Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Զահրատ

Նինա

Մեծ հօրաքրոջս յիշատակին

Ութսուն տարու էր ան
երբ այս երգը կʼերգէր
Ու մենք միշտ պատրաստ էինք ծաղրելու
Կը ծիծաղէինք

Միշտ պատրաստ էինք ամէն բան մերժելու
դեռ ոչ մէկ յիշատակ ունէինք պատմելիք
թէ յիշատակներն որքան կը յուզեն
չէինք գիտեր

Մինչդեռ ութսուն տարու էր ան երբ կʼերգէր
Ձայնին մէջ երգին մէջ աճապարանքը կար
երթալու դէպի ետ
ուր ինք մանկամարդ աղջիկ տակաւին
լոյս օրեր ապրելու տենչն աչքերուն մէջ
մանտոլինին վրայ մատնահարելէն
կʼերգէր իր մուտքը կեանքի սեմէն ներս
Այս այն տարիքն էր ուր շրթներ կը դողդղան
կը սիրեմ ըսելու անորոշ վախէն
ուր ամէն աղջիկ հայրն ու մայրը մոռցած
պատրաստ է մեկնելու խոստումի մʼետեւէն

Իսկ մենք ուրախ էինք ամէն երգ ծաղրելով
Երբ ութսուն տարու էր ու կʼերգէր մեղմօրէն
դեռ ոչ մէկ անցեալ ունէինք յիշելիք
թէ ետ չեն դառնար օրերն երբ երթան
չէինք գիտեր

Տարիներ հարկ եղաւ որ անցնին արագ
Որ երբ այդ երգն այսօր դիպուածաւ լսեմ
Աչքերս բոլորէն անգին դարձուցած
արտասուեմ գաղտնօրէն բոլոր անոնց համար
որոնց կեանքն անցաւ կարօտովն այն երգին
չկրցան երգել