Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Զահրատ

Ասուպ

Հատ մըն ալ կար որ ի վերջոյ ձանձրացաւ
Չափուած ձեւուած կարգուսարքէն պարտադիր
Փորձեց փախչիլ անջրպետին մէջ ի սպառ
Պատանեկան երազի պէս հալեցաւ

Օգոստոսի գիշեր մըն էր լուռ խաղաղ
Ու նոր ասուպ մը ինկաւ