Զահրատ
Նախզգուշութիւն
Պատին վրայ մահազդներ կան փակցուած
Մէկը կու գայ մեռնողներուն կը նայի
Իր անունը կը փնտռէ: