Դանիել Վարուժան

Բանուորուհին

Պատուհանիս տակէն, ամէն առաւօտ,
Ուրուականի պէս կ'անցնիս.
Եւ կուսագեղ գըլուխիդ վրայ կ'արտասուէ
Տերեւաթափ վարդենիս։

Լուռ թաղին մեջ կը լըսեմ քայլդ, ու զարթնող
Շունն` որ վըրադ կը հաչէ՜.
Կամ կը լըսեմ քունիս մէջէն ձայնն հազիդ`
Որ ծոցդ աղուոր` կը տանջէ։

Եւ կը խորհիմ՝ թէ քընատ ես եւ նօթի.
Իրանդ հովէն կը դողայ.
Եւ կը նըստի գանգուրներուդ վըրայ, քո՛յր,
Եղեամն իբրև շափիւղայ։

Կամ մուճակներդ են պատըռտած, փողոցին
Ջուրն անոնց մէջ կը ճողփայ.
Կամ ետեւէդ շըւայտօրէն կը սուլէ
Թուրք սըրիկայ մ՛անոպայ։

Եւ կը խորհիմ՝ թէ, տան մէջ, մայրդ է հիւանդ.
Ցամքած է ձէթն ալ ճրագին.
Ու դուն կ'երթաս գործատան մէջ աշխատիլ
Լոյսին համար ու կեանքին։

Ես կը խորհի՜մ - եւ խենթի պես կը բաղձամ
Վար իջնել, քո'յր դալկադէմ,
Քո'վդ իջնել, համբուրել ձեռքըդ նիհար,
Եւ հըծծել. ― «Քեզ կը սիրեմ։» ―

Կը սիրեմ վիշտդ` որ իմ վիշտս է գերագոյն,
Կը սիրեմ կուրծքըդ քանդուած`
Որուն մէջ դեռ կը յամառի Սէրդ երգել
Արտոյտի պէս սըրարբած։

Կը սիրեմ՝ քու անօթութիւնդ ու ծարաւդ,
Եւ ոսկորներդ ուժասպառ.
Ես կը սիրեմ՝ կոյս աղիքներըդ ցամքած,
Մազերուդ սուգն` ուսէդ վար։

Եւ ես կ'ուզեմ ամփոփել քեզ սըրտի՜ս վրա
Տատրակի պէս տարագիր,
Տալ ուժըս քեզ, մըրցանակներըս փառքի,
Եւ ազգանունս անբասիր.

Կուրծքըս վահան ընել կուրծքիդ նըշաւակ,
Եւ քօղն ըլլալ պատիւիդ,
Կրանիտէ բազուկիս տակ պաշտպանել
Սեռըդ ու գեղըդ անժըպիտ։

Կ'ուզեմ քեզ տալ ինչ որ պայքարն ինձ տըւաւ,
Ինչ որ խլեցի մարտերով.
Քեզ պըսակել արիւնիս գույնն ունեցող
Յաղթանակիս վարդերով։

Միայն թէ դուն չըլլաս տըժգոյն ու քաղցած,
Արեւուն տակ չըհազաս.
Մօրըդ վերեւ չըմարի ճրագն, ու, ո՛վ քոյր,
Դուն գործատուն ա'լ չերթաս։

Յատուկ Երաժշտություն
Ճոճվող Բախ
Դավիթ Բալասանյան

Ճոճվող Բախ

Աշխատավորուհին աղբյուրի մոտ
Աշխատավորուհին աղբյուրի մոտ
Խաղա առցանց