Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Զահրատ

Կաղանդի ծառ

Ծառէն ժանեակ ծառէն մանեակ ծառէն սոխակ կախեցէք
Ծառէն թելեր ծառէն ծամեր ծառէն լոյսեր կախեցէք
Ծառէն ծաղիկ ու խաղալիկ
Ծառէն պերճանք ու զարդարանք
Ծառէն խաբկանք ծառէն պատրանք ու երազանք կախեցէք

Կից մը տուէք թող փլի

Նոր ծառ մʼառէք ծառէն ձանձրոյթ կախեցէք
Ծառէն ձանձրոյթ ծառէն ձանձրոյթ ծառէն ձանձրոյթ կախեցէք

Այդքան առատ արդէն ուրիշ ի՞նչ ունիք