Վահան
Վահան մը լոյս
Վահան մʼաննիւթ զուտ գաղափար բորբ հաւատք
Հպարտ փռներ եմ կուրծքիս
Լուտանքներուն դէմ մոլեգնած աշխարհին
Դարանակալ խժգուժութեան դէմ անզուսպ
Մինչ մայթերէն իբր թէ
Հանդարտօրէն կը քալեմ
Երազատես սուրբի նման անտարբեր
Իսկութեան մէջ ես կուրծք կու տամ հազարումէկ հարուածի
հազարումէկ թշնամանքի ու դաւի
Երբ հանդիպիք դուք ինծի
Թշնամի թէ բարեկամ
Մէկուն վրայ այս քաղաքին փոշեպաճոյճ մայթերէն
Մի կարծիք թէ մինակ եմ
անապաւէն անօգնական կամ անէն
Դուք որ օտար չէք նշմարեր հարկաւ վահանն իմ զօրեղ
Վահան մը լոյս
Վահան մʼաննիւթ զուտ գաղափար բորբ հաւատք
Չոր հպարտ
Կուրծքիս վրայ դրօշի պէս կը բռնեմ