Բարի երկինք
Այդպէս կʼուզես քանի որ   ըսաւ   այդպէս թող ըլլայ  
Ըսի   կեցուածք չունի՞ս դուն  
Զարմացաւ   Կեցուածքն ի՞նչ է
Ես պառկուածք ունիմ լոկ
Պուտ մը երկինք որ գտնեմ
Տակը կʼանցնիմ կը պառկիմ
Կʼերազեմ երկինքիս չափ  
  Ի՞նչ ըսէի ես իրեն
Բարի երկինք մաղթեցի

