ԳԻՒՏԻՆ ՓԱՌՔԸ
Մեսրո՛պ, հայ դարերուն դիմաց կեցող՝
Դուն ադամանդեայ ապառաժ,
Դուն մանուկներու մերկ ուղեղէն
Մինչեւ հանճարը ցոլքեր ցանող,
Գիտակցութեանց անգի՛ւտ փարոս...
Դուն, որուն կոփիւնը կռանին,
Ժամերուն պէս, րոպէին հետ անդադար,
Իմացական թանգարանի՜ն արձանները մեզ կը ձուլէ...
Դուն աննինջ հսկող, դուն տիտանեան Տեսանող,
Դուն Օրորոցէն մինչ գերեզման,
Մեր մեն մի խօսքին մեն մի շունչին,
Գեղեցկաձայն բացատրիչ...
Դուն բարբառի արարիչ, Բանի իշխան,
Դուն անբաւ բաւիղ տեւողութեան,
Դուն գոյացութեան արգաւանդ հայր,
Դուն լոյսի անիւ, դուն հաւատքի հրաւէր,
Դուն հայրենի հողին վրայ մրրկին պէս բարձրացող
Անտա՜ռ անհուն, անտա՜ռ սրտի,
Որուն մեր մի հաստատաբուն ծառերն հսկայ,
Մէկ մէկ քնար, մէկ մէկ փանդիռ են մեր շունչին...
Մէկ մէկ շեփոր մեր հագագին ռազմական,
Մէկ մէկ պատնէշ ճակատագրի՜ պատուհասին...
Դուն անվատնելի ցորեանի դաշտ, դուն ձրի՜ հաց,
Դուն հունձք հարուստ, եւ դուն հնձան հրաշեկ,
Դուն արբեցութեանց եւ գինիի աւազան,
Որուն մեջ ե՛ս ալ ոսկի սափորս եմ մխրճեր...
Արեւներու ծարաւէս խենթ...
Դուն մեծաթափանց նայուածքներով առաքեալ,
Դուն էիր որ զքեզ երգող ցեղդ այսօրուան,
Հելլեներէն եւ հանճարեղ եւ հրավառ
Ու աշխարհակալ մեծ Հռովմի որդիներէն,
Ու հրապաշտ Պարսիկներէն դրացի,
Մայր-բարբառիդ հիմնաքարովն յակինթ,
Հայկազնեանց մեր շառաւիղն ազատեցիր...
Դուն երկրո՛րդ Աստուած,
Եւ մտածման դուն առաջի՛ն արարիչ...
Դուն բեղո՛ւն բարիք, սրտի՛ աղբիւր,
Գոյներու գանձ, գրութեա՛նց գահ,
Դուն թռչող դարերն մէկզմէկու կամարող
Կամուրջ անգիծ, ուրկից ցեղդ միլիոններով
Կամ պերճօրէն կամ վատաբար,
Կեանքէն ի մահ կուգայ կ'անցնի...
Դուն Հելլեներէն հռչակուած,
Մեծատիտղոս Ակումիտ,
Ո՜վ մենակեաց, ո՜վ Մագիստրոս, ահաւասիկ
Երկու Հայքերն, «Ովսաննա՜ քեզ» կը գոռան...
Եւ ովսաննա Վաղարշապատի Հայրապետին՝
Սահակ Պարթեւ զուգակշիռ արբանեակիդ,
Եւ Վռամշապուհ Արքային,
Որովհետեւ քու մեծ գիւտիդ զօրավիգ,
Մեկն իր խաչին, միւսն իր Սուրին համազօր
Քու քայլերուդ հետ քալելով՝
Արարատեան արշալոյսին,
Դպրութեանց դուռը մեզ բացին...
Ա՛հ, ամբողջ արիւնը քու ուղեղիդ,
Ի՜նչ տենդերէ որպիսի՜ տենդ,
Եւ սարսուռներէ ի՜նչ սարսուռ,
Ի՜նչ գեհենական գալարումէ գալարում,
Եւ վարանքէ վարանք եւ վարկածէ ի վարկած,
Եւ ծովային ծփանքներէն ի ծփանք,
Այլակերպիչ նժարէ մը ուրիշ նժար,
Եւ կշիռէ ի կշիռ, զքե՜զ տարաւ,
Եւ մեն մի հիւլէն քու հոգիիդ,
Մեն մի ճաճանչը քու աչքերուդ,
Մեն մի կաթիլը քու հանճարիդ կայծերուն,
Հողմային հեւքդ եւ խոլ թափը թռիչներուդ,
Աղօթքներուդ յորձանքներն հրեղէն,
Քառասուն օր՝ տիւ եւ գիշեր,
Մենութեանդ մէջ, Մեռեալի մը պէս մենաւոր,
Զքեզ դեպի Տեսիլքդ տարին...
Եւ անուրջի մէջ ծնանող ծաղկի ծիլէն,
Ու բողբոջէն դեռ անբոյս,
Դուն մարող լոյսէն, դուն տեսլական ստուերէն,
Անգոյն գծէն եւ երազի վսեմ վարդէն,
Դուն ոլորտէն, անձայն շեշտէն, անգոյն բառէն,
Դուն ծածանող եւ անարմատ ծուեններէն,
Դաշնակցութեանց Ալփաբետան ստեղծեցիր...
Եւ Չորրորդ դարու Ոսկի սեմէն,
Մինչեւ մեր օրը, մեր արիւնովը մթին՝
Ահաւասիկ Հայ Հանճարը բազմալար,
Քու ձեւերուդ մէջ կը ձուլուի...
Ո՜վ անլուծելի առեղծուած,
Ո՜վ ջղերո՛ւ կայծակէ խուրձ,
Արեան հնոց, անուրջներու անբիծ ծաւալ,
Ո՜վ զարմանալի եւ տեւական զգայախաբ,
Քնարական ահեղաբի՛բ քիմեռատես,
Դուն Աստուածագիծ ծիածան...
Հաշտութեան հուրը մեզ բերող,
Դո՛ւն, տարակոյսին եւ տարտամին տիրապետ,
Դո՛ւն տարօրինակ եւ տարագիծ գմբեթ...
Դո՛ւն մեծ կրքերու կրօնաւոր,
Ա՛յր Աստուծոյ, մտքի՛ եղբայր, քնարի՛ քոյր,
Քու բաժակէդ թո՛յլ տուր որ ես ալ ըմպեմ...
Եւ այսօր, քու սրբութեամբդ սնած՝
Ես ապաժաման քնարահար,
Եւ անվճար ու անարժան երախտագէտ,
Ես՝ քու ցեղիդ հոգիին հայելին քեզ կը բերեմ...
Աչքերուս մեջ անոր աչքէն հուր առի...
Ու իմ խօսքերս անոր սրտէն եմ քաղեր,
Եւ ի՛նչ որ կարդաս ճակտիս վրան,
Ի՛նչ որ կարդաս ժպիտիս մեջ,
Անոր Յոյսո՜վն եմ ես գրած...
Եւ թոյլ տուր այսօր, ո՜վ Մեսրոպ,
Որ Հայոց հողէն մինչեւ աստղերը հասնող
Քու ոսկիէ սանդուխէդ վե՛ր բարձրանամ,
Եւ հաստատաքայլ, աստիճանէ աստիճան
Ու պսակէ ի պսակ եւ լոյսէ ի լոյս,
Իբր զաւակը մտածումիդ,
Ես ի քե՛զ գամ, իմ այս երգս երգելու...