Միսաք Մեծարենց
Մեռելոց
Ձըմեռ օր մը, ձիւնին մէջէն, մի՜ս-մինակ,
ձիւնին մէջէն, տարի դամբանն իմ հոգւոյս,
Ժըպիտով մը ծընած նախկին սէր մը կոյս.
ըսպիտա՜կ վարդ՝ որ սառեցաւ ձիւնին տակ։
Գարուն մըն էր, եւ համբոյրով մը բացուած
դամասկեա՜ն վարդ, գինով արփին գաղջ գոլէն,
նըւաղեցաւ ուրիշ սէր մը. սէ՜րն, Ա՜ստուած՝
զոր թաղեցի՝ յուսատ՝ կեանքին կանչելէն։
Ամրան վերջն էր, նայուածքով մը բողբոջած
դեղին վա՜րդս ալ ինկաւ աշնան շունչին տակ.
զայն վերցուցի՝ արդէ՜ն եղած յիշատակ՝
ու նետեցի փոսին մէջ, ցա՛ծ, ա՜հ, շա՜տ ցած։
Հիմակ ամէն մեռելոցի ես կ'երթամ
անոնց մարմար դամբանին վրայ ցրտաշունչ,
աղօթքով մը, կորած մէգին մէջ տարտամ
անոնց յուշքին, մըտաթափառ, լուռ ու մունջ։
Ու մըտածումս ալ, հէ՜ք նԺդեհ քահանայ,
խաչ հանելով կ'ըսէ բառեր լուսեղէն.
ու նայուածքըս կը բաԺնըւի երբ հողէն,
հոգիս զանոնք անգա՜մ մըն ալ կը մոռնայ...։
Հավանել
Պահպանել
Ուզում եմ կարդալ
Դարձիր առաջին մեկնաբանողը
Յատուկ Երաժշտություն
Կոմիտաս
Ալ Այլուղս
Դե Պրոֆունդիս
Խաղա առցանց