Ghevond Alishan

Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Նախաբան առ Հայկակ

Ա

Հայրենի՜ք… Այն քիչ անուններէն մէկն է այս` զոր գրեթէ ամօթ է բացատրել բարեկիրթ եւ զգօն անմի մը, թէ եւ չըլլայ շատգէտ կամ բանիբուն․ գրեթէ մտքէն առաջ սիրտն կու հասնի, կ՚ըմբռնէ, կ՚իմանայ զայս․ կ՚իմանայ զայն նաեւ երբ չիկրնար քիչ բառով կամ խօսքով բացատրել․ մանաւանդ ուր քաղաքական ու բարոյական տեսութիւնք` ասոր իմաստն այլ այլայլած կամ զանազանած ըլլան։

Արարածոց մէջ` որոնց հետ կ՚ապրի` մարդուս ամենէն յատուկ միանգամայն եւ ազնիւ ծիրքն է միտք կամ բանականութիւն․ որ կ՚ուզէ ըմբռնել, ճանչնալ, դատել․ իր ծանօթութեանց գլխաւոր առարկայն այլ է նախ ինքն եւ իր նմանիքը․ – մարդկութիւնը։ Եւ ինչպէս շուտով մը կ՚իմանայ որ ինքն իբրեւ մարդ ամեն մարդու հաւասարակից է, բայց ամենքն այլ իրմէ զատ զատ մարդիկ են, այսպէս այլ շուտ մը կու ճանչնայ կ՚ընտրէ կ՚որոշէ անոնցմէ բազմութիւն մը մարդկան` որք նման են իրեն այն ամեն բաներով` որով որ ուրիշներու չեն նմանիր։ Եւ ահա կու ճանչնայ զազգս․ եւ անոնց մէջ իր Համազգին, եւ երկրիս բնակութեան վրայ ասոր բռնած տեղն այլ` Հայրենիք։ Բնական է մարդուս փնտռել եւ սիրել զՀայրենիս։

Ո՞ւր է Հայրենիքն։ Կայ ազգ որ ի սկզբանէ պատմական ժամանակաց` երկրիս նոյն կողմը մնացեր կեցեր է․ այսինքն իր հարքն եւ նախահաւքն որդիէ որդի միշտ նոյն երկրին վրայ ծներ սներ մեռեր են․ անոնց ծեռագործ յիշատակաց մէջ եւ մարմնոց նշխարացը քով` կու բնակին մինչեւ ցայսօր իրենց վերջին ծնունդքն այլ, կան ալ` որ ուրիշ տեղ ծներ են, եւ հիմայ ուրիշ տեղ կ՚ապրին եւ գուցէ ուրիշ տեղ մ՚այլ պիտի մեռնին․ իրենց որրանքն եւ գերեզմանքն հեռաւոր լերանց եւ դաշտաց վրայ ծգուած են, որոց միջոց` ուրիշ ազգաց աւելի իրարու մօտիկ որորոցք եւ գերեզմանք կան․ նման մեր Եփրատ գետոյն` որ Սեւ ծովէն հազիւ աստիճան մը հեռու Բարծր Հայոց գագաթներէն կու բղխէ, դէպ յարեւմուտք եւ հարաւ վազելով` գրեթէ նոյնչափ կու մօտենայ Միջերկրական ծովուն Հայոց ծոցը, եւ դարծեալ անկից այլ ճամբան փոխելով` դէպ յարեւելս հարաւախառն` կ՚երթայ կու թափի ի հառաւոր ծոցն Պարսից ի ծով Հնդկաց։ Գուցէ այսպիսի ազգաց դժար ըլլայ հայրենիքը ճշդելը։

Սակայն ո՞վ կայ` որ որչափ այլ պանդուխտ տարագիր եւ թափառական ըլլայ` չունենայ իր սկզբանը հաստատուն կէտ մը։ Երկրիս ծայրէն ի ծայրը տեղափոխիկ օդաչու եւ ծովագնաց թռչունք անգամ, արագիլն եւ կռունկ եւ ծիծռունք եւ սագք, ունեցեր են տեղիկ մը, բունիկ մը, թէ՛ աշտարակի մը ծայր, թէ՛ երդիքի մէկ խորշը, թէ՛ պատի մը ճեղքին մէջ, թէ՛ բարծրածայր ծառոյ մը գագաթ, եւ թէ՛ վազուկ կամ անշարժ ջրի մը եզերք․ այն է իրենց հայրենիքն, ուր` յետ աշխարհաշրջիկ եւ օդափոխիկ տարագնացութեանց` կու դառնան նորածին ընտանեօք, եւ իրենց ախորժելի եղանակին մէջ երկրորդ անգամ ուրախ կեանք մը կ՚անցընեն։ Մարդս ալ որ չի գիտեր իր կենաց վերջին կէտը, ուր դադրիլն եւ ուր ընկնալն, գիտէ գոնէ իր սկզբնաւորութիւնը։ Կան որք դժբաղդաբար ծնողք ճանչցած չըլլան, բայց կու ճանչնան ծնելական տեղը, քաղաքը, գեղը․ այն է իրենց հայրենիքը․ եւ անոր հետ` նոյն օրէնքով վարուած տեղուանքն, եթէ ընդարծակ եւ եթէ ոչ։ Կան, ոհ խեղճութիւն մարդկութեան, կան որ չեն իմացեր չեն զգացեր ի՞նչ է ծնողի մը ծոց, համբոյր եւ գգուանք, չեն սնած անոր կաթով` որոյ արեամբն ծնած են, չեն ճաշակած մօր մը քաղցրութիւն․ եղբայր մը իրենց ծեռքէն չէ բռնած, եւ քոյր մը զիրենք չէ գրկած․ սակայն եւ այնպիսիք ճանչցած զգացած են զսէր եւ զքաղցրութիւն հայրենեաց` որ համատարած եւ անյիշաչար ծնողքի պէս կ՚ընդունի կու գգուէ ամեն համազգի եւ համալեզու։ Տեսեր եմ իրեն ծագման անծանօթ երիտասարդն այլ` որ իրեն փառք եւ հաճոյք կու սեպէր պաշտպանել եւ մեռնիլ իսկ պաշտպանելով այն երկիրը` ուր ծներ ուր սներ էր, եւ ուր իրեն լեզուակից եւ կրօնակից նմանեացն հետ կ՚ապրէր։ Ոհ, ինչպէս քաղցր եղած է անոր դարծը` յետ բազմամեայ զինուորութեան, հեռի եւ տարբեր քաղաքաց եւ բերդից մէջ, եւ երբեմն յետ օտար աշխարհներ այլ մտնելու բանակաց եւ պատերազմաց մէջ, յետ զանազան դիպուածներէ եւ վտանգներէ անցնելու․ կամ անոր` որ աւելի խաղաղական բաղդի հանդիպելով` կամ ուսմանց կամ վաճառաշահութեան կամ ծառայութեան պատճառաւ, կ՚երթայ հեռաւոր աշխարհներ եւ քաղաքներ, զանազան սովորութիւններ, բարքեր, լեզուներ կու տեսնէ եւ կու ստանայ, եւ թէ՛ այսպիսի թէ նիւթական շահերու ծրարները կու բերէ այն քաղաքին կամ գեղին մէջ` ուր իր կենաց ամենէն առջի տարիները եւ դիպուածները անցած են։ Ի՜նչ սքանչելի կ՚երեւին այն քաղքին այն գեղին հին եւ մեծ շէնքերը․ իր զուարճութեան դաշտերը եւ բլրիկները․ իր խաղուց եւ իր փոքրիկ հասակակցաց ընկերութեան տեղուանքը․ այն սրբազան եւ հասարակաց ժողովարանները` ուր իր ծանօթից եւ ընկերաց հետ կ՚երթար`եկեղեցւոյ կամ քաղաքային տօն մը, հանդէս մը, պարտք մը կատարելու, եւ զուարճութեամբ ու մխիթարութեամբ դառնալու։ Ինչ ծանրագին շէնք է այն շէնքը, այն տունը` ուր սներ ու մեծցեր էր, եւ մանաւանդ այն` ուր որ ծներ էր։ … Ո՜հ, աշխարհիս մէջ անկէ ցանկալի անկիւն կրնա՞յ ըլլալ․ եւս առաւել` եթէ ճանչցած այլ ըլլայ հոն իրեն ծնողք եւ հարազատներ․ եւ եւս առաւել` եթէ դեռ յոյս ունենայ զանոնք նորէն տեսնելու․ հապա թէ եւ դեռ տունը չգտած` գտնէ այն հարազատները, այն ծնողքը` որ ելեր զինքը դիմաւորելու եկեր են, եւ իբրեւ զիրար գրկերնուն վրայ առած` կու բերեն իրենց ընտանեկան վառարանին կամ սեղանին եզերքը։ … Հոս միայն ընտանեկան եւ խնամեական քաղցրութիւն մը չէ․ հայրենեաց զգացումն եւ սէր այլ կայ հոս, որ գրեթէ ոչ պակաս զգալի եւ ախորժ կ՚ըլլար` նաեւ եթէ կենդանի յիշատակաց տեղ` միայն անկենդան յիշատակարաններ գտնէր․ մանաւանդ եթէ անոնց մէջ ըլլայ եւ այն յիշատակարանը` որ միջոց մ՚է կենաց եւ մահու եւ անմահութեան․ Գերեզման մը։ Անշուշտ, եթէ կորսուած կամ պահուած ըլլար, բայց եւ կարելի ըլլար ստըկով գտնելու եւ գնելու, բարեկիրթ սիրտն ի պանդխտութենէ դարձած` ստածուածքին կէսն այլ կու տար ստանալու համար սիրելւոյն եւ ընտանւոյն գերեզմանը։ … Կրնա՞ր արդեօք այնպէս անկիրք անկրօնք կարծրակուռ սիրտ մը զտուիլ` որ ըսէ․ Ի՞նչ կ՚ընես, ո՛վ երիտասարդ, մինչդեռ բաղդ աշխարհիս իր զարմանալեաց եւ ակնկալեաց դուռը կու բանայ քեզի, դու այդ բաղդին օժանդակ ստակդ ա՞յդպէս զուր կու վատնես, երկու կանգուն կոշտ հող մը, եւ քանի մը չոր ու պժգալի ոսկորներ գնելու, որոց վրայ չիկրնար մէկն նայիլ առանց զզուանաց։ … Աղօթենք, Հայկակ, որ այդպիսի ձայն մը քու եւ նմանեացդ ակընջին երբեք չհասնի։ Եղած անցած մարդկութեան ամենէն խղճալի թողած յիշատակն եւ նշխարն` արդարեւ իր ցանկալի եւ սրբազան բան չկայ երկրիս վրայ` այն` մարմնոյն հաղորդակից կամ արենակից ներկայ մարդու մը համար․ եւ որչափ սիրելի են այն նշխարքն` այնքան եւ զանոնք պահող տեղն, հողավայրն, գերեզմանն․ ըլլայ հոյակապ մահարձանօք շիրիմ մը, ըլլայ պարզ քար մը, կամ թէ բնաւ անքար տափակ հողն, քանի մը ծաղկով, կամ լոկ կանաչ խոտով պատած, եւ երկճիւղիկ փայտով` սեւ խաչով մը նշանուած։ Ծըննդեան տեղն կամ տնիկն, եւ նախնեաց գերեզմանն` մարդուս երկու հատիկ կէտերն են, որոց մէկուն վրայ պէտք է կեցընէ կարկինը` այն սիրտն` որ կ՚ուզէ ծրագրել սահման մը իրեն հայրենեացը, եթէ չիգիտեր ուրիշ սահման։

Կեանքերնիս արդարեւ կարճ ընթացք մ՚է երկու իջեւանատանց միջոց․ առաջինն` օրոց, երկրորդն հողոց․ կամ թէ կրնայ ըսուիլ` Ծնարան եւ Քնարան։ Սակայն մարդ միթէ միայն ծնանելո՞ւ եւ մեռնելու համար եկած է յաշխարհ։ Ոչ․ մարդս խոհուն եւ գործուն էակ է․ թէ եւ քիչ բան կրնայ ընել եւ քիչ միջոցի մէջ, մէկ իջեւան մը ընթանալու չափ․ բայց այդ միջոցն, այդ ընթացքն, եւ մանաւանդ այդ գործքն է զհայրենիս բովանդակող։ Եթէ գործն չըլլար` ոչ ծննդեան եւ ոչ մահու յիշատակք այնպէս սիրելի եւ սրտալի կ՚ըլլային մարդկան․ կամ ըրած գործքերուն կամ յուսացուած ընելի գործոցն համար է` որ այնպէս սիրելի եւ ցանկալի են մեզ յիշատակք եւ գերեզմանք հանգուցելոց։ Ուրեմն թէ եւ հայրենեաց կէտք եւ կենդրոնք կ՚երեւին այդ ծնարանքն եւ քնարանքն, սակայն անոնմով կ՚ենթադրուի գործոց յիշատակն, որ է բարոյական կեանք եւ մարդու եւ ազգի, որով եւ հայրենեաց իսկ։ Ուրեմն աւելի կերպով մը հոն են հայրենիք` ուր որ մեր արենակիցք եւ լեզուակիցք գործեր են․ եթէ ծննդեան եւ մահուան` դիպուածական եւ կերպով մ՚ակամայ յիշատակարանքն իսկ այնքան սիրելի կ՚ըլլան, ո՞րքան աւելի քննելի եւ փնտռելի են կենաց յիշատակարանքն` ուր ալ որ գործուած ըլլան, եթէ ի սեփական եւ եթէ յօտար երկրի։ Վասն զի կրնայ ըլլայ որ մէկն քաղքի մը մէջ ծնած եւ մէկէն փոխադրուած ըլլայ ուրիշ տեղ մը, հոն ապրած եւ գործած․ յետոյ ուրիշ քաղաք մ՚երթալով` հոն այլ մեռած․ այսպէս այլ կրնան գտուիլ ժողովուրդք` որ երկրէ մը ծագեր են, հիմայ ուրիշ երկրի մէջ կու բնակին․ բայց իրենց եւ իրենց նահապետաց միջին սերունդքն այլ շատ երկայն ատեն` ուրիշ երկիր մը բնակած ըլլան․ այս միջին երկիրս կրնայ աւելի իրաւամբք մ՚իրենց հայրենիք ըսուիլ, կամ ինչպէս սովորութիւն է ասանկ առթից մէջ անուանել` երկրորդ հայրենիք։ Ստոյգ է որ ուր երկրորդ եւ երրորդ հայրենիք ըլլան` կրնայ սիրտն տարակուսիլ եւ տարուբերիլ․ սակայն եւ այն ատեն հոն կու հանգչի` ուր որ աւելի գործոց յիշատակ գտնէ։

Ո՜րչափ փափագելի, որչափ բարեբաստիկ է անոնց վիճակն` որ մէկ աչքով կու տեսնեն իրենց իջեւանին երկու հանգոյցներն ալ, ծնարանը եւ քնարանը, հանդերձ միջոցովն` որ կրնար ըսուիլ Գործարան։ Ո՛րչափ բարեբաղդ է, կ՚ըսեմ, այն ազգն` որ ի սկզբանէ ի վեր իր համալեզու նախնեաց երկրին մէջն է կեցեր․ անկէց դուրս տեղ չիգտներ իր նահապետաց ծնարանը, եւ հոն կու տեսնէ անոնց քնարանը․ ինչպէս առանձին մարդ մը` որ բնակի այն տունը` ուր իր հարքն եւ պապքն այլ բնակեր են, եւ պատրաստէ իր մարմնոյն վերջին հանգստարանը հոն` ուր որ այն հայրերն ու պապերն այլ կու հանգչին դարերով․ ուր իրենց վրայ հովանացեալ ծառոյն փոքրիկ տերեւոց նման` որդիք զորդիս փոխանակելով` քանի մը կամ շատ ցեղեր իրարու ետեւէ ընկեր մնացեր են։ Կրնանք նախանձելի սեպել երկրիս վրայ այդպիսի ազգի մը բաղդը, որ կու յայտնէ թէ կամ օտար բռնութիւններէ ազատ է մնացեր, կամ մանաւանդ` կրցեր է զինքը պաշտպանել անոնցմէ․ իրեն նախնեաց աւանդը պահեր է անոնց նշխարացը քով․ հայրենեաց զգացումն պէտք է որ շատ զօրաւոր ըլլայ այն ազգին վրայ, ինչու որ աչքովն այլ կու տեսնէ անոնց յիշատակարանները, կու պտըտի անոնց չափած ասպարիզին մէջ, կու գործէ հոն` ուր անոնք գործեցին․ իր կենդրոնն եւ սահմանքն յայտնի են․ հայրենեաց ամեն տեսակ իմաստքն այլ ամփոփուած են մէկ գծով բոլորած սահմանի մէջ․ գիծ մը` որ եռանկեան մը պէս կու միացընէ իր եւ իր նախնեաց ծնարանին, քնարանին, գործարանին կէտերը։ Կրնայ այնպիսին չգիտնալ իր ազգաբանութիւնը, իր հարց կարգաւ յաջորդութիւնը․ բայց գիտէ որ հազար տարիով այլ առաջ իր նախահայրն` այն երկրին մէջ բնակեր է․ հոն է եղեր իր բոլոր ազգատոհմին նահապետն կամ ազգապետն այլ․ եւ ինչպէս հիմայ իր համազգի ընկերներն են` որ այն գետինը կու մշակեն, այսպէս երկայն դարերով այլ առաջ` նոյն արիւն եւ նոյն լեզուն ունող ընկերակիցքն` նոյն հողէն նոյնպէս իրենց սնունդ կու հանեն եւ ի նոյն հող կու դառնան եղեր․ գիտէ որ այն մեծամեծ ծառերն` որոց տակ քանի մը հասակ զիրար յաջորդելով նստեր են, իրեն նախահարց տնկածներն են, որոնք նոյնպէս իրենց նախնեաց հինաւուրց ձեռնատնկոց տակ խաղցեր եւ հանգչեր են․ այն ապառաժ լեռներն` իրենց կողերէն ընծայեր են իր քաղքին եւ աշխարհին ամենէն հին շէնքերուն նիւթն այլ, որոց ճարտարապետական ձեւն եւ արձանագրութիւնք` դեռ իր հիմակուան ոճն եւ լեզուն կու յիշեցընեն․ այն հին կամուրջը` վայրենի ձորակի մը վրայ ձգուած` իր գեղին քանի մը երջանիկ նահապետաց ձգածն է․ այն մեծամեծ եւ հասարակաց կրօնից շէնքերն` իր նախնեաց բարեպաշտութեան եւ մեծագործութեան յիշատակարաններն են․ այն բարձր եւ քանդակազարդ կամարքն եւ կոթողքն` իրեն նախնեաց քաջութեան ցուցակքն են եւ յորդորքն անոնց նմանելու․ այն դաշտերն` ուր երբեմն պատերազմաց դրօշք բարձրացան եւ երբեմն ընկան իրենց դրօշակրաց եւ անոնց ետեւէն գացողաց հետ, ուր երբեմն յաղթութեան թմբուկքն բոմբեցին, երբեմն յաղթուելու եւ ետք քաշուելու սրտակտոր փողն հնչեց, այն ամենն այլ իր նախնեաց թէ՛ արեամբք թէ՛ քրտամբք ոռոգուեր են։ Եթէ խնտայ հոն եւ եթէ լայ` անցեալ յիշատակաց համեմատ,, խնտումն այլ` լացն այլ` ոչ միայն սիրով են, այլ եւ փառօք․ վասն զի քաջութեամբ կռուիլն եւ պաշտպանելն աւելի արժանաւոր է` քան յաղթող գտնուիլն․ միշտ փառք ու պարծանք է իր երկիրն եւ իր ազգը սեփական լեզուաւ եւ օրինօք պահելն․ ունենայ յատուկ եւ բնիկ լեզու մը, սահման մը, քաղաքավարութիւն մը, ծէս մը, եւ յիշատակարաններ, որոնց համար բարեկամ բարեկամի հետ խօսելով կարենան ըսել․ մէրը․ այս կատարեալ հայրենիք է, երկրիս որ կողմն այլ որ ըլլայ, ինչ դիրք այլ որ ունենայ։

Բ

Այս վերջի անդրադարձ մտածութիւնս այլ ըրի, Հայկակ, յիշեցընելու համար մեծ խնդիր մը կամ իմաստ մը, որ կու զանազանէ զհայրենիս, որով եւ զհայրենասէրս, ըստ բնական դրից երկրին։ Իրաւ է որ ով որ վերը յիշած յատկութեանց համար կրնայ իմ ըսել երկրին, անոր համար միշտ գեղեցիկ է հայրենիքն․ սակայն երբ մէկն, մանաւանդ երրորդ անձ մը, երկու երկիր իրարու հետ բաղդատէ իբրեւ բնազնին եւ բանաքնին, ի հարկէ կերպ կերպ զանազանութիւններ կու գտնէ անոնց մէջ, եւ ըստ այնմ անոնց բնակչաց բնաւորութիւնն այլ յարմարած․ իրենց բնական կազմուածքէն սկսեալ մինչեւ ի բարոյական բերմունս․ եւ ըստ կերպարանաց ու հանգամանաց երկրին` անոր վրայ ունեցած սէրն կամ համարումն այլ կը կերպաւորուին։ Յայտնի է ամենուն թէ ի՛նչ ազդեցութիւն ունին Կլիմայք` տեղացեաց վրայ․ ինչպէս` սաստիկ տաք կամ ցուրտ երկրի բնակիչք` տկար եւ ջըլատեալ կ՚ըլլան․ ինչպէս` բարեխառն կլիմայից բնակիչք` աւելի բարեկեցիկք, բարեբնոյթք եւ կիրթք․ չափաւոր ցրտութեան տակ եղողք աւելի ժիր կ՚ըլլան․ չափաւոր տաքութեան տակ եղողքն այլ` աւելի զուարթ եւ զբօսասէր, ինչպէս Գաղղիացին․ միգամած երկրի բնակիչք` իրենց վարուց վրայ այլ միգային քող մը կ՚երեւցընեն, մելամաղձ եւ ծանրաբարոյ կ՚ըլլան, ինչպէս Անգղիացին եւ Հոլանտացին։ Այսպէս եւ գուցէ այլ աւելի, երկրին կազմուածքն եւ գիրքն ունին տպաւորութիւն ի վերայ բնակչացն։ Թաթարիստանի ծովանման չոր անապատաց բնակիչքն, եւ Եւրոպիոյ կամ Ամերիկոյ հարաւային կողմանց բարեբոյս դաշտաց բնակիչքն` հարկ է որ տարբեր բնաւորութիւն ունենան․ մէկն միշտ գետինը փորելով հոն կենայ, մէկայլն անդադար լերկ ու մերկ երկրին վրայ սահելով անցնի կամ ման գայ իր հոտերով եւ երամակներով` անոնց ճարակ գտնելու համար․ մէկն անասուն եւ շինասէր, մէկալն անտուն եւ շինաւեր։ Զուիցերաց լեռնաշատ եւ լճաշատ եւ նկարակերպ բարձանց եւ հովտաց բնակիչն` ի հարկէ պէտք է զմայլի իր հայրենեաց բնական գեղեցկութեան վրայ, որ ամենէն տխուր եղանակի մէջ այլ իր շնորհքն ունի, ո՞րչափ եւս աւելի լաւ եղանակին մէջ․ զարմանք չէ ուրեմն որ երբ օտարութեան մէջ իր ազգային երգը լսէ եւ հայրենեաց պատկերը իր վառվռուն գոյներովը նկարուի մտացն առջեւ, բոլոր սրտով թունդ ելնէ եւ գրեթէ հիւանդանայ եւ հալի հայրենեացը կարօտով։ Յունաց եւ Իտալացւոց այնչափ գերազանցութեան ի գեղարուեստս` առաջին վարպետ եղած է իրենց հայրենի երկրին բնութիւնն, բարեխառն կլիմայն, դալար բուսաբերութիւն, զանազանութիւն կամ ելեւէջք դրից, եւ ծովն․ – ծո՜վն, այն ծեր եւ ալէզարդ մեծ վարժապետն` որ իր ահեղ ձայներէն աւելի` իր կերպ ու կերպ ծփանոքն ցամաքին կերպ ու կերպ ափանց եւ ծոցից վրայ, շատ զարմանալի բաներ ազդած է եւ կ՚ազդէ Յունի մը, Վենետկեցւոյ մը, Անգղիացւոյ մը, Բրետոնի մը, եւ որ եւ է ազգի` որոյ երկիրն բաղդաւոր եղեր է գոնէ իր եզերաց չափաւոր մաս մը մահկաձեւ կամ աղեղնաձեւ տարածելու ի խաղ ւ՚ի կռիւ կապուտակ կոհակներուն։ Ժողովուրդ մը որ ունի հրուանդաններ` դիտելու այն անսպառ ալեաց զբօսանքը, եւ անոնց երեսէն հովով կամ հրով հրուած եկող եւ գացող քալուկ տուները (նաւերը)` աշխարհքէ աշխարհք հեռաւոր կողմերու լուրեր եւ բերքեր տարուբերելով, այնպիսի ժողովուրդ` չիկրնար ապուշ մէկ մ՚ըլլալ։ Բայց եթէ ծովն բոլորովին ծրագրելով զԱնգղիա` կու տայ անոր բնակչաց ծովապետութեան պատիւն եւ գոռոզութիւն, կամ Յունաստանի կղզեաց մէջ կոտըրտուելով կու տայ անոր բնակչաց աշխոյժ եւ ժրութիւն, միանգամայն եւ պարծիլ մը իրենց ափանց վրայ․ գեղեցիկ եւ հովանաւոր դաշտերն այլ, բարձր բարձր եւ զով լեռներն այլ` կու տան իրենց բնակչաց ոչ պակաս զուարճութիւն եւ պարծանք։ Ինչուան ժայռոտ տեղերու բնակիչքն` այն բնութեան ամենէն անարուեստ կերպարանաց վրայ այլ կու գտնեն զարմանալի ձեւեր եւ տեսքեր, որով կու զմայլին եւ կու պարծին իրենց հայրենեաց վրայ։ … Բայց գուցէ չեն այլ կրնար ծածկել` այն չոր ու խոժոռ արարածոց առթած կերպ մը չոր տպաւորութիւնն այլ` որ իրենց բարուց եւ շարժմանց վրայ կ՚ազդուի։

Եթէ այսպիսի գիրք երկրի` զոր բնութիւնն միայն իր անզգայ ձեռքերով ձեւացուցեր է, այսքան ազդեցութիւն ունին ազգաց բարուց եւ զգացման վրայ, ո՞րքան եւս առաւել զօրաւոր եւ զանազան կ՚ըլլան հայրենեաց ազդեցութիւնք ի ժողովուրդս` որոց երկրին վրայ բնականին հետ ձեռագործ եւ պատմական յիշատակարանք այլ երեւին ցեղուցեղ։ Երբոր մէկն օրերով քալելով համազգեաց երկրի մը սահմանաց մէջ` տեսնէ լերանց եւ բլրոց վրայ հնացեալ եւ երբեմն կիսաւեր բերդեր եւ դղեակներ, հաստամուր պարսպով քաղաքներ, հին եւ մեծ պալատներ, բանուկ ճամբաներ եւ կամուրջներ, մեծամեծ հասարակաց շէնքեր, փայլուն կամ մամռապատ կամարներ, իրենց տակ թաղուածներուն պէս հնացեալ գերեզմաններ, հանդերձ նոր եւ պայծառ շէնքերով, եւ ժամանակին զարգացման համեմատ օգտակար եւ շահաւէտ գործարաններ, կրթարաններ, ժողովարաններ, հանդիսի եւ զբօսանաց տեղեր, քաղաքական եւ զինուորական հրապարակներ, եւ այլն, եւ այլն․ եւ այս ամենուն համար կարենայ ըսել թէ իմ համալեզու նախնեացս ձեռագործք են, որոց ոմանց վրայէն երկայն դարեր այլ անցեր են, եւ գուցէ հազարաւոր տարիներու յիշատակարանք այլ կան անոնց մէջ․ ի՞նչպէս սիրտն կ՚ուռի կ՚ընդլայնի, կու բարձրանայ, կու խաղայ եւ կու հանգչի ծովին մէջ․ ի՞նչ օրինաւոր պարծանօք եւ գրեթէ հպարտութեամբ մը կրնայ ըսել` թէ ասոնք իմ հայրենեացս են, ասիկայ իմ հայրենիքս է․ եւ թէ յիշատակ ժամանակաց հետէ միշտ մեր ազգն այս երկրիս եւ այս շէնքերուս տակ բնակեր է․ ասիկայ մեր հայրենական կալուածն է զոր սեփական օրինօք եւ քաղաքավարութեամբ պահեր են նախնիքս իր հին սահմանաց մէջ, ի միջի ուրիշ սահմանաց եւ ազգաց։ Ո՜հ, արդարեւ ատիկայ կատարեալ եւ նախանձելի հայրենիք է․ ատիկայ ընդարձակ հասարակաց բնիկ տուն մ՚է, որ ամեն համազգի մարդու մասնաւոր տուներ իր մէջ կու բովանդակէ․ ատիկայ ամեն կերպ զօրաւոր սէր եւ զմայլումն կ՚ազդէ բնակչին վրայ․ այդ է որ զգացուցեր եւ ազդեր է այն ամենայն հրաշալի հայրենասիրութեան կրքերը, այն աշխատութիւնները, համբերութիւնները, քաջութիւնները, եւ ինչուան կենսանուէր զոհերը, երբեմն միայնակ, երբեմն ընկերակցօք եւ երբեմն բովանդակ բանակներով․ զոր հռչակեր են պատմիչք, քերդողք եւ ճարտար արուեստաւորք․ եւ որոց վրայ կու զարմանան ընթերցողք եւ լսողք` նաեւ յետ երկար դարուց անցնելու, եւ կու պարծին անոնց յետին համազգի թոռանց թոռունքն այլ։ … Աշխարհք չիկրնար այսուհետեւ մոռնալ 8000 տարուան Տրոյիոյ առման դէպքը, եւ ոչ 2400 տարուան Սալամինայ եւ Թերմոպիլէի յիշատակները, որոց վրայ միշտ պիտի պարծի ո՛րչափ ատեն որ գտնուի Յոյն մը։ Այսպիսի յիշատակք երկրաւոր յաւիտենականութիւն մ՚են, ազդու եւ սիրուն։ Ասոնց նման քիչ շատ ուրիշ ազգեր այլ ունին իրենց սեփական եւ սիրուն յիշատակներ, որ իրենց տեւողութեան հետ պիտի հնանան, եւ աւելի քան զգինի եւ զբարեկամութիւն հնացեալ` հին ախորժ յիշատակքն զօրաւոր եւ քաղցր են մարդկան, եւ հասարակաց հաւասար վայելելի ամեն ժամանակ։ … Ո՜հ, երբ այսպիսի յիշատակաց վրայ շարժի գրիչն, չիկրնար գոնէ կայծեր չցատքեցընել․ պատմիչն յանկարծ վիպասան կ՚ըլլայ, բանադատն` բանաստեղծ։ Հայրենեաց հրեղէն հոսանքէն չհալող սիրտն` շատ ապառում շատ այլանդակ եւ այլանիւթ պիտի ըլլայ։ … Վա՜յ այդպիսի հրէշին․ երկիր կու հալածէ զանիկայ, երկինք չիկրնար ընդունիլ սիրտ մը` որ այնքան կարծր գտուած ըլլայ երկրի վրայ․ անհնար է որ հայրենատեաց մը եւ լոկ անհայրենասէր մը` առաքինի ըլլայ, թող թէ սուրբ։ Երկնից պատգամ է թէ ընկերը չսիրողն` չիկրնար զԱստուած սիրել․ հապա բոլոր ընկերները բովանդակող հայրենիքը չսիրողն` ի՞նչպէս սիրէ ամեն սիրոյ կենդրոն եւ շտեմարան հանդերձեալ բնակարանն մաքուր հոգւոց։ …

Գ

Բայց բաւական պտըտեցանք կարծեմ, Հայկակ, հայրենիք քննելու եւ տեսնելու․ դառնանք փնտռենք մեր սեփական հայրենիքն ալ։ Միթէ չկա՞յ մէկ Հայ հայրենիք մ՚այլ․ միթէ չունի՞ Հայն իր Հայաստանը։ … Ո՞ւր է այս հայրենիքս, ո՞ւր է այն աշխարհն։ … Ի՛նչ դիւրին եւ ինչ դժար պատասխանի․ ո՜րչափ քաղցր եւ որչափ դառն յիշատակք։ Եթէ առաջին տեսութեամբ ամեն մարդու ծնած, սնած, ապրած տեղն իրեն հայրենիք սեպեմք, ո՞րչափ օտար եւ իրարմէ հեռու տեղուանք պիտի ըլլան Հայոց հայրենիքն։ Եւրոպայի արեւելեան եզերքներէն մինչեւ յովկիական Ճեաւա կղզին, Նեղոսի ափունքներէն մինչեւ ի Վոլկայի բերանը, անձմեռն Միջագետաց խորերէն մինչեւ յանամառն Ֆինլանտիոյ դաշտերը` կու գտուին, կու բնակին Հայ ընտանիք եւ ընկերութիւնք։ Ո՞ւր է անոնց հայրենիքն․ միթէ ամեն մէկուն իր ծննդեան տե՞ղն է` որ այնքան կու տարբերի մէկալներուն ծննդեան տեղէն` որչափ ամենէն աննման աշխարհք իրարմէ․ ի՞նչպէս կրնան Հայք մէկ հայրենիք մ՚ունենալ։ … Պէտք է որ այդքան ցրուած եւ ցանուած համազգիքը միայն գաղթական սեպենք, օտարատունկ բոյսեր եւ ոչ բնիկ։ Ազգին հայրենիքը փնտռելու է այն տեղուանքը` ուր աւելի բազմութիւն եւ իրարու մօտ կու բնակին․ թէպէտ այս այլ մեր ազգին համար շատ դիւրին ճամբայ չէ․ որովհետեւ բաւական մօտիկ բնակութեամբ այլ` դեռ շատ ընդարձակ եւ անհուն երկրի երես սփռած կու տեսնեմք մեր ազգը, որ չէր կրնար այնքան տեղ բռնել իր համալեզու եւ համարիւն անհավատներով, բայց եթէ ըլլար Չինաց պէս բազմածին աճեցեալ ազգ մը․ վասն զի գրեթէ Պարսից ծոցէն սկսեալ ի հարաւոյ արեւմտից` 10 20 աստիճան աշխարհագրական լայնութեամբ ինչուան յԱդրիական ծով ձգուած երկիրներու մէջ դէպ ի հիւսիս արեւմտից` ցանցառ կամ խիտ բնակութեամբ կ՚երեւին մեր համազգիք, երբեմն նեղ եւ երբեմն լայն` բայց գրեթէ անընդհատ գօտւոյ մը պէս։ Սակայ այս դեռ շատ ընդարձակ միջոցին երկու ծայրերն այլ թողլով, (ուր աւելի ցանցառ եւ ցրուած է հայութիւնն), պէտք է մէջտեղուանքն` (ուր աւելի խիտ եւ մօտիկ է բնակութիւննին) փնտռենք մեր հայրենիքը, եւ յիրաւի կու տեսնեմք որ ազգերնուս բազմութիւնն կու բնակի վերին Եփրատ գետոյն երկու կողմերը, աջ` կամ արեւմտեան կողմէն` մինչեւ Ալիւս (Գըզըլըրմաք) գետոյն եզերքը, ձախ կողմէն` կամ արեւելքէն` մինչեւ ի Կուր գետ, կամ այլ անդին մինչեւ ի Կասպից ծով․ հիւսիսէն այլ մինչեւ ի Կովկաս, հարաւէն մինչեւ յանապատն Միջագետաց։ Այս վերջի միջոցս այլ դեռ բաւական ընդարձակ է մեր ազգին համար, ոչ միայն ըստ հիմակուան վիճակին, այլ եւ ըստ հին ատենի․ ուրեմն եթէ ասոր այլ չորս սահմաններն ամփոփեմք` կրնամք տեսնել չափավոր երկիր մը` յիշեալ գետոյն (Եփրատայ) երկու կողմը, որոց մէկն (աջակողմեանն) ըլլայ Փոքր Հայք, միւսն Մեծ Հայք, ասոնք, եւ մանաւանդ ետքինս այս է բուն Հայաստան, հոն է մեր հայրենիքն․ թէ եւ այսօրուան օրս, աւա՜ղ, ամեն աշխարհացոյցք այս մեզի ցանկայլի անուամբ չեն նշանակեր այն երկիրը, այլ անոր քանի մը նահանգաց եւ գաւառաց անուամբք, կամ նոր եւ օտար անուններով։

Թողլով պատճառները եւ դէպքերը քննելու կամ յիշելու, վկայենք որ ազգերնուս մէկ մեծ մաս մը հիմայ իր բնիկ եւ սեփական հայրենեաց սահմաններէն դուրս տեղ կու բնակի կամ հաստատուած է․ բայց դեռ մեծագոյն մաս մ՚իր նախնեաց բնիկ երկրին մէջ է, որ է Մեծ Հայք, կամ անոր շատ մօտ տեղ, ինչպէս են Փոքր Հայք, Կովկաս եւ Կիւլիկիա․ այս ետքինս թէ եւ հեռագոյն քան զբուն Փոքր Հայս, բայց աւելի Հայկական հայրենի երկիր դարձեր է․ վասն զի հոս աւելի կեդրոնացեր է Հայութիւնն իր սեփական էրինօքն, տիրութեամբն, լեզուաւ եւ սեփական յատկութեամբք, որոց նշանք կու մնան իր ձեռագործ եւ ձեռագիր ազգային յիշատակարանքն։

Դ

Ազգային յիշատակարանք․ ասոնք են բնիկ նշանք հայրենեաց․ ասոնք են իւրաքանչիւր ազգի հայրենեաց ամենէն ազդու եւ զօրաւոր արձանագրութիւնք, միանգամայն եւ ամենէն սիրելի եւ սրտառուչ բաներ երկրիս վրայ։ Կրնամք ուրեմն մենք Հայքս այլ, յետ արտասուելու մեր անցեալ կամ կորուսեալ երկայն ինքնակացութեանը եւ բազմակերպ յիշատակաց վրայ, (որք 3000 տարի մը հանդիպեցան այն մի եւ նոյն երկրին վրայ` զոր բնիկք եւ օտարք միշտ կ՚անուանէին Հայաստան եւ Արմենիա), կրնամք, կ՚ըսեմ, դեռ հիմայ այլ մխիթարուիլ` որ այս ցան եւ ցիր ազգերնուս գոնէ կէսն դեռ իր հին եւ ամենահին հարանց հողուն վրայ կու բնակի, կու բանի եւ կու հանգչի, անոնց նշխարեալ ոսկերաց քով իրեններն այլ աւանդելով․ եւ կրնայ դեռ յետ այնքան ասպատակութեանց եւ աւերանաց` որ թերեւս ամեն աշխարհէ աւելի իր երկրին վրայ եղան, կրնայ դեռ իր նախնի տիրագլուխ նախնեաց հնացեալ եւ կիսաքանդ յիշատակարանները տեսնել․ – կրնայ ճանչնալ այն տեղուանքը` ուր իր համարիւն եւ համալեզու առաքինեաց եւ քաջաց գործք եւ արդիւնքն կատարեցան, որք ի գիր անցան եւ դարուց ի դար կու պատմին եւ պիտի պատմին։ Կրնամք եւ մենք հեռաւորքս եւ մերձաւորք` մխիթարուիլ եւ օգտուիլ այն յիշատակարաններով եւ յիշատակներով, զոր եթէ ժամանակն մէկ կողմէն կու ջանայ աւելի հնացընել եւ մոռացընել, մէկ այլ կողմէն դիւրութիւնք նոյն ժամանակի, արուեստք, գիտութիւնք, ջանք եւ կրթութիւն` աւելի կու յայտնեն, կու նորոգեն, կենդանացընեն։ Զանոնք փնտռելով եւ քննելով` կու ստիպուինք անգամ մ՚այլ վկայել մեր անաչառ պատմահօր հետ (Խորեն․ Ա․ Գ․), որ թէպէտ եւ հիմայ փոքր ազգ մ՚ենք, տկար եւ օտարի իշխանութեան տակ ընկած, ,սակայն բազում գործք, արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիսե։ Գործք արութեան են` քաջութիւն հոգւոյ եւ սրտի եւ ձեռաց․ արդիւնք առաքինութեան եւ կտրճութեան։ Այո՛, այո՛․ հայրենեաց ամենէն հզօր հրապոյրքն են այսպիսի գործոց յիշատակք, եթէ անոնց նիւթական յուշարարքն կամ արձանքն մնացած ըլլան եւ եթէ չըլլան․ ասոնք են տեսարանին գլխաւոր պատկերքն։ Եւ եթէ այն պատկերաց հետ ենթակայքն եւ շրջանակքն այլ համեմատ եւ գեղեցիկ ըլլան` ի հարկէ բոլոր տեսարանն այլ աւելի գեղեցիկ կ՚երեւի․ այսինքն, եթէ այն գործոց հետ` տեղն ու դիրքն այլ ի բնէ վայելուչ ըլլան` հայրենիք կրկին քաղցր եւ ցանկալի կ՚ըլլայ։ Արդ այս տեսութեամբ այլ` մեր հայրենիքն Հայաստան` կրնայ շատ չնախանձիլ ուրիշ աշխարհաց, այլ եւ շատերու նախանձելի ըլլալ․ վասն զի բնութիւնն կամ տէրն բնութեան` շատ գեղեցկութեամբ եւ հարստութեամբ զարդարեր է զայն․ զոր օր մը յատուկ համառօտ բնագրութեամբ մը կ՚ուզեմ քեզի նկարագրել։ Հայկակ։ Իսկ եթէ այս բնական եւ ազգային տեսարանաց հետ նկատենք մեր հայրենեաց վրայ համաշխարհական երեւոյթներ այլ, այսինքն անանկ դէպքեր, որ կամ բոլոր աշխարհիս կամ շատ ազգաց պատմութեանն այլ կու վերաբերին, կարծեմ թէ քիչ երկիր կրնայ մեր հայրենեաց հետ բաղդատուիլ, եւ կամ ոչ մէկն այլ հաւասարիլ այն երկրին, ուր հասարակաց կամ հաւանագոյն ծանօթութիւնն` կ՚ընդունի զդրախտն, այսինքն մարդկութեան ծագումը․ – տապանին հանգըստեան տեղը, այսինքն երկրորդ անգամ մարդկութեան ծագիլ եւ ծաւալիլը․ աճեցեալ մարդկութեան ծագիլ եւ ծաւալիլը․ աճեցեալ մարդկութեան առաջին անգամ ցրուիլն անկէց, եւ դարձեալ ի Բաբելոնէ ցրուելոց շատերուն նորէն կամ բնակարան կամ անցարան եւ իբրեւ կարաւանատուն մ՚ըլլալն․ կրնամք ըսել թէ հիմնակուան զարմանալի Եւրոպիոյ մեծ մասն այլ Հայաստանէն անցեր է․ անոր ազգաց շատ նահապետքն կամ գաղթականաց գլխաւորք` մեր աշխարհքէն ելեր կամ անցեր են յարեւմուտս եւ ոմանք դէպ ի հիւսիս։ Այո՛, Հայկակ, դարձեալ կու կրկնեմ, որ թէ բնական, թէ ազգային եւ թէ համաշխարհական տեսութեամբք` շատ նշանաւոր երկիր մ՚է Հայաստան․ եւ ըստ այսմ տեսութեան` կերպով մ՚եռապատիկ կ՚ընդարձակի մեր հայրենիքն, որ արդէն իսկ բաւական ընդարձակ էր թէ՛ իր սահմաններովն եւ թէ մեր պատմական տեւողութեամբն, որ կու սկըսի ամենէն հին ազգաց պատմութեան հետ․ եւ իր ինքնագլխութիւնը կամ երկրատիրութիւնը կորուսանելու երկար միջոցն այլ` դեռ փոքրագոյն մաս մ՚է հայութեան կենաց ի վերայ երկրի։ Եւ արդ այս ամենս` անգամ մ՚այլ կու հաստատեն` թէ շատ գործք եղած են ի Հայաստան, շատ յիշատակներ պիտի ունենայ մեր հայրենիքն։ …

Ե

Արդ ի՞նչ պիտի ըլլայ ուրեմն, ով Հայկակ, այնքան գործոց եւ յիշատակաց դիմաց այս իմ քեզի ընծայածս – ՅՈՒՇԻԿՔ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ ՀԱՅՈՑ։ Եթէ դիպուածոց բազմութեան հետ համեմատենք, արդարեւ հազարէն մէկ բիւրէն երկուք են․ եթէ գործոց գերազանցութեան հետ, կու փութամ վկայելու` որ եւ յայսմ մասին ամենէն ընտիր կամ ցանկալի բաներն չեն այս քանի մը տասնեակ պատմածքս, զոր ըստ դիպաց իմն կամ ըստ աւուր պատշաճի` յիշեր եմ․ եւ եթէ զրուցուածիս ոճոյն եւ ձեւոյն նայիս, այն այլ շատ հեղ ըստ զանազան աւուրց կրից կամ ախորժից ըսած եմ, առանց աւելի արժանաւոր ոճի եւ ձեւի մը մտցընելու ըսածս․ մանաւանդ որ ի սկզբան չէի մտածեր առանձին գրքով մ՚ամփոփելու եւ հրատարակելու․ եւս առաւել որ մեր ռամկական լեզուով խօսած եմ, որ թէ եւ քեզի աւելի դիւրահասկանալի եւ ախորժելի է, Հայկակ, բայց ինծի` որ աւելի խոր զգացեր եմ հայրենեացս կիրքը` քան թէ բացատրեր, ինծի` որ զպատմութիւն հնութեան մէջ յուզելով մեր նախնիքը մեզմէ շատ աւելի մեծահասակ տեսեր եմ, ինծի, իմ զգացմանս` արդարեւ այս աշխարհիկ լեզուս` շատ պզտիկ շատ ցած շատ անբաւական եկած է․ ըսեմ նաեւ` թէ եւ շատ օտարացեալ եւ այլազգացեալ ի բնիկ հայկական ոճոյ, որ ամենէն աւելի հաճոյն էր ինծի․ այնպէս կ՚երեւի ինծի` թէ մեծ կրակ մը փտտած քուրջերով ծրարել կ՚ուզեմ, երբ այն իմ հին եւ սրբազան հայրենեացս հրեղէն յիշատակները` այսպիսի խղճուկ լեզուով կ՚աւանդեմ, թողլով իր վսեմական գրոց լեզուն։ Սակայն այս խօսքերս իսկ կու յայտնեն` որ իմ սրտիս զուարճութենէն աւելի քու եւ քու նմանեացդ օգուտը դիտեր եմ, Հայկակ․ եթէ կարենայի եւ ուզենայի Նարեկացւոյ թռուցիկ եւ հրաթափ լեզուով մը վիպասանել, գուցէ քիչ մ՚աւելի սիրտս կու զովանար կու հանգչէր․ բայց անշուշտ առ այժմ քիչերու հասկանալի պիտի ըլլայի, եւ շատերու անօգուտ․ եթէ կրնամ դեռ յուսալ` որ գոնէ քիչերու այլ օգտակար ըլլամ, ինչպէս որ փափագեցայ այս քանի մը պարապոյ ժամերուս զրոյցքը հրատարակելով, որով երբեմն ուզեր էի այն հայրենեաց սրբազան զգացման մեծ վառարանէն մէկ երկու կայծեր թափել ի սիրտ քո, Հայկակ, եւ քեզի նման հայազգի համբակաց։ Եւ ասոր համար` որպէս զի չկարծուիմ թէ մեր հին եւ մեծ հայրենեաց զանազան անցքերը ուզած ըլլամ բովանդակել գրքուկով մը, չհամարձակեցայ զանոնք յիշատակք անգամ անուանել, այլ միայն Յուշիկք։ Յուշիկք միայն են ասոնք` համեմատութեամբ յիշատակաց շատութեան եւ մեծութեան․ Յուշիկք են նաեւ նկատմամբ այն յուսոյ եւ փափագանաց` որ կու պահանջէին երկար եւ ճոխաբար խօսիլ եւ լսել անոնց վրայօք, որոնցմէ` ժամանակն անստոյգ` եւ ինծի համար արդէն յառաջացեալ` թերեւս պիտի չթողու որ քեզի կարենամ աւանդել աւելի կատարեալ բան մը քան սոյն այս անկատար ՅՈՒՇԻԿՔ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ ՀԱՅՈՑ։

Be the first who will comment on this

Other parts of "Յուշիկք հայրենեաց Հայոց"

Yatuk Music
Sobre Dance
Aram Khachatryan

Sobre Dance

Landscape
Landscape
Play Online