Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Զահրատ

Սիրերգ

Նոր նոր սիրերգ մըն եմ սորվեր
չըսեմ կʼըսեմ չեմ կրնար
ըսեմ կʼըսեմ չեմ կրնար

Գիշերն անուշ ու գիշերուան սէրերն անուշ անուշակ
Դուն ալ գիտես ես ալ գիտեմ կեանքն իրարմով կը սիրեն
ըսեմ կʼըսեմ
ըսեմ կʼըսես
ըսենք կʼըսենք չենք կրնար

Գիշերն անուշ ու գիշերուան սէրերն անուշ անուշակ