Հակոբ Պարոնյան

Մեղու

ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՄԲ ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Տասնի չափ յետադիմական երեսփոխաններ շուկան դերձակի մը խանու­թը նստած` ազգային կենսական խնդրոց վրայ վիճաբանած ատեննին` պան­դուխտ ազգային մը դիմացի խանութէն երեքական ղուրուշի տասնըչորս կան­գուն պասմայ առած ըլլալով եւ հաշիւն ալ չկրնալով ընել, այս երեսփոխանաց գտնուած խանութը կը մտնէ ու կը հարցնէ.

Երեք անգամ տասնըչորս քանի՞ կ՚ընէ:

Քսանըութը, ըսաւ մէկը: Ոչ, երեսունըմէկ կ՚ընէ, ըսաւ ուրիշ մը: Սխալ է, քսանըիննուկէս ղուրուշ կ՚ընէ, ըսաւ երրորդ մը. իննսունըինը ղու­րուշ կ՚ընէ, պոռաց չորրորդ մը: Կարծեմ քսան ղուրուշ տասը փարայ կ՚ընէ, որոտաց անդիէն ուրիշ մը: Վերջապէս ամէնն ալ մէյմէկ բան ըսելով, երբ տեսան թէ հակակարծիք են իրարու, մէջերնին մէկը առաջարկեց, որ քուէի դնեն ու մեծամասնութեամբ հասկնան քանի ղուրուշ ընելը: Այս առաջարկու­թիւնը ընդունուելով մէջերնին մէկը ատենապետ եղաւ եւ ըսաւ.

Խնդիր մը կայ լուծուելու, կ՚աղաչեմ որ կիրքը մէկդի ընէք եւ խղճիւ ձեր կարծիքը յայտնէք: Խնդիրը այն է, որ երեք անգամ տասնըչորսը քանի՞ կ՚ընէ: Իմ կարծիքս այն է, թէ ութսունըմէկ կ՚ընէ, ուստի ով որ իմ կարծիքս կ՚ընդունի, թող ձեռքը վեր վերցնէ:

Ինը երեսփոխանք ձեռւընին վեր վերցնելով միաձայն հաւանութեամբ որոշեցին, որ ասկեց վերջը երեք անգամ տասնըչորսը ութսունըմէկ պիտի ընէ:

Այս որոշումը ատենագրութեան մէջ կ՚արձանագրուի: Պանդուխտ ազգա­յինը այս որոշումը առնելուն պէս շուտով կ՚երթայ ութսունըմէկ ղուրուշը կու ­տայ խանութպանին:

Խանութպանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ:

Պանդուխտը խանը դարձած ատեն իր բարեկամներէն մէկուն կը հանդիպի, որն իր ձեռքի պասմայի կանգունը քանիի առած ըլլալը եւ քանի ղուրուշ տուած ըլլալը հարցնելով տեղեկանալէն ետքը խաբուած ըլլալը կ՚իմացունէ, բայց մեր պանդուխտը չուզելով համոզուիլ, երկուքը մէկէն յետադիմականաց գտնուած խանութը կ՚երթան:

Աղաներ, երեք անգամ տասնըչորս քանի՞ կ՚ընէ եղեր:

Մեր կարծիքը ըսինք ա իրեն:

Ինձի ալ ըսէք, քանի՞ կ՚ընէ:

Ջանըմ, իրեն ըսինք ա, մենք օրը հազարումէկ որոշում կու տանք, ամէնն ալ մտքերնիս կը մնա՞յ մի, մեր որոշումը իրեն հաղորդուած է:

Ինձի ալ չըսէ՞ք:

Կարապետ, սա ատենագրութիւնը բաց տէ կարդայ նայինք, երեք ան­գամ տասնըչորսին վրայօք ի՞նչ որոշում տուած է ժողովը:

Ութսունըմէկ գրուած է:

Էհ, անանկ է նէ` ութսունըմէկ է:

Ի՞նչպէս ութսունըմէկ կ՚ընէ. իմ հաշուովս քառասունըերկու ղուրուշ կ՚ընէ կոր:

Երկար ըրիր ա, հիմա տասը հոգի սո՞ւտ պիտի ըսեն քեզի:

Սուտ չէ, բայց սխալած էք:

Կորսուեցէ՛ք սըկէ, ձեր միտքը ազգին մէջ երկպառակութիւն ձգել է Սահմանադրութիւնը վտանգել է, մենք գիտենք, ասոնց ամէնը Խրիմեանին գլխուն տակէն է:

Պանդուխտը կը շուարի կը մնայ, բայց իւր ընկերը համոզելով` մէկտեղ պասման ծախողին կ՚երթան ու երեսունըինը ղուրուշը ետ կ՚առնեն:

Յետադիմականք դեռ իրենց որոշումը ետ առած չեն:

ՎԱՐԺԱՊԵՏԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Անցեալ կիրակի վարժապետական ժողովը գումարուեր է. բայց այս ան­գամ անոր անդամներէն մին խնդրոց կարգը փոխելով գրաբարի ու աշխար­հաբարի խնդրոյն վրայ վիճաբանելու տեղ գիրքերը այրելու խնդրոյն վրայ խ օ սեր է:

Քարաքաշեան էֆենտիի հրատարակած դասագրքերը անկրօնութիւն կը սորվեցնեն եղեր, ուստի զանոնք այրելու է եղեր:

Մեզի մնայ նէ` Քարաքաշեանն ալ այրելու է, որովհետեւ ողջ մնայ նէ` դարձեալ անանկ գրքեր կը հրատարակէ:

Եւ արդարեւ քերականութեան որչափ դասագրքեր կան նէ` ամէնն ալ կրօն­քի դէմ են, որովհետեւ ուղիղ խօսողը` կրօնքի դէմ կը խօսի: Այս հաշուով Փափազեան Ստեփան էֆենտին ալ տապկելու է, վրան ալ քիչ մը լիմոն սխմե­լով Քարաքաշեանի քովը նետելու է:

Ասկից զատ թուաբանութեան դասագրքերն ալ անկրօնութիւն կը սորվեց­նեն: Երկու անգամ երկուքդ չորս կ՚ընէ եղեր: Ի՞նչ փաստ ունինք ձեռքերնիս, որով կարենանք հաստատել, թէ երկու անգամ երկուքդ չորս կ՚ընէ: Յայտնի է, որ ասիկա դիւաց մէկ գիւտն է, եւ Աւետարանը չըսեր մեզ թէ` երկու անգամ երկուքդ չորս կ՚ընէ:

Թուաբաննե՛րն ալ այրելու է:

Հապա աշխարհագրութեան դասագրքերը ո՞ւր թողունք:

Արեւը սանկ կը քալէ եղեր, երկիրը նանկ կը դառնայ եղեր, աշխարհս կլոր է եղեր, ասոր պէս խել մը սուտ բաներ գրուած են մէջը: Աշակերտը անգամ մը զանոնք կարդայ նէ` ալ անոր քովը կրօ՞նք կը մնայ:

Կրակը քիչ մը շատկեկ դնելու է տէ, աշխարհագրութեան դասագրքերն ալ այրելու է, տղաքները քիչ մը տաքնան:

Այս ամէնը այրելէն ետքը կարգը կու գայ դպրոցներուն: Մէկ կողմէն ալ ասոնք կը սկսինք այրել, մէյ մ՚ալ կը նայիս, որ ազգը անզգալապէս լուսա­ւորուած կ՚ըլլայ:

ԹԱՏՐՈՆ ԱԶԻԶԻԷ

Բարով ձեզ, Վարդովեան էֆենտի, դերասանք ու դերասանուհիք, բարեւ ձեզ, յուշարարք, բարեւ ձեզ, դռնապանք եւ պահապանք, եւ վերջապէս բարեւ ձեզ, այն ամէն գոյական անուններ, որ թատրոնի մէջ կը գտնուիք:

Դերասանք եւ դերասանուհիք, արդեօք մտքերնէդ անցա՞ծ է երբեք, որ ես ալ ձեզի արուեստակից եմ:

Դուք ձեր անձին վրայ ուրիշ անձեր կը ներկայացնէք, ես ալ Մեղուին մէջ անձեր կը ներկայացնեմ. դուք երբեմն կը խնդացնէք եւ երբեմն ալ կը լացնէք, ես միշտ կը խնդացնեմ եւ երբեմն ալ կը լացնեմ. դուք մաս գոց կ՚ը­նէք եւ դեր կը կատարէք, ես ալ մաս գոց կ՚ընեմ, եւ երբեք ականջս յուշարարի չեմ ծախեր, ինչպէս որ ձենէ ոմանք կը ծախեն երբեմն. ուրիշները խնդացուցած ատենս ես չեմ խնդար, ինչպէս որ կը խնդան ձենէ ոմանք. եւ եթէ երբեմն Մե­ղուի մէջ իմ կողմէս քահքահ մը տեսնէք, գիտցէք, որ խնդացնելու կանոն­ները պահած ըլլալու համար ստիպուած եմ խնդալու. եւ եթէ երբեմն լա՛մ չհասկնաք, որ սիրտս ելած է եւ անոր համար կու լամ, ոճիս սաստկութի՛ւն տալու համար է, որ կու լամ, ճարտասանական կանոններու համեմատ վար­ուելու համար միայն կու լամ:

Դեր կատարելու կարգը ինձի գալուն պէս վայրկեան մը չկորսնցուցած տեսարան կու գամ գործս լմնցնելուս պէս տեսարանէն կը քաշուիմ: Դուք շաբաթը երեք, չորս անգամ կը ներկայանաք, ես երկու անգամ կը ներկայա­նամ, դուք ձեր շրջանը լմնցնելնուդ պէս երկու երեք ամիս թատրոնը կը գո­ցէք եւ հանգիստ կ՚ընէք, ես շրջանս չլրացուցած` անգիտութեամբ տպագրա­կան օրինաց դէմ յօդուած մը կը հրատարակեմ, ես ալ իմ Թատրոնս կը գոցեմ:

Վարդովեա՛ն էֆենտի, ալ այսչափ իրարու նմանելնէս վերջը չեմ գար ձեզի հարցնելու` թէ շատ հանդիսականներ ունի՞ք. իմ ընթերցողացս թիւէն թատ­րոն եկողներուն թիւը կը գուշակեմ, ձեր վիճակը լաւ մը հասկնալու համար պէտք չունիմ ձեր գրպանները նայելու: Թշուառականնե՛ր, ձեռքս գրպանս խոթելուս պէս` ձեր վիճակը կը գուշակեմ եւ կը ցաւիմ:

Գրպաններնիս ալ երկուորեակներու պէս ասանկ իրարու նմանելէն ետքը, ի՞նչ պէտք ունիմ ձեզի գալ հարցնելու թէ` վհատա՞ծ էք: Ինքզինքի՛ս կը հարց­նեմ եւ կը հասկնամ, որ վհատած չե՛մ. այն ատեն ցաւս ուրախութեա՛ն կը փոխ­ուի, գրիչս կը նետեմ եւ մտքէս կ՚ըսեմ.

Ես չե՛մ վհատած, անո՛նք ալ չեն վհատած:

ՄԵՂՈՒ ԱՌ ՎՍԵՄ. ՅԱԿՈԲ ԷՖԵՆՏԻ ԿԵՕՉԷԵԱՆ

Էֆենտի՛:

Ձեր վսեմութիւնը Մեղուէ բնաւ խայթուածք ընդունած չունի կարծեմ. որովհետեւ ձեր սենեակը մեղու մը մտնելուն պէս` սպասաւորք, խոհարարք, մատակարարք եւ սպասուհիք շուտով իրենց թաշկինակովը կը զինուին եւ հա­լածական կը վանեն խեղճ կենդանին, որպէսզի ձեր վսեմութիւնը չխայթէ:

Բայց այս անգամ այդ թաշկինակները ստակ չե՛ն ըներ, խայթելո՛ւ հա­մար եկած եմ, պիտի խայթե՛մ, ճար չկայ. եւ աւելի ցաւալին այն է, որ լե­զունի՛դ պիտի խայթեմ. խայթուածքս ականջդ պիտի անցնի եւ լեզուիդ վրայ պիտի մնայ:

Էֆենտի՛, դուք սորված ըլլալով անոր ասոր ոսկիներ տալով բարեգործու­թիւններ ընել, կարծեր էք, որ ուզածնուդ իրաւունք տալով` բարեգործութիւն մը ըրած կ՚ըլլաք:

Ձեր վսեմութիւնը սխալա՛ծ է հոս, ուստի սորվեցէք, որ մեծ տարբերու­թիւն կայ ոսկիի եւ իրաւունքի մէջտեղը. ոսկին` ոսկի չունեցողին կրնայ տրուիլ, բայց իրաւունքը` իրաւունք ունեցողին միայն տրուելու է:

էֆենտի, մարգարէական հոգի՞ ունիք դուք, որ առանց երկու կողմը լսե­լու եւ դատելու կը վճռէք թէ` Մամուլ իրաւունք ունի:

Ձեզի շնորհ մը ընելու համար պահ մը կ՚ընդունիմ, որ մարգարէ մ՚էք, բայց դուք ալ ընդունեցէք, որ մարգարէներու մէջ բացառութիւն մ՚էք. որով­հետեւ ծառադ առանց մարգարէ ըլլալու կրնամ գուշակել, որ Մամուլ յան­ցաւոր է այս խնդրոյն մէջ: Մամուլին խիղճն ալ այսպէս կը վկայէ. դուք ձեր վկայութեամբ երիցս յանցաւոր էք, որովհետեւ թէ՛ Օրագիրը անպատուել կ՚ու­զէք եւ թէ՛ Մամուլին խղճին հակառակը կը խօսիք:

Կը զբօսնո՞ւք կոր, էֆենտի. անոր ասոր պատիւը ձեր զուարճութեա՞ն կը զոհէք. ըսէք, էֆենտի, շատ խնդացի՞ք, երբ Մամուլին մէջ կարդացիք, որ Օրագիր գիշերները շուներուն հետ կը պառկի, շուները Օրագրին ձեռքէն հա­ցերը յափշտակեր են, Օրագրին տղաները տունը անօթի մնացեր են: Այո, խնդացիք եւ հիմա ալ կ՚ըսէք, թէ Մամուլ իրաւունք ունի:

Գիտցէ՛ք, էֆենտի, եթէ ես ըլլայի Օրագրին տեղ, կ՚երդնում, որ յանուն արդարութեան, գրչիս ճարա՛կ կ՚ընէի ձեր անունը լրագրական աշխարհի առջեւ:

Էֆենտի, տեղւոյս անձկութիւնը կը ստիպէ զիս յաջորդ թիւերու թողուլ այս մասին միւս ըսելիքներս. ուստի հաճեցէք հիմակուհիմա ընդունիլ իմ խոնարհ խայթուածքս:

Ասանկ փափուկ պարագաներու մէջ ձեր բերանը աւելի լաւ կ՚ընէ, եթէ համադամ կերակուրներ ուտելո՛ւ զբաղի, քան թէ խօսելու:

Շո՛ւտ ըրէք, սպասաւորք, քիչ մը կա՛ւ բերէք եւ էֆենտիին լեզուին վրայ դրէք, որ խայթուածքին ուռուցքը անցնի…

ԱՌ ՎՍԵՄԱՓԱՅԼ ԱՆՈՒԱՆԱԿԻՑԴ ԻՄ ԿԵՕՉԷԵԱՆ ԷՖԵՆՏԻ

Որչափ բարեկամներ ունիք եղեր դուք, էֆենտի: Շատերէն մեղադրուեցայ` ձեր վսեմութեան երկու վսեմութեան խօսք ընելուս համար. նոյնիսկ ինձ բա­րեկամ կարծածներս վրաս յարձակեցան եւ պնդեցին, որ գրածս յետս կոչեմ, ապա թէ ոչ, ըսին, նորին վսեմութիւնը կարող է թերթդ գոցել, զքեզ բանտը դնել եւ այլն: Սովորական ժպիտովս ճամբեցի զիրենք. ըսելով թէ` կամ դուք նորին վսեմութիւնը աղէկ չէք ճանչնար կոր, կամ իմ նուաստութիւնս: Աւել­ցուցի նաեւ թէ` նորին վսեմութիւնը մեզի պէս մարդոց պէտք ունի, մեզմէ սորվելիք ունի. մինչդեռ մեզի պէս մարդիկ նորին վսեմութեան պէտք չունին: Այս ճշմարտութիւններն ըսի իրենց, բայց անոնք դարձեալ չհամոզուեցան:

Ես միայն համոզուեցայ, որ դուք շատ բարեկամներ ունիք:

Արդ, ինչո՞ւ ես բարեկամ չունենամ եւ դուք ունենաք, էֆենտի: Ի՞նչ է ասոր պատճառը:

Ասոր պատճառը դու եւ ես միայն գիտենք, եւ ես կ՚ուզեմ, որ բոլոր աշ­խա՛րհ գիտնայ, ուստի պէտք է ասոր վրայ երկարօրէն խօսիլ յաջորդ թուով:

Մնամ վսեմափայլ անուանակցիս

Վսեմափայլ անուանակիցդ

ԹԷ ԻՆՉՈՒ ԿԵՕՉԷԵԱՆ ԷՖԵՆՏԻ ՄԵՂՈՒԷՆ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄ ՈՒՆԻ

Վսեմափայլ էֆենտի:

Մոլութիւններ հարուածելու պաշտօնը վարող թերթ մը առաւել խղճի ատ­եանին ապաւինելով գրելու է` քան թէ քաղաքական ատեանին:

Քաղաքականութեան եւ բարոյականութեան մէջ անհուն տարբերութիւն կայ: Աս երկուքը հաշտ չեն եւ չպիտի կրնան ըլլալ: Քաղաքականութեան մէջ միշտ բարոյականութիւն չկայ. ինչպէս որ բարոյականութեան մէջ ալ բնաւ քաղաքականութիւն չկայ. եւ ասոր համար է, որ ինչ որ շատ անգամ կը դա­տապարտէ քաղաքականութիւնը` զայն կ՚արդարացնէ բարոյականութիւնը: Քաղաքական ատեանի մը առջեւ շատ անգամ լաւ փաստաբանող մը դիմացի­նին տկարութեամբը դատը կը վաստկի. իսկ բարոյական ատեանի մը առջեւ յանցաւոր մը միշտ կը պատժուի՝ որչափ ալ տկար, որչափ ալ անզօր ըլլայ իւր դիմացինը:

Իմ նպատակիս հասնելու համար անպատճառ խղճի ատեանը ընդունելու եմ, եւ երբ հոս կ՚արդարանամ, փոյթ չէ ինձ քաղաքական ատենի մը առջեւ դատապարտուիլս: Ես կ՚ուզեմ որ ըսեն` «անմեղ էր եւ պատժուեցաւ», եւ չեմ ուզեր որ ըսեն` «պատժապարտ էր եւ արդարացաւ»:

Այս տողերով ինքզինքս ճանչցնելէն ետքը բուն խնդրոյն դառնամ:

էֆենտի:

Ինչո՞ւ ինձմէ աւելի բարեկամներ ունիք դուք: Ո՞վ էք դուք: Ի՞նչ եմ ես: Ի՞նչ ունիք ինձմէ աւելի: Ի՞նչ ունիմ ձեզմէ պակաս:

Շնորհիւն ու անհասանելի կամօքն Աստուծոյ երկուքնիս ալ ասուն արա­րածներ ենք, որ կը խորհինք, կը խօսինք, կ՚ուտենք, կը քնանանք, կ՚արթննանք, կը ծնանինք եւ կը մեռնինք: Արդ, ինչ որ ունիս դուն` իբրեւ մարդկութեան նշան, ես ալ ունիմ. եւ թէ որ ասկէ դուրս բան մը ունիս` որուն շնորհիւը շատ բա­րեկամներ ունիս, ապա ուրեմն այն բարեկամներն քուկդ չեն, այլ անոր` զոր դուն ունիս եւ ես չունիմ (որովհետեւ բարեկամ չունիմ):

Ի՞նչ է ուրեմն այն որ ունիս` ես չունիմ:

Երկու տարեկան տղայ մ՚իսկ գիտէ ասիկա ու կ՚ըսէ.

Ոսկի՛ն:

Բայց ոսկին մարդկութեան նշան չէ՛:

Այն որ հոգի ունի` մա՛րդ է կրնանք ըսել. բայց չենք կրնար ըսել թէ` այն որ ոսկի ունի` մարդ է: Եթէ այս ըսելու կարող ըլլայինք. քսակներն ու քասաներն ալ մէյմէկ մարդ պիտի ըլլային:

Ուստի երբ ոսկին դուրս հանեն այս խնդրոյն մէջէն, բոլոր բարեկամ­ներդ ալ դուրս կ՚ելլեն եւ անոր կ՚երթան, հետեւապէս ես ու դուն միայն կը մնանք իբրեւ մարդ՝ իրարու համապատիւ եւ համազօր:

Մեր խնդիրն ալ մարդկութեա՛ն խնդիր է եւ ո՛չ ոսկիի, ուստի հրամայե­ցէք խել մը խեղճերուն եւ տգէտներուն, որ չհայհոյեն ինձի եւ մտիկ ընեն:

Էֆենտի, դուք զՄամուլ պաշտպանելով, ըսիք Արեւելեան Մամուլին.

Անօթութենէ՛ մեռիր:

Ահա ա՛յս է իմ ցաւս:

Դուք զՄամուլ պաշտպանելով Մասիսին ըսիք.

Խե՛ղճ պիտի ապրիս:

Ահա ա՛յս է իմ վիշտս:

Դուք զՄամուլ պաշտպանելով Օրագրոյ ըսիք.

Հակառակ քու աշխատութեանցդ պէտք է որ խայտառակուի՛ս:

Ահա ա՛յս է իմ վախս:

Դուք զՄամուլ պաշտպանելով, գրական ասպարէզին վրայ սնունդ հայ­թայթելու համար անօթի փորանց ձեռագիր գրելով, իրիկունը չոր հաց ուտե­լով աշխատող խմբագրաց ըսիք.

Սատկեցէ՛ք դուք:

Ահա ա՛յս է իմ մահս:

Թող հայ լրագրութիւնը մեռնի՛, թող ան ու աս յանիրաւի խայտառակուի՛, ես պիտի զբօսնո՛ւմ, ըսիք:

Ահա այս է ձե՛ր մահը:

Ահա ա՛յս է ճշմարտութիւնը:

Ալ ի՛նչ կ՚ուզէք ըրէք Մեղուին, բայց սա գիտցէ՛ք, որ Մեղուն անանկ վի­ճակ մ՚ունի, ուսկից ո՛ր վիճակին որ ենթարկուելու ըլլայ նէ` առաջինէն աւե­լի աղէկ պիտի ըլլայ:

Զգուշացէ՛ք, չարութիւն ըրած ատեննիդ բարութի՛ւն կ՚ընէք եւ ես ձենէ բարիք տեսնել չե՛մ ուզեր. միայն թէ ասանկ խնդրոց մէջ մէյ մ՚ալ խառնուելու չըլլաք նէ` լրագրութեան մեծ բարիք մը ըրած կ՚ըլլաք:

Խնդրելով որ ընդունիք իմ յարգանքս,

Մնամ ձեր վսեմութեան ինչպէս որ արժան է մնալ:

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՔ ՄԵՂՈՒԻ

Ազնուականութիւնը ժառանգական չէ: Այն մարդը, որ առանց առաքինի ըլլալու կ՚ըսէ, թէ հայրս ազնուական էր եւ ես ալ անոր համար ազնուական եմ, կը նմանի այն մարդուն, որ առանց բժշկութեան արհեստը սորվելու, կ՚ըսէ, թէ ես բժիշկ եմ, որովհետեւ հայրս բժիշկ էր:

***

Մի՛ զարմանաք, երբ տեսնէք, որ տգէտները մտիկ չեն ըներ։ Խրա­տը դեղ է, որ ականջով կ՚ուտուի, կա՞յ տղայ մը, որ դիւրութեամբ դեղ առնէ:

***

Շատ անգամ դատողութիւնը կրնայ ճշմարտութիւն մը գտնելու օգնել, բայց չկրնար ճշմարտութիւն ըլլալ, ինչքան որ լապտեր մը կրնայ կորսուած ոսկի մը գտնելու օգնել, բայց չի կրնար ոսկի ըլլալ։

***

Աւելի կ՚ուզեմ սատանայից օգնութեամբը իրաւո՛ւնքս վայելել, քան թէ հրեշտակա՛ց դասուն մէջ իրաւունքէս զրկուիլ:

***

Աւելի կը վախնամ, որ իմ ուրիշներուն վրայ ունեցած կարծիքս չփոխուի, քան թէ ուրիշներուն իմ վրայ ունեցած կարծիքը:

***

Շատերը կը զարմանան թէ` ինչո՞ւ մեր երեսփոխանութեան մէջ տգիտու­թիւնը մեծագոյն մաս կազմած է:

Այս զարմանքը խնդալս կը բերէ, մի՞թէ աղքատները միշտ մեծագոյն մաս չեն կազմեր:

***

Օրագրոյ դրամագլուխը սուտն է, ինչպէս որ մուրացկանի մը դրամագլուխն ալ բարեմաղթութիւնն է:

Ասանկները դրամագլուխնին լմնցած օրը կը սկսին միայն հարստանալ:

ԽՆԴՐՈՑ ՄԵՌԵԱԼՆ Ի ՏԵՍԼԵԱՆՆ ՄԵՂՈՒԻ

Ընթերցո՛ղ, ես ալ երազ կը տեսնեմ, եւ շիտակը հասկնալ կ՚ուզես նէ` երկու անգամ կը տեսնեմ, մէկը արթնութեանս մէջ եւ մէկալը քնոյս մէջ. միայն սա պայմանաւ, որ արթնութեանս մէջ ուզած երազներս կը տեսնեմ, այսինքն զուարթ եւ մարդս երջանիկ ընող երազներ:

Երէկ իրիկուն անկողին մտնալուս պէս` դեռ չքնացած` սկսայ երազել: Բախտը անանկ բերաւ, որ այս երազիս մէջ, չիյտեմ ինչպէս եղաւ` միլիո­նաւոր լիրաներ վաստկեցայ:

Նախ հացագործ Զաքար աղային ազգէն առնելիքը վճարեցի: Վերջը Ներ­սէսեանը կանչեցի, հազար ոսկի ալ անոր տուի. ա՛ռ աս ոսկիները, եւ Իճատիէի դպրոցին վրայէն ջնջէ քու անունդ եւ իմինս փորել տուր:

Այս գործն ալ լմնցունելէն ետքը, շիտակ Պերա ելայ: Փողոցները ցեխոտ ըլլալուն` չկրնալով մէկ կողմէն դիմացի կողմը անցնիլ, քոմիսիոնին ստակ տուի, որ Մեծ փողոցին մէջ քանի մը կամուրջ շինէ, որպէսզի մէկը կարող ըլլայ մէկ խանութէն անոր դիմացի խանութը անցնիլ։

Այս մեծագործութիւնն ընելէն ետքը, շիտակ գերեզմանատունը վազեցի, անոր շուրջը իսկոյն անառիկ բերդերուս պէս բարձր պատ մը քաշեցի: Մէջը մտայ, եկեղեցին ի հիմանէ նորոգելով` գմբէթաւոր եւ ընդարձակ եկեղեցի մը շինել տուի, եկեղեցիին դռան վրան ալ այսպէս փորագրել տուի. «Շինեցաւ ար­դեամբ Մեղուի ի թուականին տեսլեանն Մեղուի»:

Հայերը աս տեսնելնուն պէս` ինձի վազեցին. աշխարհիս մինչեւ վերջը ինձի երախտապարտ մնալու երդում ըրին: Մէկը ձեռքս կը համբուրէր, անդիէն ուրիշ մը ի ծունր իջած կը խնկարկէր զիս. ուրիշ մը ոտւըներս պլլըւած` չէր թողուր որ քալեմ, ամէնքը կու գային բալթոյիս բեշերը համբուրելու, անանկ որ, ճարս հատաւ, բալթոս հանեցի եւ ծառէ մը կախեցի, որ հոն եր­թան համբուրեն, ապսպրեցի ալ, որ համբուրելէն վերջը վրայի տիղմերն ֆրչայով մը սրբեն:

Հասարակութեան կողմէ տրուած այս երախտագիտական ցոյցերով արբ­շիռ` սկսայ թռչիլ ու վեր բարձրանալ, այնչափ բարձրացայ, որ վերջապէս գետ­նին տակը մտայ:

Քնացեր էի, եւ գէշ երազները` պանդուխտ հայու երազներն իսկ շատ տեսնելով՝ զիս մեռելոց մէջ տարած էին:

Ոսկրներու տօնավաճառին մէջ կը գտնուէի. չէի խօսիր, չէի տեսներ, մե­ռած էի:

Կմախքները զիս մեռեալ տեսնելնուն վրայ սրտմտած` ամէնը մէկէն վրաս վազեցին եւ ըսին, զարթի՛ր, եւ ըսէ՛ մեզ, մեր հանգստութիւնը խռովելո՞ւ եկար հոս, ըսէ՛, չէ նէ` հիմա զքեզ կը բզքտ… ըսելնուն չմնաց, շուտով նոր հոգի զգեցայ, չէ նէ` իրաւ պիտի բզքտէին:

Ո՜հ, ըսին ամէնքը միաբերան, հայրենիքէ աքսորեալ, լեռներու, ձորերու մէջ թափառեալ, անողոք բախտէն հալածեալ՝ թշուառ կեանք մը անցնելնէս յե­տոյ գերեզմանէ՞ն ալ պիտի աքսորուինք: Ուրեմն գերեզմանին մէջ ալ չիք հանգստութիւն հայոց համար. բայց ո՜չ, ո՜չ, եթէ կենդանի հայերը մեռեալ են, մեռեալ հայերը դեռ կենդանի են..............

Մեռելոց համար լրագրական տեսչութիւն չըլլալուն ուրիշ շատ խօս­քեր ալ ըրին, բայց մեր… մեր… մեր միտքը չմնաց:

Մեր միտքը չմնացած խօսքերը ըսելէն յետոյ` երբ բաժնուելու վրայ էին, մէկը եկաւ ասոնց մէջ կայնեցաւ: Գրպանէն եօթը ութը քսակ ոսկի հանեց. չգիտեմ, որ իմ ոսկինե՞րս գողցած էր, չէ նէ` ան ալ ինձի պէս երազ տե­սած էր:

Ոսկիները ցոյց տալով` ըսաւ իրենց, թէ որ ասոնք տալու ըլլամ նէ` դուրս կ՚ելնէ՞ք: Մէկ մասը այո՛ ըսաւ, միւս մասը` ոչ, եւ ինչպէս որ ամէն կռիւ այո էն եւ ոչ էն կ՚ելնէ` մեծ պատերազմ ծագեցաւ իրենց մէջ:

Վախէս կը դողայի:

Պատերազմի միջոցին պատկառելի մարդ մը եկաւ դրօշ ի ձեռին. դրօշին վրայ գրուած էր` կրօնքը արծաթասէր չէ. ասոր վրայ կռիւը դադրեցաւ եւ ամէնքը միաբանեցան:

Մեռեալ հայոց միաբանութեանը վրայ զգացած ուրախութենէս արթնցայ եւ տեսայ, որ` ոչ Զաքար աղան ստակը առեր է, ոչ ալ Պերայի մէջ կամուրջ շին­ուեր է. հելէ գերեզմանին շուրջը քաշած պատս եւ շինած եկեղեցիս չիյտեմ ինչպէս եղեր` անյայտ եղած են:

Թո՛ղ ըլլան, հարկաւ մօտ օրերս երազ մ՚ալ կը տեսնեմ եւ առջի շինա­ծէս աւելի հաստատ կը շինեմ:

Մի՛ խնդաք, հարուստներ, եթէ իմ երազներս ձեզի համար իրողութիւն­ներ չեն, ձեր իրողութիւններն ինձի համար երազներ են. եւ ժամանակը եթէ իրողութիւնները երազի կը դարձնէ` հարկաւ օր մ՚ալ երազները իրականու­թեան կը դարձնէ:

ԽԱՅԹՈՒԱԾՔ

Մեղու այս օրերս ապահովութեան սենեակ մը բացած է, եւ կ՚ապահովէ այն ամէն բաները, որք կորսուելու ենթակայ են:

Ուզողը կրնայ մեզ գտնել եւ ուզածը սիկուրթայ ընել:

Առ այժմ սիկուրթայի դրուածները հետեւեալներն են.

  1. 1.Պեկեանէֆենտիի փաստի կողովները:
  2. 2.Տէրոյենցպատուելիին համբաւը:
  3. 3.Մանզումէինականջները:
  4. 4.Ասիայինսկզբունքը:
  5. 5.Պտտիլշատ սիրող կնիկները:
  6. 6.Բաղնիքգացողներուն ծխախոտի տուփը:
  7. 7.Պատրիարքարանգացող եւ դռնապանին պախշիշ չտուողներուն ոտքի ամանները:
  8. 8.Շոգենաւմտնելով քնացողներուն պիլեթները:
  9. 9.Իզմիրցոց`Խորէն եպիսկոպոսին վրայ ունեցած համարումը:
  10. 10.…տին առաջնորդութեանը տակ ապրող ժողովրդեան կրօնքը:
  11. 11.ՄատմազելՄարթային փոքրիկ գլխարկը:
  12. 12.Մեղուինզուարթութիւնը:

Սիկուրթայ բռնել ուզողները չյոգնեցնելու համար մենք իրենց ոտքը պի­տի երթանք. բայց որովհետեւ չենք կրնար մեր գրասենեակէն բաժնուիլ, որո­շեցինք աղաչել Խրիստաքի էֆենտիին, որ մեզի օմնիպիւս մը տայ` որպէսզի գրասենեակնիս օմնիպիւսի մէջ դնենք եւ այնպէս պտտինք:

Այս առթիւ պարտք կը համարիմք Մեղուէն առնելիք ունեցող էֆենտինե­րուն յայտնել, որ պարապ տեղը չբարեհաճին մեր սենեակը գալ, որովհետեւ հոն չպիտի կրնան գտնել մեզի:

***

Դատապարտեալ մը առջի օրը կ՚ըսէր ինձ թէ` եթէ զոյգ մը ոտքի աման տայի իմ դատաւորիս, դատը կը վաստկէի:

Ահա ոտք մը` որ կաշառ կ՚ուտէ, ահա ոտք մը` որ իրեն կօշիկ տուողին իրաւունք կու տայ:

Սթափեցէ՛ք, ազգայինք:

***

Ով որ կարգուելու նպատակաւ աղջիկ մը տեսնել կ՚ուզէ, պէտք է որ աղջիկը տունը տեսնէ եւ ոչ թէ փողոցը:

Որովհետեւ,

Աղջիկ մը` տան մէջ նիհար` իսկ փողոցը գէր է.

Տան մէջ ամբարտաւան` փողոցը հեզ ու խոնարհ է.

Տան մէջ թուխ` փողոցը ճերմակ է.

Տան մէջ տարիքն առած` փողոցը մատղաշ է.

Տան մէջ աղքատ` փողոցը հարուստ է.

Տան մէջ սատանայ՝ փողոցը հրեշտակ է.

Տան մէջ ծոյլ` փողոցը ժիր է.

Տան մէջ թեթեւ` փողոցը ծանր է.

Տան մէջ վանողական` փողոցը քաշողական է.

Տան մէջ (մօտէն) տգեղ՝ փողոցը (հեռուանց) գեղեցիկ է:

Անոնք կրնան միայն փողոցին մէջ աղջկան մը հաւնիլ եւ հետը ամուս­նանալ՝ որոնք որ իրենց կնիկը միշտ հեռուէն տեսնել կ՚ուզեն:

Մի՛ բարկանաք, օրիո՛րդ, ձեզի այսպէս հարուածելուս համար:

Եթէ ձեր ընթացքը այսպէս շարունակէք՝ պիտի սկսիմ ակնարկութիւններ ալ ընել:

Պուալո երգիծաբանի մը համար կ՚ըսէ թէ՝ ոչ թէ միայն ծաղրած անձին անունը կու տար, այլ արուեստը, տեղն ու թաղն ալ կ՚ըսէր, որ չըլլայ թէ սխալ­մամբ ուրիշ մը հասկցուի:

***

Ինչպէս որ հարուստ մը սիրտը նեղանալուն պէս սա նարտը բերէ՛ք, կ՚ըսէ, ինչպէս որ տղայ մը ձանձրանալուն պէս խաղալիքը կ՚ուզէ` ես ալ քիչ մը ձանձրանալուս պէս կ՚ըսեմ.

Ցրուի՛չ:

Ի՞նչ կ՚ուզէք:

Սա Ասիան բեր:

***

Անցեալ շաբաթ օր Էտիրնէ երթալու համար ճամբայ ելնող շոգեկառքը ճամբուն գծէն դուրս ելեր եւ աւազին վրայ կայներ է:

Մեր քաղ. ժողովն ալ գծէն դուրս ելեր է, բայց առանց վհատելու դարձ­եալ կը քալէ. ինչէ՞ն է, որ այս շոգեկառքը կեցեր է:

Որովհետեւ շոգեկառքը գծին վրայէն քալելու համար շինուած է:

Անանկ է նէ` քաղ. ժողովն ալ գծէն դուրս քալելու համար շինուած է:

***

Զարմանալի չէ՞, որ Միսաքեան էֆենտին քսանեւհինգ տարի Բարիզ կեցած ըլլայ ու պարապ դարձած ըլլայ:

Զարմանալի չէ, որովհետեւ քաղաքը չէ, որ զմարդ կը լուսաւորէ, այլ մարդն է, որ զքաղաք կը լուսաւորէ:

***

Ասիան լրագրաց արժանիքը քննադատելով ի՞նչ սկզբունք քարոզած կ՚ըլլայ։

Սա սկզբունքը քարոզած կ՚ըլլայ՝ թէ մարդ իր չգիտցած բանին վրայ կրնայ քննադատութիւն ընել:

Ասիային այդ յօդուածը կարդացած ատենդ ի՞նչ կու գայ միտքդ։

Միտքս կու գայ այն առակը` որուն բարոյականն է թէ` Աստուա՛ծ, մի՛ մատներ զմեզ ի ձեռս յիմար դատողաց…

***

Օրագիր այս օրուան թերթին մէջ կինն էրկըն է ն զատելու սկզբունքը դատապարտող անզուգական իմաստակներուն վրայ գրած յօդուածը այսպէս կը վերջացնէ.

«Աստուած մարդուս խելքի պակասութիւն չտայ»:

Ահա մարդ մը, որ միշտ իրեն համար կ՚աղօթէ…

***

Խօսիլ մի՛ տար զիս, ընթերցող, որովհետեւ բնութեան մէջ ալ այլանդակ բաներ տեսնել սկսայ:

Ի՞նչ հարկ կայ ականջ տալ այն մարդուն` որուն խօսելու պաշտօն տուեր է բնութիւնը. ի՞նչ հարկ կայ լեզու տալ այն մարդուն` որուն լսելու պաշտօն տուեր է բնութիւնը:

Գլուխը մարդուս ջրամբարն է, որուն ծորակն է լեզուն: Ո՛վ բնութիւն, ինչո՞ւ ծորակ դրեր ես այդ ջրամբարին` որուն մէջ ջուր լեցուցած չես:

Այդ տեսակ մարդիկ կը նմանին աղբիւրի մը, որ ծորակ ունին եւ ջուր չունին: Այդ տեսակ մարդիկ ըստ իս զարդի համար ստեղծուած են, եւ կը նմա­նին հայկական այն բառերուն` որք զարդի համար միմիայն կը գործածուին պերճախօսութեան մէջ:

Ո՛վ Մանզումէ, եկո՛ւր իմ զուարճական պերճախօսութիւնս քիչ մը զար­դարելու…

***

Բարեկա՛մ, յօդուած մը գրած եմ, եւ կ՚ուզեմ Օրագրոյ խմբագրին տալ:

Գնա՛ տուր:

Ես չեմ ճանչնար զինքը, հետեւապէս իմ յօդուածս չընդունիր, անոր մէկ բարեկամին հետ երթալու եմ, որ ընդունի: Կը ճանչնա՞ս անոր բարեկամներէն մէկը, որ կարենայ յօդուածս հրատարակել տալ:

Այո, կը ճանչնամ:

Ո՞վ է։

Ստակը:

***

Մանչուկ, սա լիսթան բեր, նայինք ի՞նչ կերակուր եփեր էք այսօր:

Հրամմեցէք:

( Կարդալէն ետքը ): Աս լիսթան ալ մեր լրագիրներուն կը նմանի. Ամէն օր միեւնոյն բաները կը գրուին մէջը:

***

Երեսփոխանական ժողովին մէջ երբ ժողովրդեան կողմէ ձայն մը ելնէ` ատենապետը իսկոյն զանգակը հնչեցնելով կը յայտարարէ` թէ ժողովը պի­տի գոցեմ երբ ժողովուրդը հանդարտ չկենայ:

Ասիկա բարի սովորութիւն մ՚է, բայց ինչո՞ւ համար մեծկակ զանգակ մ՚ալ ժողովրդեան ձեռքը չեն տար, որ ան ալ միեւնոյն յայտարարութիւնը ընէ, երբ ժողովին մէջ երեսփոխանաց մէկուն կողմէ անկարգութիւն մը պատահի…

***

Գաղղիացիք ալ տղայ են, գործերնին թողած` դրօշակի խնդրով կը զբաղին:

Ամէնն ալ գրեթէ համաձայն են դրօշակ մը ունենալու մասին, բայց տա­րաձայն են այդ դրօշակի գոյնին մասին: Ոմանք կարմիր կ՚ուզեն եղեր, ոմանք ալ դեղին:

Ինչպէս որ կ՚երեւի, խնդիրը ճաշակի վրայ է. մէկուն ճաշակին ճերմակը կու գայ, միւսին ալ դեղինը: Իմին ալ ճաշակս հարցունես նէ` ես ալ կ՚ըսեմ` թէ սեւին վրայ ճերմակը աղէկ կը վայլէ, եւ կ՚առաջարկեմ, որ դրօշակին մէկ կողմն ալ իմ ըսածիս պէս ըլլայ:

Ո՛վ գաղղիացիք, այնչափ գոյներու ներկեցիք Գաղղիան, որ գոյն չմնաց, եւ հիմա գոյն մը չէք կրնար գտնել ձեր դրօշակը ներկելու…

***

Հարուստները ինչո՞ւ համար դեռ վաստկիլ կ՚ուզեն:

Օր մը Ռոչիլտին հետ մրցելու համար:

Ռոչիլտ որո՞ւ հետ մրցիլ կ՚ուզէ:

Տիեզերքին հետ:

Չըսե՞ս, որ խենդ է:

Դուն ըսիր:

***

Ստեփան էֆենտի Փափազեանը ազգասէ՞ր է:

Էջմիածին տպուած օրացոյցը բեր, մէջը նայինք, ազգասէր է նէ` հարկաւ մէջը գրուած է:

Ի՞նչ կ՚ըսես, օրացոյցին մէջ անանկ բան կը գրուի՞:

Գրես նէ` չը՞գրուիր: Մինչեւ հիմա մէկու մը ազգասէր ըլլալը անոր գործերէն կը հասկցուէր, ասկից վերջը օրացոյցէն պիտի հասկցուի:

Ատ ի՞նչ ըսել է:

Ահաւասիկ Էջմիածնայ օրացոյցին գրածը. հինգերորդ տարեդարձ օծ­ման վեհ. Գէորգ ազգասէր կաթողիկոսին:

Ո՞ւր ես, տէր Երեմիա, ո՞ւր է սխալացոյցդ:

***

Ի՞նչ են ազգային երեսփոխանները:

Մէյմէկ դերասան:

Ի՞նչ կը ներկայացնեն:

Ազգը:

Փափազեան էֆենտին ի՞նչ դեր կը կատարէ այս ներկայացման մէջ:

Չարագործի դերը:

Քննիչ յանձնաժողովի տեղեկագիրը անցեալ շաբաթ դէպի խնդրոց կարգը ուղեւորուեցաւ:

Խնդրոց կարգը ի՞նչ է:

Լաբիւրինթոս` ուսկից ներս մտնողը դուրս չկրնար ելնել:

***

Աղտեղութեամբ մածեալ եւ լրագիր անուան անարժան եղող Մամուլը իւր վերջին թիւերուն մէկուն մէջ Մեղուին համար անանկ խօսք մը կ՚ընէ` զոր հոս բառ առ բառ դնելու կ՚ամչնայինք` եթէ յիշեալ գարշահոտ թուղթին արժէքը անգամ մ՚ալ հասարակութեան ճանչցունել չուզէինք: Ահաւասիկ իր խօսքը.

Ծօ՛, սա Մեղուն արտաքնոցին ծակը նետեցէք:

Ոմանք աս կարդացած ըլլալով` կ՚ըսեն.

Ի՜նչ մեծ անպատւութիւն Մեղուին համար…

Իսկ մենք կ՚ըսենք.

Ասիկա մեծ անպատւութիւն չէ Մեղուին համար, այլ մեծ պատիւ է արտաքնոցին համար:

Արժանիքէն աւելի անձի մը կամ բանի մը տրուած պատիւն շողոքորթու­թիւն ըլլալով` Մամուլ այդ խօսքովը արտաքնոցը շողոքորթած կ՚ըլլայ: Կը յորդորենք Մամուլը, որ մէյ մ՚ալ ասանկ բան չընէ, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ յիշեալ արտաքնոցը վաղը ելնէ գոռոզանայ եւ ինքզինքը բանի մը տեղ դնէ:

Մամլոյ արդի վիճակը մեր ըսածը լիովին կը հաստատէ:

***

Հինգշաբթի օրը ըստ լատինացւոց Յիսուս ծնած ըլլալով` պորսան չբաց­ուեցաւ:

Ո ՛ ւր էր թէ Յիսուս ամէն օր ծնանէր` ի գոհութիւն բիւրաւոր ընտանեաց։

***

Աւստրիոյ մէջ պատերազմի պատրաստութիւն ըլլալ կը կարծուի, որով­հետեւ ընկերութիւն մը կազմուեր է հոն տատրակներուն նամակ բերել տանել սորվեցունելու համար:

Ըսել է թէ ամէն պատրաստութիւն տեսնուեր եւ գործը միայն տատրակ­ներու մնացեր է, եւ թէ տատրակները այս արուեստը սորվելնուն պէս՝ կռիւը պիտի սկսի:

***

Լրագրի մը մէջ կարդացի, որ այս օրերս Եւրոպայի չգիտեմ ո՞ր կողմը չորս ոտքով տղայ մը ծներ է:

Ահաւասիկ տղայ մը` որ Պոլսոյ մէջ անվախ կրնայ քալել ուզած տեղէն, որովհետեւ եթէ դիպուածով թրամուէյը անոր մէկ ոտքը կտրէ նէ` անդին երեք հատ ալ ունի եւ անոնցմով կրնայ քալել:

***

Հայրի՛կ, ի՞նչ են հարուստները:

Մեծ գողեր են, տղաս, որ պզտիկները կը կողոպտեն:

էյ, ասոնք գողցածնին որո՞ւ կու տան, որ պահէ:

Սնանկութեան:

***

Վաղը բոլոր դպրոցներուն մէջ Վարդանանց զօրավարաց առթիւ ճառեր կը կարդացուին: Այս ճառերը Վարդանանց քաջութեամբը կը սկսին ու ազգային դպրոցներուն խեղճ վիճակին վրայ ցաւելով կը վերջանան: Քանի մը տարիէ ի վեր կարդացուած ճառերուն վերջաբանը գրեթէ միշտ դպրոց է` ինչ որ ալ ըլլայ այդ ճառին վերջաբանը:

Ճառերը կարդացուելէն ետքը քաջն Վարդանայ ողբերգութիւն մը կը ներ­կայացուի: Ամէն դպրոց իրեն համար զատ ողբերգութիւն մը ունի, մէկուն մէջ կը նայիս, որ Վարդանը պատերազմին մէջ կը մեռնի, միւսին մէջ Տղմուտ գետին մէջ կը խեղդուի, մէկալին մէջ պատերազմէ դառնալէն ետքը կը մեռնի, վերջապէս ամէն մարդ ուզածին պէս կը մեռցունէ քաջն Վարդանը. եկու տես, որ քաջն Վարդան այս ողբերգութեանց մէջ ալ կը ցցունէ իւր քաջութիւնը. զինքը մեռցնող ողբերգակներուն մեծագոյն մասն ալ ինքը կը մեռցունէ…

Արդ, վաղը քաջն Վարդան կը պատերազմի ոչ թէ պարսկաց դէմ, այլ մեր ողբերգուներու դէմ, եւ ես ապահով եմ, որ քաջն Վարդան յաղթանակը պիտի տանի:

***

Բարեկենդանը ի՞նչպէս կ՚անցունէք կոր:

Այնչափ կը խմենք կոր, որ ինչպէս անցնիլը չենք կրնար կոր իմանալ:

Շատ խմելը վնասակար չէ՞:

Վնասակար է, բայց հաճոյքն ալ դժբախտաբար միշտ շատին մէջն է… չափաւորութեան մէջ հաճո՞յք կայ:

Բայց ատով ապագան կը վնասուի, պէտք է որ ապագան ալ մտքէ չհանենք:

Այնչափ նեղ վիճակի մէջ եմ, որ ներկային վրայ խորհելէն ապագային վրայ մտմտալու ժամանակ չեմ ունենար կոր: Այսօրուայ հացը ճարելու կը նա­յիմ կոր եւ վաղուան համար հոգ ընելու ատեն չեմ ունենար կոր:

Ահաւասիկ ակամայ աշակերտ Աւետարանի` որ կ՚ըսէ. «վաղուանը մի հոգար»:

***

Եղբա՛յր, դուն գրագրութի՞ւն կ՚ընես կոր եղեր:

Այո՛:

Դուն առաջ խոհարար էիր նէ:

Այո՛, խոհարար էի, բայց օր մը աղէկ կերակուր եփեր էի, տէրս հաւ­նեցաւ, խոհարարութենէ հանեց՝ սենեակը տարաւ, ամսականս աւելցուց՝ գրագիր ըրաւ:

Կրնա՞ս կոր ընել:

Չեմ կրնար կոր, առջի օրը սխալմունք մը ըրի եւ կարծեմ ճամբայ պի­տի տան…

Յանցանքը խեղճին չէ, այլ տիրոջը. կերակուրին հաւնեցաւ նէ` թո՛ղ խոհանոցի պետ ընէր եւ ամսական աւելցնէր ու հիմա ալ չճամբէր…

Ասանկ անյարմար պաշտօնաբաշխութիւնները նոր չեն, հիներուն մէջ ալ կը տեսնենք:

Նաբուգոդոնոսոր երազ մը կը տեսնէ. Դանիէլ այս երազը կը մեկնէ. Նաբուգոդոնոսոր զինքը իրեն երկրորդը կը կարգէ:

Նաբուգոդոնոսորին տեղը ես ըլլայի նէ` Դանիէլը երազագէտ կ՚անուանէի:

***

Հայրենիքին մէջ կը կարդանք, որ Պաթումի ազգայինք եկեղեցիի մը շի­նութեան ձեռնարկած ըլլալով` տեղւոյն կառավարութիւնը եկեղեցին կո­խեր է:

Կը կոխէ եա՛, տեղւոյն կառավարութենէն հրաման չառած` Աստուծոյ աղօթել ի՞նչ ըսել պիտի ըլլայ…

***

Հայրի՛կ, թատրոնի մը մէջ կատակերգութիւն մը ներկայացուած ժա­մանակը հանդիսականք խնդան նէ` ի՞նչ ըսել է:

Դերասանները ծափահարել ըսել է:

Էյ, ողբերգութիւն մը ներկայացուած ժամանակը դերասանները խնդան նէ` ա՞ն ինչ ըսել է:

***

Մարդ Աստուծոյ, ամէն գիշեր գինո՞վ պիտի գաս ասանկ:

Դուն ալ ամէն գիշեր սա խօսքը պիտի ընե՞ս:

Գինով մի՛ գար, որ չըսեմ:

Մի՛ ըսեր, որ գինով չգամ:

Տեսա՞ր, ընթերցո՛ղ, մարդը յանցանք չունի եղեր, բոլոր յանցանքը կնկանն է, որ կը բարկացնէ կոր իր էրիկը եւ գինով ըլլալուն պատճառ կ՚ըլ­լայ կոր:

Ասոր սկզբնաւորութիւնը ի՞նչպէս է արդեօք: Նախ էրիկը գինով գացեր է տէ` կնիկն ալ գինո՞վ ըսեր է, չէ նէ` նախ կնիկը կեցած տեղը գինով ըսեր է տէ` էրիկն ալ բարկացեր ու խմել սկսեր է:

***

Կար կարելու մեքենայ տեսած ու լսած էինք, բայց աղօթելու մեքենայ ո՛չ տեսած, ո՛չ ալ լսած ունէինք. այս անգամ Աւետաբերին մէջ աս ալ տեսանք։

Չեմ յիշեր, ո՛ր ժողովուրդը ընելիք աղօթքը մեքենային ընել կու տայ եղեր: Եթէ ասիկա հնարաւոր է, ի՞նչ հ արկ կայ եկեղեցի երթալու, ամէնքնիս ալ այն մեքենաներէն մէյ մէկ հատ բերել տանք, եկեղեցիին մէջը դնենք, դռները գոցենք, թո՛ղ մեր տեղը անոնք աղօթեն՝ լմննայ երթայ:

Ասկից զատ` մեզի համար շարունակ աղօթողներ ըլլան նէ` մենք ալ հան­դարտ սրտով ուզածնուս չափ կրնանք մեղք գործել, միայն թէ ձէթը մեքենա­ներէն պակաս ընելու չէ, որ աղէկ եւ շուտ բանին:

***

Ամէն թատերասէր ազգայինք գիտեն, որ մեր հայերէն ողբերգութեանց մէջ հրեշտակ մը եւ ոգի մը կայ:

Աս լմնցաւ:

Երէկ գիշեր երազիս մէջ կը տեսնէի, որ Աստուած մէկուն հոգին առ­նելու համար հրեշտակ մը կ՚ուզէր: Հրեշտակ չունինք, պատասխանեց հրեշ­տակապետը, ամէնն ալ հայոց ողբերգութեանց մէջն են:

Արթնցայ եւ ըսի.

«Անշուշտ հայ ողբերգութեանց հոգին առնելու համար…»:

Մեր ողբերգակները՝ որպէսզի ըսուի թէ այս խաղին մէջ ոգի կայ, ոգի մը կը դնեն կոր իրենց ողբերգութեանց մէջ: Ինչ օգուտ, որ հրեշտակ մ՚ալ կը դնեն կոր եւ հրեշտակը խաղին ոգին կ՚առնէ կ՚երթայ կոր…

Յատուկ Երաժշտություն
Գայանե - Օրորոցային
Արամ Խաչատրյան

Գայանե - Օրորոցային

Տանձ, դեղձ և կուժ
Տանձ, դեղձ և կուժ
Խաղա առցանց