Misak Metsarents
Ջուրէն դարձին
Երբ բլուրն ի վար
աղբիւրէն դարձին,
իր վարսքի խուրձին
մէջը սողոսկի
նուրբ մատիկն ոսկի
արեւի լոյսին.
հիր սափորն ուսին
երբ բըլուրն ի վար
աղբիւրէն դարձին,
մեղմով ծածանի
լաչակն հողմավար՝
թեւով թռչունի.
ու ծիածանի
թոյրով պսպըղայ
աչքն իր գեղանի.
եւ երբոր ցնծայ
հնչիւնը՝ ծնծղայ
զարդոսկիներուն.
տենչանքով անհուն
հոգիս պիտ' ըղձայ
գանձեր՝ զոր չունի։
Ծարաւ շիղին պէս
պիտ' ըղձայ անի,
երկու կաթիլ ջուր
շուրթերուն իր կէզ։
Եւ իր ճակատին՝
զովացքը ցրտին,
ճակատին կըրակ՝
զովացքը ցրտին,
կարմիր սափորի
ջուրին սառնորակ
ցօղովը բերրի՝
կակաչ ձեռքերու...։
Ա՜հ, այս իրիկուն
սափորն իր ուսին
աղբիւրէն դարձին՝
սիրոյս անանուն
ջերմ սարսուռներով
կը դողայ սօսին...։
Like
Save
Want to read
Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Komitas
The sky is cloudy
In the mountains, 1972
Play Online