Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Զահրատ

Նախայարձակ

Իրաւ է թէ ակնթարթի մը չափ իսկ
տարբերութիւն չկար բայց

Իմ մենութեան պահերուս
Ես կը սիրեմ դեռ խորհիլ

Թէ այդ գիշեր երբ շատոնց
Մարեր էին լոյսերը մեծ քաղաքին

Նախ դո՞ւն էիր թէ նախ ես
Իր շրթները անուշօրէն երկարող

Իրաւ է թէ ակնթարթի մը չափ իսկ
տարբերութիւն չկար բայց