Levon Shant

Ես պատրանքը սիրեցի

Շուրջիս տափակ ու չոր կեանքէն զայրացկոտ,

Կանչեցի ես իտէալս կենսածին.

Բայց ետեւէս կծու ծաղրով անամօթ

«Է՜, ան միայն գրքի մէջն է» պոռացին.

Ես ալ գիրքը ինծի ընկեր ընտրեցի,

Ես պատրանքը սիրեցի:

Մենութեան մէջ լուռ, մթնշող սենեակիս,

Չիրագործուող երազներու մէջ թաղուած,

Հեռո՜ւ ու վե՜ր սաւառնեցաւ միշտ հոգիս,

Հոն, ուր կեանքիս գոհար յոյսերն են մաղուած.

Ես, մօր մը պէս, անուրջներս գգուեցի,

Ես պատրանքը սիրեցի:

Երբ գեղեցիկ թարմ աղջիկը ժպտեցաւ,

Սիրտս դողաց յուզումով մը ներդաշնակ.

Սիրեցի ալ, միայն ոչ ան, որ անցաւ.

Այլ անոր նուրբ յափշտակիչ դէմքին տակ

Նոր էակ մը, որ մտքէս հոն անցուցի,

Ես պատրանքը սիրեցի:

Հայրենիքի հուր կարօտը բնածին

Երբ բռընկցուց յուզուած լանջս տենդօրէն,

«Դուն հայրենիք, դուն հող չունիս» հծծեցին.

Ես դառնացայ, բայց ալ ուժգին այդ օրէն

Իմըս չեղող հայրենիքս պաշտեցի,

Ես պատրանքը սիրեցի:

Ինծի համար այն ժամերը թանկ եղան,

Երբ ներշնչուած ստեղծեցի միշտ անգոյ,

Բայց անձնուրաց ազնիւ դէմքեր սիրեկան,

Երբ իրական աշխարհին մէջ միշտ դժգոհ,

Իտէալի կեանքէն երգել ուզեցի.

Ես պատրանքը սիրեցի:

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Hoghushogh
Elen Yolchyan

Hoghushogh

Sardarapat.  the right part of the series of pictures
Sardarapat. the right part of the series of pictures
Play Online