Թուաւոր քերթուած
Թիւ մը թիւի քով   թիւ թիւերու մէջ  
Ու թիւերու մէջ կորսուած թիւ մը
Չըլլալու տենչն է  
Տարբեր ըլլալու պահանջն է ձերը
  Նմաններու մէջ տարբեր ըլլալու  
Տարբեր ըլլալու պահանջն է ձերը  
Ամբողջութեան մէջ ամբողջին նման
Չկորսուիլն է
Ձեր ամբողջ դատը
  Ամբողջութեան մէջ չկորսուիլը  
Տարբեր իսկ ըլլաք   բոլորէն տարբեր  
Բոլորէն նոյնքան տարբեր ըլլալու
Ի վերջոյ դարձեալ դարձեալ իրարու
Նման ըլլալու
Սարսափին է ձերը
  Դարձեալ անանուն թիւ մը մնալու
Ու գիտնալու թէ լոկ զէրօ մըն է
Ի վերջոյ ամէն թիւի վախճանը

