Զահրատ

Զարմանահրաշ

Օր կʼըլլայ
Ես եւ ինքս ձեռք ձեռքի
Անօրինակ փնտռտուքի մը կʼելլենք
Ու ծալքերուն մէջ էութեանս անպարփակ
Ինքնութիւնս կը պեղենք

Միօրինակ տարազներու յաճախանքէն ձանձրացած
Օր մʼալ մենք
Բազմերեսակ ինքնութիւնս ճանչնալ կʼուզենք մարդկօրէն

Դիւրին չէ
Անջրպետին մէջ մոլորակ քարկոծելու չի նմանիր
Ինքնութիւնս այնքան խոր է այնքան խիտ
Որ ձեր գիտցած տիեզերքին սահմաններէն կը յորդի
Երկինքն ի վեր դուք ի վերջոյ քանի՞ հատ աստղ կը համրէք
Մինչ եթէ
Երբ օր ըլլայ ու դուք ձեզի ձեր ինքնութիւնը պեղէք
Ի՜նչքան արեւ կը գտնէք հոն քանի քանի տիեզերք
Չէ՛ք գիտեր ինչ հարուստ էք

Ես եւ ինքս եւ դուք եկէք ձեռք ձեռքի
Մեր էութեան խառնարանին մէջ անծիր
Զարմանահրաշ փնտռտուքի մը ելլենք

Յատուկ Երաժշտություն
Էլեգիա
Առնո Բաբաջանյան

Էլեգիա