Սիամանթո

Պարը

Եւ արցունքներն իրեն կապոյտ աչքերուն մէջը խեղդուելով,
Մոխրադաշտի մը վրայ, ուր հայ կեանքը դեռ կը մեռնէր,
Այսպէս պատմեց մեր սարսաբին ականատես Գերմանուհին.

-Այս անպատմելի պատմութիւնը, որ ձեզ կ՚ընեմ,
Ես իմ անգութ աչքերովս այս մարդկային,
Իմ անվտանգ տնակիս գեհենադիր լուսամուտէն,
Ակռաներս կրճտելով ու զայրոյթէս զարհուրելի…
Այս աչքերովս անգթօրէն մարդկային, ես տեսայ։
Մոխրակոյտի վերածուած Պարտէզ քաղաքին մէջն էր,
Դիակները դիզուած էին մինչեւ կատարը ծառերուն,
Եւ ջուրերէն, աղբիւրներէն, առուներէն եւ ճամբէն,
Ձեր արիւնին կարկաչիւնն ըմբոստաձայն…
Դեռ ականջիս իր վրէժն ահաւասիկ որ կը խօսի…

Օ՜, չի սոսկաք, երբ անպատմելի պատմութիւնս ձեզի պատմեմ…
Թո՛ղ մարդերը հասկնան, մարդուն ոճիրը մարդուն դէմ,
Երկու օրուան արեւին տակ, գերեզմանին ճամբուն վրայ
Մարդուն չարիքը մարդուն դէմ,
Թո՛ղ աշխարհիս բոլոր սրտերն իմանան…։
Այդ մահաշուք առաւօտը կիրակի էր,
Դիակներուն վրայ ծագող դեռ առաջին եւ անօգուտ կիրակին,
Երբ սենեակիս մէջը, իրիկունէն մինչեւ արշալոյս,
Դաշունահար աղջկան մը հոգեվարքին վրայ ծռած…
Արցունքներովս անոր մահը կը թրջէի…։
Յանկարծ հեռուէն սեւ խուժան մը անասնական
Քսան հարսներ իրենց հետ՝ մոլեգնօրէն մտրակելով,
Շուայտութեան երգերով, այգիի մը մէջ կանգնեցան.
Ես կիսամեռ խեղճ աղջիկն իր խշտեակին վրայ լքած,
Դժոխհայեաց պատուհանիս պատշգամին մօտեցայ…։
Այգիին մէջ սեւ խուժանն անտառացաւ։
Վայրենի մը՝ հարսներուն Պէտք է պարէ՛ք, որոտաց,
Պէտք է պարէք, երբ մեր թմբուկը հնչէ։
Եւ մտրակներն սկսան մահակարօտ հայ կիներուն՝
Մարմիններուն վրայ կատաղութեամբ մը շառաչել…։
Քսան հարսերն ձեռք ձեռքի, իրենց շուրջպարն սկսան…
Աչուըներէն իրենց արցունքը վէրքերու պէս կը հոսէր,
Ա՜՚հ, ես ո՜րչաբ նախանձեցայ իմ դրացի վիրաւորիս,
Որովհետեւ լսեցի, որ հռնդիւնով մը հանդարտ,
Տիեզերքն անիծելէն, խեղճ հայուհին գեղադէմ,
Իր տատրակի շուշան հոգուն դէպի աստղերը թեւ տուաւ…։

Ունայնօրէն կռուփներս ամբոխին դէմ շարժեցի…
«Պէ՛տք է պարէ՛ք, կ՚ոռնար խուժանը մոլեգին,
Մինչեւ ձեր մահը պէ՛տք է պարէք, դո՛ւք անհաւատ գեղեցիկներ,
Կուրծքերնիդ բաց՝ պէտք է պարէք, մեզ ժպտելով եւ անտրտունջ…
Յոգնութիւնը ձեզ համար չէ, ո՛չ ալ ամօթը ձեզ համար,
Ստրուկներ էք, պէտք է պարէ՛ք եւ մերկանդամ եւ հոլանի,
Մինչեւ ձեր մահը՝ պէտք է պարէ՛ք պագշոտօրէն եւ ցոփութեամբ,
Մեր աչքերը ծարաւի են ձեր ձեւերուն եւ ձեր մահուան…։»
Քսան հարսներն գեղադէմ, գետին ինկան պարտասած…
«Ոտքի՛ ելէք», գոռացին, մերկ սուրերնին օձերու պէս շարժելով,
Յետոյ մէկը սափորով մը քարիւղ բերաւ խուժանին…
Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թո՛ղ ես թքնեմ քու ճակատիդ–
Քսան հարսներն շտապով այդ հեղուկով օծեցին…
«Պէ՛տք է պարէ՛ք, որոտաց, ահաւասի՛կ ձեզի բուրմունք մը,
որ Արաբիան իսկ չունի…»
Յետոյ ջահով մը բռնկեցուցին մերկ մարմինները հարսներուն.
Եւ ածխացած դիակները պարին մէջէն դէպի մահը գլորեցան…
Զարհուրանքէս՝ պատուհանին փեղկերը՝ փոթորիկի մը պէս փակելով՝
Իմ մենաւոր մեռեալիս մօտենալով հարցուցի.
Ի՞նչպէս փորել այս աչքերս, ի՞նչպէս փորել, ըսէ՛ ինձ…։

Յատուկ Երաժշտություն
Հողուշող
Էլեն Յոլչյան

Հողուշող