Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Զահրատ

Կարկին

Մէկ ոտքին ես մէկ ոտքին դուն
Դուն անմատոյց կեդրոն լոյսի
Ես բոլորտիքըդ շրջանակ թափառուն
Ոչ վերջն յայտնի ոչ ալ սկիզբն իմ ճամբուս

Կը դառնամ յար
Ամէն րոպէ
Նոյնքան հեռու
Սեւանջրպետ շառաւիղի մը չափ հեռու ես քեզմէ

Սիրոյ կարկին
Մէկ ոտքն անշարժ
Միւսը խեղճուկ շրջանակ