Երջանիկ բանաստեղծը
Բանաստեղծ եմ երջանիկ
Որ դուռը կամ որուն դուռը որ զարնեմ
Զիս կʼընդունին գրկաբաց
Ժպիտներուն ամէնէն քաղցրն իրենց դէմքին վրայ կը շողայ
Երջանկութիւնն այս է կʼըսեմ ես ինծի
Որ դուռը կամ որուն դուռը որ զարնեմ
Կռնակի վրայ կը բացուի
Ասպպնջական երգ մը կʼիջնէ հոգիս մէջ մեղրի պէս
Ամէն մէկ դուռ մտերմօրէն կը բացուի
Ամէնէն տաք բարեւներով կʼարծարծի հուրը սրտիս
Ու կը մոռնամ ինչու եկայ ինչու այս դուռը զարկի
Երջանկութիւնն այս է կʼըսեմ համոզուած
Բանաստեղծ եմ երջանիկ
Եւ այս գիշեր երբ բոլորուիք դուք սեղանին շուրջ ճաշի
Երբ առօրեայ ձեր հոգերէն ձերբազատ
Մանրէք շերտը թարմ հացին
Սպաս մըն ալ ինծի դրէք մէկ անկիւնը սեղանին
Գուցէ կու գամ ու ձեր դուռը կը զարնեմ