Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Զահրատ

Մժեղ

Արեւն երբ ինկաւ ճահիճներուն վրայ
Մժեղը ծնաւ

Իրանը նրբին թեւերն այնքան նուրբ որ երբ հարցուցին
Մժեղ չեմ ըսաւ պարիկ մըն եմ ես

Եւ ալ ամէն օր աչքն արեւներուն թեւերը հովին
Թռչտեցաւ ժիր անդուլ երգելէն երգն իր միալար

Կարծես ամէն ինչ ծառերն ու մարդիկ տօնական էին Հաճոյքը ճանչցաւ
Դիտեց ամէն ինչ անյագ ու անհոգ սքանչացաւ միշտ Մէկ բան զինքն յուզեց

Երբ օր մʼալ խայթեց մարդ մը մենաւոր քիչ մը բանաստեղծ Մժեղը այդ օր թախիծը ճանչցաւ