Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Զահրատ

Մահագրական

Օգոստոսի արեւին տակ ու հովուն տակ հիւսիսի
Շոգեմակոյկ մը նստած
Հաճի Լեւոնը գնաց

Եւ անոնք որ ծովափէն
Ծովն ու ծովուն փրփուրները դիտեցին
Խօսք մէկ ըրած խորհեցան
Կարգը մեզի քիչ մը եւս մօտեցաւ

Հաճի Լեւոնը տարին
Ամէն ինչ էր բայց ամէն ինչ ըլլալէն ալ աւելի
Իր դարի մօտ տարիներուն հաշիւով
Մեր բոլորին երաշխիքն էր մահուան դէմ

Մինչդեռ հիմա կարգը մեզի քիչ մը եւս մօտեցաւ

Մէկ քահանայ չորս մահակիր դագաղ մʼանշունչ փայտի պէս
Շոգեմակոյկ մը դրին
Ու ծովն ի վար նաւարկելէն Հաճի Լեւոնը տարին

Մինչ անոնք որ տեսան լացին չլացին
Զգացին թէ կարգը իրենց քիչ մը եւս մօտեցաւ
Օգոստոսի արեւին տակ ու հովուն տակ հիւսիսի