Մինչեւ Գանատա
Գնալըի ծովեզերքը նստեր եմ
Մարմարայի ծովը խաղաղ կը տարածուի կապուտակ
Ես ծովը քար կը նետեմ
Քար կը նետեմ օղակ օղակ կʼալեկոծի Մարմարան
Քար կը նետեմ նոր օղակներ կʼընդարձակին
հիներուն հետ թեւանցուկ
Շրջանակին մէկ կողմն ինծի միւս կողմն հեռուն
հորիզոնին կʼերկարի
Ես այդ գիծ գիծ դէպի հեռուն երկարող
Արեւափայլ աղեղին պիրկ կը կառչիմ
Եւ քանի որ ոչ անցագիր ոչ տոմս պէտք է ոչ վիզա
Մարմարայէն արիաբար կʼելլեմ դուրս
Եգէական Միջերկրական ատլանտեանն ալ կʼանցնիմ խրոխտ
Կʼերթամ մինչեւ Գանատա
Անոնք որոնք զիս կը դիտեն տգիտաբար կը կարծեն
Թէ Գնալը ծովեզերքի արեւուն տակ նստեր եմ
Մինչդեռ ես
Մոնրէալի մայթերն ի վեր մայթերն ի վար ձեզի հետ
Կը դեգերիմ ամիսներու տարիներու կարօտով
Մերթ ես ձեզի մերթ դուք ինծի մենք իրարու կը պատմենք
Հին օրերով նոր օրերով խանդավառ
Օրերը հին օրերը նոր եւ դեռ օրերը գալիք
Մինչդեռ որ
Հովը ելլէ ու Մարմարան ցատքէ ալիք առ ալիք
Խճաքարերն ի վեր փշրի Գնալըի ծովափին
Կաթիլ մը ջուր բաժանումի արցունքին պէս պաղ աղի
Իյնայ դէմքիս եւ արթննամ երազանքէս ես ընդոստ
Սիրտս անձայն արիւնի