Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Զահրատ

Տարբերութիւն

Կիկօ աչքերուն ակնոց է առեր
Ուր որ կը նայի կապոյտ կը տեսնէ
Երկինքը կապոյտ ծովերը կապոյտ
Սիրած աղջկան աչքերը կապոյտ
Ուր որ կը նայի կապոյտ կը տեսնէ

Ակնոցը քթին չորս դին կը նայի
Կʼըսես ծովերը կապոյտ էին միշտ
Կʼըսես երկինքը կապոյտ էր արդէն
Չի հաւատար որ նոր տեսայ կʼսէ
Ակնոցը քթին չորս դին կը նայի

Կիկօ աչքերուն ակնոց է առեր
ՀԻՄԱ կապոյտը կապոյտ կը տեսնէ