Սիամանթո

ԿՈՎԿԱՍ

Նուէր կովկասահայ ընկերներուս


Ի՜նչ ոսկեղէն դարագլուխ է այս, եւ շղթաներու ի՜նչ զայրագին փշրտում.
Ի՜նչ ընդհարում ճակատ ճակատի, եւ հաւատքի ի՜նչ յաղթանակ.
Ի՜նչ երկաթակուռ հարուած բռնապէտութեան անխախտելի օրէնքներուն.
Ի՜նչ արիւնի հեղեղում քեզ անարժան թշնամիիդ վայրագ շարքերէն,
Եւ դիակի ու բացուած լանջքերու ի՜նչ արդարաշար մեռելակոյտ,
Մեր բոլորին վրիԺածարաւ աչուըներուն առջեւ...

Կովկա՜ս, յաղթականօրէն դուն եղար, որ յայտնութիւններուն գերագոյնը ըրիր.
Քու բազուկներուդ հուրին մէջն էր գետնահարող զօրութիւնը Ցեղին,
Քու մտածումիդ մէջն էր որ ծնաւ կարմիր արեւը յուսահատեալ Յաղթութեան,
Քու արիւնիդ մէջն էր որ վառեցաւ ճշմարիտ արիւնը երազուած Ընդվզումին.

Եւ այսպէս իրիկուն մը քու զինավառ ձեռքերդ ազատութեան աստղերուն նիզակուեցան,
Թշնամի երկինքներուն չարիքի կամարներէն կորզելու
Քիչ մը լոյս, քիչ մը կեանք, քիչ մը սէր եւ քիչ մը երազ ՝
Քու խռովեալ սերունդիդ եւ ի քեզ ակնդէտ ու տառապող եղբայրներուդ համար։

Օ՜, փառք քեզի, եւ փառք շանթամարտ հպարտութեանը քու լեռներուդ,
Կարծես անոնց ապառաժներուն յաւիտենական տարրերէն են կառուցուած ՝
Անպարտելի հասակները քու սեւահեր ու հրաչուի որդիներուդ,
Քու անտառներուդ ահագնաթափ փոթորիկը գիշերական...
Անոնց զինուորեալի կուրծքերուն մէջ իր հսկայական հեւքը դրաւ.
Քու հովիտներդ Անոնց քայլերուն առջեւ Յոյսին ճամբաներուն պէս կանանչացան...
Եւ քու հողմերդ Անոնց շունչին մէջէն փրկութեան Ժամը շեփորեցին։
Քու ծոցիդ մէջն է, քու սրտիդ վրան է, քու արեգակիդ տակն է,
Եւ հարազատ եւ անպարտելի եւ անվեհեր զանգուածը մեր հինաւուրց Ազգին,
Մեր նսեմացեալ ճակատները այդտեղ է որ վերջապէս իրենց մութէն պայծառացան,
Այդտե՛ղ էր, որ սկսաւ պայքարի սուրերուն ամէնէն արդարը շողալ,
Այդտե՛ղ էր, որ Ժողովուրդը իր իրաւունքը իր կռուփովը պահանջեց,
Այդտե՛ղ էր, որ կատաղութեամբ զարկաւ եւ հպարտօրէն զարնուեցաւ,
Այդտե՛ղ էր, որ արդարութի՛ւն որոտացողի իր ճակատը փառակերտ ՝
Արեւմուտքի աշխարհներուն դիմաց ջահերու պէս ցոլացուց,
Այդտե՛ղ էր, որ իր անէծքի եւ պժգանքի թուքը թագակրին նետեց,
Եւ այդտե՛ղ էր, որ վերջապէս Անիրաւութիւնը օր մը ամօթահար պարտուեցաւ,
Եւ քեզի համար, այդտե՛ղ է որ այսուհետեւ կոթողները Փառքին,
Մարմար առ մարմար սերունդիդ ձեռքերովը պիտի բարձրանան...

Զա՛րկ, Կովկա՜ս, աւերակեալ ու արցունքոտ
Հայաստանին աչքերը քեզի կը նային.
Ան գիտէ, որ քու թշնամիիդ ատելութիւնը իր
թշնամիներէն է որ կը բղխի,
Երբ իր գերեզմանին մոխիրը իր գուժկան հովերուն հետ
եկաւ ճամբաներդ սգաւորել,
Երբ իր արիւնը եկաւ քու եղբայրական տանդ սեմերը թրջել,
Երբ իր կոտրտած բազուկը քու կտրիճի ձեռքերուդ ի խնդիր քեզի դողդոջեցաւ,
Թշնամին նոյնն էր այն ատեն, այն որ այսօր, քու պաշտպանի բազուկէն զարհուրած՝
Կ'ուզէ զայն ջախջախել, կարենալ տօնելու համար վերջնական մահացումը մեր Ցեղին...
Ուրեմն զա՛րկ, Կովկա՜ս, թէեւ գիտեմ որ քու ասպետական ձեռքերուդ հարուածին անարժան է նա՛,
Զա՛րկ, թէեւ գիտեմ որ քու սուրիդ վեհութիւնը պէտք չէ՛ր արատաւորել
Այդ անբաններու խուժանին թունաւոր ու պժգալից արիւնէն...
Զա՛րկ, թէեւ գիտեմ որ հերոսները հերոսներու միայն կրնան ընդհարուիլ,
Զա՛րկ, սա անարգ Ճակատագիրը ջախջախելու եւ
Չարիքն ըմբերանելու համար,
Զա՛րկ, որովհետեւ ամէ՛ն Յոյս զՔեզ կը յուսայ եւ ամէն
Ապագայ զՔեզ կը պաղատի,
Զա՛րկ, վասնզի ամէն Ազատութիւն ու ամէն Արեւ քու հարուածիդ կայծերէն պիտի ծնանին.
Զա՛րկ, քու անթառամ սիրոյդ եւ ատելութեանդ չափին խորութեանը համեմատ.
Զա՛րկ, զա՛րկ, ահաւասիկ հորիզոնները կը կապուտնան, ահաւասիկ Առաւօտները կը ճեղքուին,
Զա՛րկ, ազատաբեր հարուածիդ շռինդը Մասիսէն ի Տաւրոս եւ մինչեւ Հայրենիքին խորերը կը թնդայ։

Յատուկ Երաժշտություն
Մեղեդի
Առնո Բաբաջանյան

Մեղեդի

Ծովային տեսարան
Ծովային տեսարան
Խաղա առցանց