Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Զահրատ

Ողբ

Եկուր ըսի դէմս նստաւ ու երգեց
Երազախառն երգ մըն էր
Չոր ես շատոնց չէի լսած կեանքիս մէջ
Յետոյ լռեց երկարօրէն դիտեց զիս
Նայուածքներուն տակ կը զգայի թէ կը տաքնամ յամրօրէն
Եկուր ըսի ձեռքէս բռնեց ու տարաւ
Ճաճանչախառն տեղ մըն էր
Ուր ես շատոնց չէի եղած կեանքիս մէջ
Հովեր քաղեց ծովեր քաղեց սէրեր քաղեց ափին մէջ
Ապագայի յոյսեր քաղեց երփներանգ
Եկուր ըսի բայց մեկնեցաւ անվերադարձ ալ չեկաւ
Քսան տարու կար չկար