Զահրատ

Ճանկ

Միայն կատուն չի ճանկեր
Ոչ ալ բախտը միայն
Ոչ ալ չեմ գիտեր ձեր որ սիրուհին

Ես
Ես ալ ճանկո կʼանցընեմ ձեր զգեստներուն
Դուք կը յառնէք
Ու կը մեկնիք

Լուսաւոր
Լուսաւոր մերկութեան մը մէջ
Լուսաւոր
Եւ ազատ

Ու ճանկէս կախուած կը մնայ
Ցնցոտին
Ձեր բոլոր բոլոր ամօթներուն

Յատուկ Երաժշտություն
Շուշիկի
Կոմիտաս

Շուշիկի

Օգոստոս,  1963 թ
Օգոստոս, 1963 թ
Խաղա առցանց