Զահրատ

Ձուկը որ սալորենիի տերեւ մը տեսաւ

Պզտիկ ձուկը որ տերեւ մը տեսաւ
Թարմ կանաչ գարնան արեւը խմած
տերեւ չտեսաւ
Գարունը տեսաւ
Գարնան երազով ցատքեց ծովէն դուրս
Հոգեվարք ինկաւ

Ձուկը որ տերեւ տեսաւ գինովցաւ
Ես եմ

Տերեւը որ փրթաւ սալորենիէն
Երակներուն մէջ համեմն աւիշին
Արցունքի շիթ մը
Կոթունէն առկախ

Տերեւը որ փրթաւ ինկաւ հոգեվարք
Ես եմ

Ու ծաղիկներու մէջ սալորենին
Աչքը՝ արեւին աչքը՝ անձրեւին
Արեւ որպեսզի պտուղը եփի
Անրձեւ որպեսզի պտուղը լեցուի
Պտուղ որ տեւէ միշտ սալորենին

Այդ սալորենին ծաղիկներու մէջ
ես եմ

Իսկ այդ պտուղն արեւահամ
Որ բերնիդ մէջ լուռ կը հալի
Որուն կուտը պահ մը միայն կը ծծես
Կամ հողերուն կամ ծովերուն կը նետես

Օ այդ կուտը երջանիկ
Ես եմ

Յատուկ Երաժշտություն
Չինար ես
Կոմիտաս

Չինար ես

Արեւածաղիկներ, 1957
Արեւածաղիկներ, 1957
Խաղա առցանց