Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Զահրատ

Ոչ

Ինծի հաճոյք մը պատճառել կʼուզե՞ս Ոչ

Մշուշ կʼիջնէ ծովուն վրայ շոգենաւերը կը սուլեն
Անդին ձուկ մը կը հեծկլտայ
յետոյ նորէն
համոզելէն
Ինծի հաճոյք մը պատճառել կʼուզե՞ս Ոչ
Շոգենաւեր կʼերթան չեն գար մինչ մշուշը կը թանձրանայ
Ու սեւ մուխ մը յամառօրէն
Կը կուտակուի մշուշին վրայ
Ոչ մը գժնէ կʼարձագանգէ
Յետոյ կʼիջնէ ծովուն վրայ

Հեռուներէն
Պզտիկ ձուկ մը կը հեծկլտայ