Զահրատ

Արուեստ քերթողութեան

Քերթուած մը պզտիկ գանձանակ մըն է
Բաց կը զարմանաս
Թէ երբ է այդքան պերճանք հաւաքեր

Քերթուած մը կապոյտ աշտարակ մըն է
Բարձր այնքան որ երբ գագաթն ելլես
Կʼապշիս ու չորս դիդ ուրիշ կʼերեւայ

Քերթուած մը բիւրեղ աշտանակ մըն է
Մոմ չէ երազն է կը վառի բերնին
Մինչ լոյսն ուղղակի հոգւոյդ մէջ կʼիջնէ

Քերթուած մը երկչոտ նապաստակ մըն է
Եթէ բուռ մը սէր չհրամցնես
Քէն կʼընէ անդարձ կը փախչի քեզմէ
Քերթուածն անուղղայ անառակ մըն է
Շփանալ կʼուզէ

Յատուկ Երաժշտություն
Երկինքը ամպել է
Կոմիտաս

Երկինքը ամպել է

Հույն կինը, 1921
Հույն կինը, 1921
Խաղա առցանց