Հանդէս
Շատ եզական հանդէս մըն է ասիկա
Մուտքն ազատ ելքը չես գիտեր երբ ինչպէս
Երբ ակամայ ինքզինքդ հոս կը գտնես
Դոյլ մը պարան մը կու տան ձեռքդ իսկոյն
Կը մտնես դուն ալ միւսներուն կարգին մէջ
Բոլորդ մէկ շուրջանակի կը շարուիք
Աշխարհադէզ բազմութեամբ մը խայտաբզէտ
Աշխարհակուլ աւազանի մը շուրջին
Աւազանէն դոյլ դոյլ ապրում կը քաշէք
Ոմանց պարանն երկար կʼըլլայ մինչեւ յատակ կը հասնի
Ապումներուն գեղեցկագոյնը կը զատէ խորերէն
Ոմանցը կարճ եւ այնքան կարճ որ փոխանակ զուտ նիւթի
Միայն փրփուր պղպջակով անոնց դոյլը կը լեցուի
Ոմանց դոյլը կʼըլլայ ընտիր կʼըլլայ խոշոր՝ կեանքի չափ
Ոմանցը փոքր ոմանցը ծակ հետեւաբար միշտ դատարկ
Ոմանց բարակ կʼըլլայ պարանն ու դեռ կէսին կը փրթի
Ոմանց ոսկի դոյլեր կու տան ոմանց դոյլեր ժանգոտած
Բայց շարունակ բայց անդադար աւաղանէն ապրումի
Իւրաքանչիւրն իր բաժինը կը քաշէ
Իսկ ես անոք անտիրական զրկանքներով ճիտս ծուռ
Մէկ ձեռքիս դոյլ միւսին պարան այդպէս ապշած կը կենամ
Այս հանդէսէն դուրս գամ հոգիս ապրումներով ճոխացած
Շատ եզական հանդէս մըն է ասիկա
Իսկ ես այսպէս հանդիսատես կը մնամ