Զահրատ

Փոշի

Տէրս եւ մեծ իշխանս դուն փոշի
Իջիր
Ծառերու կարասիներու սրտերու
եւ յիշատակներու վրայ

Իջիր
Վէրքերու արիւնին վրայ
Իջիր

Իջիր Չէ՞ որ օր մը պիտի իջնես
հոյակապ մոռացութեան մը պէս
անունիս եւ յաւակնութիւններուս վրայ
Դուն տէրս եւ մեծ իշխանս ամենազօր

Յատուկ Երաժշտություն
Լարային քառյակ – Քամի
Էլեն Յոլչյան

Լարային քառյակ – Քամի