն արեան...։

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Tango of Our Childhood
Tigran Mansuryan

Tango of Our Childhood